«Երդիք» ծրագիրէն Ակուլ Տուկուլներու համար նոր դրուագ՝ «Ես ալ պիտի ուզէի՜»
Ծրագիրը այս շաբաթ բաժնեց Ակուլ Տուկուլներու համար նոր դրուագ մը, որ կը կոչուի «Ես ալ պիտի ուզէի՜»։
Զանազան տարիքներու ուղղուած գոյնզգոյն տեսերիզներ պատրաստող մանկական տեսերիզներու ծրագիր Երդիք, ամէն շաբաթ հաճելի եւ հետաքրքրական նիւթեր կը հրամցնեն բոլորիս։
Ծրագիրը այս շաբաթ բաժնեց Ակուլ Տուկուլներու համար նոր դրուագ մը, որ կը կոչուի «Ես ալ պիտի ուզէի՜»։
Երդիք երկու բաժին ունի։
«Ակուլ տուկուլ» որ 2-էն 6 տարեկաններուն համար՝ խաղերու, երգերու, պատմութիւններու եւ հանելուկներու փունջ մը կը ներկայացնէ ամէն շաբաթ։ Այս առիթով հայախօս կամ ոչ, երեխաները կը կարենան հաճոյքով հետեւիլ եւ մասնակցիլ իրենց ուզած ձեւով։
«Ալնիս բալնիս» որ 7-էն 12 տարեկաններուն համար՝ ամէն շաբաթ նոր հարցում մը կ՚ուղղէ, նոր նիւթ մը կ՚արծարծէ, քննադատական կեցուածք մը մշակելով եւ նոյն ատեն խաղալով եւ ստեղծելով։

