Եսայեան Մշակոյթի եւ Գրականութեան Միութիւնը 16 Յուլիս- 27 Օգոստոս թուականներու միջեւ ամառնային աշխատանոցներ կը կազմակերպէ ամէն տարիքէ մանուկներու համար։
«Ամառանոց-Աշխատանոց» խորագրեալ միջոցառումները պիտի կայանան Գնալը Կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ պարտէզը։
Եսայեան Միութեան այս նախաձեռնութեան իր աջակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ներսէսեան երգչախումբը։
Ամբողջովին արեւմտահայերէնով ընդանալիք այս աշխատութիւններու առաջինը կայացաւ 16 Յուլիս հինգշաբթի օր, ուր Լարա Սուլուօղլուի առաջնորդութեամբ մանուկները փորձեցին բնական նիւթերով ստեղծարար գործեր արտադրել։ Անոնք եկեղեցւոյ պարտէզէն հաւաքեցին զանազան տերեւներ եղեւնի խոզակներ եւ այլ իրեր, որոնցմով կազմեցին զանազան քոլաժներ։
Յաջորդ միջոցառումը կայացաւ 23 Յուլիս հինգշաբթի յետմիջօրէին, ուր այս անգամ Ժուլիանա Ճեպեճիի ցուցմունքներով արտադրուեցան բազմերանգ պայուսակներ։
30 Յուլիսի աշխատանոցը յատկացուած է տիպի տարբեր կիրարկումներու։ Այս աշխատանոցի ընթացքին մանուկները Դալար Միտոյեանի ցուցմունքներով պիտի փորձեն իւրայատուկ ձեւաւորումներ։
6 Օգոստոսի աշխատանոցի պատասխանատուն Թինա Քոփման է, որ մանուկները պիտի առաջնորդէ մտածելու, խօսելու, հարցնելու, խնդալու ծիծաղելու եւ զուարճանալու։ Այս միջոցառումը պիտի մեկնարկէ ժամը 11.00-ին։
Օգոստոսի երկրորդ աշխատանոցը, որուն գործադրողն է Նարօտ Աւճը, կը նպատակադրէ մանուկներու ձեռքերը կեղտոտելու եւ տեսնելու թէ կաւի միջոցաւ ինչեր պիտի կրնան արտադրել։ Այս աշխատանոցին համար ալ ճշդուած է 12 Օգոստոս չորեքշաբթի օրուայ յետմիջօրէն։
Յաջորդ աշխատանոցը կը միտի Եսայեան Միութեան հրապարակած «Հարկաւ» հանդէսի նոր համարի պատրաստութիւնը Վահագն Քէշիշեան եւ Վարդան Էսդուգեանի ցուցմունքներով։ 20 Օգոստոսին թուարկուած այս միջոցառումը կը մեկնարկէ ժամը 16.00-ին։ «Հարկաւ» ֆանզինի ցարդ լոյս տեսած համարները կարելի է ապահովել եկեղեցիէն կամ «Հինա» սրճարանէն։
Ամառնային միջոցառումներու վերջինը պիտի կայանայ 27 Օգոստոսի երեկոյեան Միհրան Թովմասեանի առաջնորդած պարի աշխատանոցով։
Արեւմտահայերէնով ընթացող այս միջոցառումներու շարքը կը նպատակադրէ մանուկներուն իրենց մայրենիով զուարճանալու եւ հաճելի ժամանց անցնելու տրամադրութիւն։
Ամէն տարիքէն մանուկներու ուղղուած այս աշխատանոցներու մասին աւելի լրացուցիչ տեղեկութիւն կարելի է քաղել yaz.yesayan.org. կայքէջի միջոցաւ։



