Պոլսահայ Եկեղեցական կեանքի մէջ ցնցում յառաջացուցած էր Հայր Զաքէոս Ծ. Վարդապետ Օհանեանի կարգալուծութեան խնդիրը։ Պատրիարքարանը այդ որոշումը հիմնաւորած էր վարդապետի վարքի անընդունելի ըլլալով։ Շատեր արդէն տեղեակ էին անոր ալքոլի դէմ տկարութենէն։ Սակայն որոշումի հրապարակման եղանակը վարկաբեկիչ գտնուած էր շատերու կողմէ եւ Պատրիարքարանն ալ մեղադրուած պատշաճութիւնը չյարգելով։
Նիւթը անգամ մը եւս օրակարգի եկաւ, երբ Հայր Զաքէոս Օհանեան կամ աւազանի անունով՝ Թորոս Օհանօղուլլարը Դիմատետրի նկարահանումով մը պատմեց թէ յատուկ բուժում կը ստանայ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցին մէջ եւ բուժումը աւարտելէ ետք կ՚ուզէ վերադառնալ իր կոչումին, պաշտօնին եւ հայրական տուն համարած Պատրիարքարանին։
«Պատրաստ եմ ներողութիւն խնդրելու։ Մնացեալը Կրօնական Ժողովի եւ Պատրիարք Սրբազանի գնահատումն է»։
Մենք ալ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք սիրելի վարդապետին, յուսալով թէ ամէն ինչ ալ կ՚ընդանայ իր ճակատաբաց վերադարձը ապահովելու համար։



