Մոսկուան ու Երեւանը կը կապեն յատուկ յարաբերութիւններ, որոնք հիմնուած են ընդհանուր պատմութեան եւ երկու երկիրներու ժողովուրդներու անկեղծ համակրանքին վրայ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական բանբեր Մարիա Զախարովա՝ պլոկըր Օլկա Պլակովեշչենսքայային տուած հարցազրոյցին ընթացքին։
Անոր համաձայն՝ Ռուսիա Հայաստանը կը նկատէ ոչ միայն իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն, այլեւ իբրեւ երկիր մը, որուն հետ ունի պատմական խոր արմատներ, միատեղ ծրագրեր, ընտանեկան կապեր, առեւտրական յարաբերութիւններ եւ ճակատագրերու սերտ ու փոխադարձ կապեր։
Զախարովա յատկապէս ընդգծած է, որ Մոսկուա միշտ ձգտած է սատար հանդիսանալ Երեւանին։ Ան յայտնած է, որ այս աջակցութիւնը թելադրուած է ոչ միայն աշխարհաքաղաքական շահերէն, այլեւ երկու բարեկամ ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող խոր մարդկային ու մշակութային կապերէն։



