Զինադադար Հալէպի Շէյխ մաքսուտ, Աշրաֆիէ եւ Պէնի Գէյտ թաղամասերու շուրջ
Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ, Աշրաֆիէ եւՊանի Զէյտ թաղամասերու շուրջ զինադադարի հաստատումը՝ տեղւոյն ռազմականգործողութիւնները դադրեցնելու և օրէնքի գերակայութեան ու պետական պաշտօնականհաստատութիւններու վերականգնումին համար ճամբայ հարթելու նպատակով:
Յայտարարութեան մէջ նախարարութիւնը յայտնեց. «Հալէպի մեր քաղաքացիական բնակչութեանապահովութեան մտահոգութենէն ելլելով եւ բնակելի թաղամասերու մէջ ռազմական նորսրացումներ կանխելու համար Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը յայտարարէ Հալէպի ՇէյխՄաքսուտ, Աշրաֆիէ եւ Պէնի Զէյտ թաղամասերու շուրջ հրադադար, որ կը կիրարկուի վաղառաւօտեան ժամը 3:00-էն սկսեալ»:
Նախարարութիւնը խնդրեց, որ Շէյխ Մաքսուտ, Աշրաֆիէ եւ Պէնի Զէյտ թաղամասերու զինեալխմբաւորումները լքեն տարածքը ժամը 3:00-էն սկսեալ, մինչեւ Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 9:00։ Իսկհեռացող զինեալներուն թոյլատրեց կրել միայն անձնական թեթեւ զէնքեր: Սուրիական բանակըյանձն կ՚առնէ ուղեկցիլ եւ ապահովել անոնց ապահով անցումը դէպի երկրի հիւսիսարեւելեանշրջան (Եփրատի արեւելք):
Նախարարութիւնը շեշտեց, որ այս գործընթացին նպատակն է վերջ դնել այս թաղամասերուն մէջռազմականացած իրավիճակին, ճամբայ հարթել օրէնքի գերակայութեան եւ պետականպաշտօնական հաստատութիւններու վերադարձին համար, ինչպէս նաև կարելիութիւն տալ բռնիտեղահանուած բնակիչներուն վերադառնալու իրենց բնակարանները եւ վերսկսելու իրենցբնականոն կեանքը ապահով մթնոլորտի մէջ:
Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր շահագրգիռ կողմերուն յարգել նշուած ժամկէտը՝ բոլորիապահովութեան եւ որեւէ բախում կանխելու համար: Ապա պարզեց, որ Ներքին ապահովութեանուժերը, Սուրիոյ արաբական բանակի ռազմական գործողութիւններու խորհուրդին հետհամադրաբար, պատասխանատու են այդ թաղամասերէն զինեալ խմբաւորումներու դուրսբերումըկազմակերպելու դէպի Սուրիոյ հիւսիս-արեւելք:
Գանձասար

