Սոյն թուականի (2026) Ապրիլ ամսուայ վերջին Պուլկարիոյ Վառնա քաղաք կատարած այցելութեան ընթացքին հնարաւորութիւն ունեցայ այցելելու Զօրավար Անդրանիկի տուն, որտեղ ի թիւս անոր պատկանող անձնական իրերու, լուսանկարներու եւ պատմական վաւերագրերու պահպանուած է նաեւ մինչ այժմ անտիպ հեռագիր մը, որ արժանացաւ իմ առանձնայատուկ ուշադրութեանս։ Հեռագրի յայտնաբերումը հետաքրքրական է ոչ միայն որպէս պատմական փաստաթուղթ, այլեւ որպէս Զօրավար Անդրանիկի անձնական կեանքի ուսումնասիրութեան կարեւոր աղբիւր։
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ պարոն Յարութիւն Յովսէփեանին, որու թոյլտւութեամբ սոյն անտիպ փաստաթուղթը պատիւ ունիմ ներկայացնելու հանրութեան առաջին անգամ։
1927 թուականի Յունիսի 16-ով թուագրուած այս մինչ այժմ անտիպ հեռագիրը բացառիկ վաւերագրական արժէք ունեցող նիւթ է, որ լոյս կը սփռէ Զօրավար Անդրանիկի կեանքի ամերիկեան շրջանի առօրեայ շփումներու եւ անձնական յարաբերութիւններու վրայ։ Հեռագիրը ուղղուած է անոր կնոջը՝ Նուարդ Օզանեանին, եւ ուղարկուած է Շիքակոյէն՝ Անդրանիկի հերթական ճանապարհորդութեան ընթացքին։ Կարճ, սակայն բովանդակային այս հաղորդագրութիւնը հետաքրքիր է ոչ միայն իր կենսագրական մանրամասներով, այլեւ մարդկային ջերմութեամբ։ Զօրավարը կը յայտնէ իր առողջական վիճակի, ճանապարհորդութեան ժամանակացոյցի մասին, ինչպէս նաեւ կ՚անդրադառնայ կնոջ դժգոհութեան՝ խոստանալով փոխարինել «անբաւարար» մուշտակը մէկ այլով, «որ կը բաւարարէ» անոր։ Այս դրուագը հնարաւորութիւն կու տայ տեսնել ազգային-ազատագրական պայքարի խորհրդանիշ դարձած գործչին՝ ընտանեկան եւ անձնական յարաբերութիւններու աւելի անմիջական հարթութեան մէջ։ Հեռագիրը նաեւ արժէքաւոր աղբիւր է սփիւռքահայ կեանքի, ամերիկահայ միջավայրի եւ 1920-ական թուականներու հայկական կապերու պատմութեան ուսումնասիրութեան համար։ Նման վաւերագրերը կը լրացնեն Անդրանիկի մասին ձեւաւորուած պատմական պատկերը՝ ներկայացնելով անոր ոչ միայն որպէս զօրավար, այլեւ որպէս մարդ, ամուսին եւ սփիւռքեան իրականութեան մասնակից։
Զօրավարի երկրորդ
ամուսնութիւնը. կենսագրական անդրադարձ
Անդրանիկ Զօրավարը Նուարդ Քիւրքչեանի հետ ամուսնացած է 1921 թուականին Փարիզ։ Անոր կենսագիր Անդրանիկ Չելեպեանը կը գրէ. «Հերոսին քոյրը՝ Նազելին, Վառնա, Պուլկարիա կը բնակէր։ Անդրանիկ իրեն կը գրէ, թէ կ՛ուզէ ամուսնանալ։ Նազելին իրեն կը յանձնարարէ Ֆիլիպէ, Պուլկարիա, բնակող Օր. Նուարդ Քիւրքճեանը։ Նազելին Նուարդին նկարը կը ղրկէ եղբօրը, որ կը հաւնի եւ իր հաւանութիւնը կու տայ...»։ Ամուսնութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է Փարիզ։ Պսակադրութեան «քաւորը» Պօղոս Նուպար փաշան էր։
Հեռագրի վաւերագրական
բնագիրը
Chicago, Jun 16, 1927
Mrs. M. Ozanian,
Arrived Chicago Wednesday, Nahigians’ guest. Enjoying good health. Your letter and telegram delivered to me today. Sorry the fur is unsatisfactory. Will send one that will satisfy. Leaving Tuesday night at eight ten, arriving San Francisco Friday morning at nine ten. Will wire you again the night I leave Chicago.
General Antrarik
(Շիքակօ, 16 Յունիս 1927
Տիկին Մ. Օզանեան,
Չորեքշաբթի օրը հասայ Շիքակօ, կը մնամ Նահիկեաններու հիւրը։ Առողջութիւնս լաւ է։ Ձեր նամակը եւ հեռագիրը այսօր ինծի հասցուեցան։ Կը ցաւիմ, որ մուշտակը գոհացուցիչ չէ։ Կը ղրկեմ մէկը, որ պիտի գոհացնէ զձեզ։ Երեքշաբթի գիշեր ժամը ութ եւ տաս վայրկեանին կը մեկնիմ, ուրբաթ առաւօտեան ժամը ինն եւ տաս վայրկեանին Սան Ֆրանսիսքօ կը հասնիմ։ Շիքակոյէն մեկնելու գիշերը նորէն հեռագիր պիտի ղրկեմ ձեզի։
Զօրավար Անդրանիկ
Այսպէսով՝
Զօրավար Անդրանիկի մասին պատմական գիտելիքի ձեւաւորումը երկար ժամանակ հիմնուած է հիմնականին անոր ռազմական գործունէութեան, քաղաքական դիրքորոշումներու եւ ազգային-ազատագրական շարժման շրջանակներուն ունեցած դերի վրայ։ Սակայն նմանօրինակ նորայայտ կամ մինչ այժմ անտիպ վաւերագրերը թոյլ կու տան ընդլայնել այդ պատկերացումը՝ ներմուծելով աղբիւրագիտական այնպիսի շերտեր, որոնք դուրս են աւանդական պատմագրական ուշադրութեան կեդրոնէն։ Այսպիսի վաւերագրերը կարեւոր նշանակութիւն ունին ոչ միայն Անդրանիկ Օզանեանի կենսագրութեան առանձին դրուագներու վերականգնման, այլեւ անոր մարդկային կերպարի ամբողջական ընկալման համար։ Պաշտօնական պատմագրութեան մէջ յաճախ գերակշռող ռազմական ու քաղաքական կերպարին զուգահեռ՝ նման անձնական փաստաթղթերը հնարաւորութիւն կու տան տեսնելու նաեւ ընտանիքի, առօրեայի եւ մարդկային զգացմունքներու շրջանակին ապրող Անդրանիկին։ Եւ 1927 թուականի այս անտիպ հեռագիրը, պահպանուելով Վառնայ, այսօր կը վերածուի ոչ միայն պատմական աղբիւրի, այլեւ յիշողութեան մշակոյթի արժէքաւոր մասի։ Այն մէկ անգամ եւս կը վկայէ, որ ազգային պատմութիւնը կը կառուցուի ոչ միայն մեծ իրադարձութիւններով, այլեւ նման փոքր, սակայն խորապէս մարդկային փաստերով ու ձայներով։



