Պարսկաստանի ներկայ վիճակի մասին՝
Զրոյց անանուն լրագրողի հետ
28 Դեկտեմբերին Իրանական դրամանիշի ահռելի անկումէն ետք բռնկած բողոքի ցոյցերը հետզհետէ վերածուած են իշխանափոխութիւն պահանջող զանգուածային ապստամբութեան։ Հարեւան երկրէ հասնող լուրերը մտահոգիչ են, որոնց մասին ուզեցինք լսել մեր տեղացի պաշտօնակցի վկայութիւնը։
Ան սիրով պատասխանեց մեր հարցումներուն, խնդրելով որ չհրապարակուի իր անունը։
Իբրեւ առաջին հարցում կ՚ուզեմ իմանալ Թեհրանի Ալ Ռեսուլ մզկիթի հրկիզման մասին։ Նախապէս նման դէպք պատահա՞ծ էր։
Իրանի մօտ անցեալի պատմութեան մէջ բացառութիւն մըն է այս։ Չի համապատասխանիր Իրանի հասարակութեան ընդհանուր մշակոյթին հետ։
Երկրի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Համանէյ յայտարարեց որ ապստամբներուն հանդէպ հանդուրժողութիւն պիտի չունենան եւ Իրան ետքքայլ պիտի չընէ իր սկզբունքերէն։ Ինչե՞ր են երկրի հիմնական սկզբունքները։
Քաղաքական անկախութիւն, արտաքին միջամտութիւններու մերժում, իսլամական հանրապետութեան եւ սահմանադրութեան պահպանումը, երկրի իշխանութեան մէջ կրօնի գերակայութիւնը։
Իրանի ընդհանուր դատախազ Մուհամմէտ Մուվահիտի դատախազներուն հրահանգելով պահանջեց խառնակիչներու շուտափոյթ դատավարման համար պատրաստութիւն տեսնել։ Ըստ ձեզ ովքե՞ր են խառնակիչները։
Պաշտօնական խօսոյթի համաձայն գրգռիչները, խաղաղ ցոյցի սահմանը հատողները, հասարակապատկան շէնքերը կամ իրերը վնասողները եւ անվտանգութեան ծառայութեան հետ կրուողները։ Անշուշտ բոլոր ցուցարարները այս սահմանումով նկարագրելը սխալ է։ Մենք կը տեսնենք թէ ընկերային ու տնտեսական խնդիրներու հանդէպ բողոք ունեցողներու կողքին կը հանդիպինք նաեւ առիթը շահագործող օտար դերակատարներու առկայութեան։
Իշխանութիւններու կանխամիջոցներէն մէկն ալ համացանցի եւ հեռախօսային ցանցերու խզումը եղաւ։ Այսպէսով կարելի չէ ցոյցներու եւ միջամտութիւններու մասին յստակ տեղեկութիւն քաղել։ Կը հաստատէ՞ք այս պնդումը։
Ճիշդ էք, դէպքերու մասին յստակ պատկերացում ունենալը հետզհետէ դժուարացած է։ Բայց կրնամ ըսել թէ դէպքերը վայրէ վայր լուրջ տարբերութիւններ կը ներկայացնեն։ Մասնակիցներն ալ միատարր չեն։ Ոմանք յստակ պահանջներով փողոց իջած են, ոմանք ալ բռնութիւնը հրահրելու մարմաջով։
Թրամփի յայտարարութիւնները ի՞նչ ազդեցութիւն կը գործեն։
Թրամփ սպառնացաւ ըսելով թէ եթէ պետական բռնութիւնը աւելնայ, կրնայ միջամտել։
Վերլուծական մօտեցումով մը կրնամ ըսել թէ այս ելոյթը թէ դրական եւ թէ բացասական հետեւանքներ ունեցաւ։ Ոմանք խրտչեցան օտար միջամտութենէ, իսկ ոմանք ալ յուսադրուեցան այսպէսով իշխանաբոխութեան հասնելու համար։
Տարբեր աղբիւրներ իրարու հակասող թուանշաններով կը ներկայացնեն մահացողներու եւ վիրաւորներու թիւերը։ Մէկ բան յստակ է թէ բաղդատմամբ նախորդ նման բնոյթի ցոյցերու, այս անգամ ապատովութեան ուժերն ալ մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներու ունեցան։ Թրամփի ելոյթը ալ աւելի պիտի միաւորէ Իրանի հասարակութիւնը։

