Վերջին Գիշերը (Ա)
Բազմաթիւ պատմաբաններ, բանիմաց այրեր խօսեցան, գրեցին ու վիճեցին 24 Ապրիլի մասին։ Իսկ ես, հայկական գրականութեան երկրպագու ուսուցիչ, մտքի ակամայ թափով մը ինքնաբեր, մտմտացի 23 Ապրիլ 1915-ի մասին։ 1915-ի Ապրիլին մայրաքաղաքը դեռ կը խօսէր Գատըգիւղի մէջ երկու տարի առաջ տեղի ունեցած հայկական առաջին ողիմպիական խաղերու յաջողութիւնը։ Դաշտը այդ օր ողողուած էր մարզիկներով, վայելուջ հանդիսատեսերով եւ մամուլի ներկայացուցիչներով։