Բանախօսութիւն՝ հերոսական դիմադրութեան

Քոպանիի հերոսական դիմադրութեան երրորդ ամսոյն աւարտին, ՀՏՓ կուսակցութեան երիտասարդութիւնը ասուլիս մը կազմակերպեց Պողազիչի համալսարանի մէջ։ 14 Դեկտեմբեր Կիրակի առաւօտ երիտասարդներու խուռներամ բազմութիւն մը փութացած էր ասուլիսի կայանալիք սրահը։ Երեք նիստերու ընթացքին զեկուցողները ելոյթներ ունեցան հետեւեալ խորագիրներու ներքեւ.-

Քոպանիի հերոսական դիմադրութեան երրորդ ամսոյն աւարտին, ՀՏՓ կուսակցութեան երիտասարդութիւնը ասուլիս մը կազմակերպեց Պողազիչի համալսարանի մէջ։ 14 Դեկտեմբեր Կիրակի առաւօտ երիտասարդներու խուռներամ բազմութիւն մը փութացած էր ասուլիսի կայանալիք սրահը։ Երեք նիստերու ընթացքին զեկուցողները ելոյթներ ունեցան հետեւեալ խորագիրներու ներքեւ.- 

«Քոպանիի լոյսը, դիմադրութեան օրինականութիւնը։ Միջինարեւելքի եւ Թուրքիոյ քաղաքականութեան վերատեսում»,

«Ռոժավայի մէջ կիներու պատմութեան վերակառուցումը»,

«Ռոժավայի յեղափոխութիւնը, տնտեսական եւ ընկերային կեանքը, նոր քաղաքականութեան միջոցները»։

Նախքան ասուլիսին սկսիլը, ներկաները յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցեցին սոյն համալսարանի տոքթորականի աշակերտ, Քոպանիի զօրակցութեան փութացող եւ այնտեղ նահատակուող Փարամազ Քըզըլպաշի եւ բոլոր ԵՓԿ, ԵՓԺ-ի մարտիրոսներու համար։

Ապա թերթիս աշխատակից Բագրատ Էսդուգեան ըսաւ օրուան բացման խօսքը։ Ան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ այսօր արար աշխարհ, Սպանիոյ ներքին պատերազմէն, Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին Ֆրանսական դիմադրութենէն եւ պաշարուած Ստալինկրատի հերոսական դիմադրութենէն ետք հիացումով կ՚ողջունէ Քոպանիի դիմադրութիւնը։ «Այս դիմադրութիւնը սահմանուած չէ «Իսլամ պետութիւն» կոչեալ ոճրագործներով։ Ռոժավայի յեղափոխութիւնով տոգորուած ժողովուրդ մը իր ազատ կամքով կը դիմադրէ համաշխարհային դրամապաշտութեան, անոր սնուցած այրիշխան համակարգին եւ ամէն տեսակի բռնակալութեանց դէմ։ Քանի որ այսքան լայն է անոնց պայքարի դաշտը, ուրեմն արդարութիւնը կը պահանջէ որ նոյն համեմատութեամբ հզօր ըլլայ նաեւ իրենց ուղղեալ զօրակցութիւնը։ Սա պահուն պատմութիւն մը կը կերտուի Քոպանիի մէջ եւ մենք այդ պատմութեան ժամանակակիցներս հաշուետու ենք ապագայ սերունդներու նկատմամբ» ըսաւ Բագրատ Էսդուգեան։

Բազմաթիւ լրագրողներու, ակադեմականներու եւ քաղաքական գործիչներու կողքին այս բանախօսութեան համար հրաւիրուած էր Քոպանիի խորհրդարանի համանախագահ Այշէ Էֆէնտի, որուն անունը ալեկոծեց ամբողջ դահլիճը, բանախօսութեան միջավայրը վերածելով հանրահաւաքի։

Կ՚արժէ նշել թէ ՀՏՓ-ի երիտասարդներուն այս նախաձեռնութիւնը կարելի է համարել վերջերս կայացած ամենայաջող միջոցառումներէն մին, որ թէ բովանդակութիւնով կը գոհացնէր բոլոր մասնակիցները, եւ թէ կ՚արդարացնէր իր նպատակադրած արդիւնքը։

 

Kategoriler

Հայերէն