Տարօնցին տանուտէր է Մշոյ մէջ

Հայոց հիմնած հայրենակցական միութիւնները բնականաբար կամ ինքնաբերաբար եղած են հարազատ երկրէ դուրս։ Վերջապէս անոնք կորուսեալ հայրենիքի մը կարօտով հիմնուած էին։ Բացառութիւն մը ըլլալով կը յայտնուի մշեցի հայոց հայրենակցական միութիւնը՝ «Տարօն»։

Հայոց հիմնած հայրենակցական միութիւնները բնականաբար կամ ինքնաբերաբար եղած են հարազատ երկրէ դուրս։ Վերջապէս անոնք կորուսեալ հայրենիքի մը կարօտով հիմնուած էին։ Բացառութիւն մը ըլլալով կը յայտնուի մշեցի հայոց հայրենակցական միութիւնը՝ «Տարօն»։ Նորակազմ այս միութիւնը ցարդ կը գործէր նախաձեռնող հիմնադիր կազմի վարչութեամբ։ Սակայն հիմնարկութենէ ետք անդամներու ցանկը ճոխացնող միութիւնը նախորդ շաբթու մէջ կատարեց իր անդրանիկ համագումարը։ Այսպէսով նախաձեռնարկ կազմի անունով միութեան ատենապետութիւնը վարող Հայրէտտին Արսլան ժողովականներու ձայներու մեծամասնութեամբ ընտրեալ ատենապետ դարձաւ։

Ընտրութենէ ետք ատենապետը բացատրութիւն տուաւ իրենց նախատեսած աշխատութիւններուն մասին։ Նոր կազմի մէջ փոխ ատենապետի պաշտօնին ընտրուած Ֆիքրի Գէորգ Չալըշ ալ ելոյթ մը ունենալով գնահատեց Հայրէտտին Արսլանի կատարած գործը։ «Մուշի մէջ հարիւր տարի անց հայերը կրկին ունեցան իրենց կազմակերպութիւնը։ Անշուշտ որ դժուարութիւններ եղան, բայց Արսլանի գլխաւորած կազմը յաջողեցաւ այդ բոլորը յաղթահարելու։ Աշխարհացրիւ հայութիւնը այսօր Մուշի մէջ ալ թակելու նոր դուռ մը ունի։ Մեր պարտականութիւնն է այդ դուռը միշտ բաց պահել» ըսաւ Ֆիքրի Գէորգ Չալըշ։      

Kategoriler

Հայերէն