Ոչ եւս է համ­շէ­նի ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րով ծա­նօթ ազ­գագրա­գէտ, խմբա­գիր Սեր­կէյ Վար­դա­նեանը։

Սեր­կէյ Վար­դա­նեան տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ որո­նեց համ­շէնցի­ներու մշա­կոյ­թը, պատ­մութիւ­նը եւ մա­նաւանդ բար­բա­ռը։

Վար­դա­նեանի մա­հով լռեց նաեւ իր իսկ հիմ­նած եւ եր­կար տա­րիներ խմբագ­րած «Ձայն Համ­շե­նական» պար­բե­րակա­նը։

Սեր­կէյ Վար­դա­նեան տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ որո­նեց համ­շէնցի­ներու մշա­կոյ­թը, պատ­մութիւ­նը եւ մա­նաւանդ բար­բա­ռը։ Ան այս որո­նումնե­րով ճամ­բորդեց զա­նազան եր­կիրներ, ուր մերթ իրենց կամ­քով, մերթ ալ բռնի պար­տադրան­քով բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած են համ­շէնցի­ները։ Անոնք ծա­գու­մով հա­յեր են, որ իրենց ցե­ղապե­տի՝ Հա­մամ Ամա­տու­նիի առաջ­նորդու­թեամբ հաս­տա­տուած են Սեւ Ծո­վեայ Խաչ­քար լեռ­նե­րու ստո­րոտ­նե­րը, հպա­տակե­լով Օս­մա­նեան եւ Ռու­սա­կան կայսրու­թիւննե­րուն։ Պայ­մաննե­րու բե­րու­մով մօտ երեք դա­րեր առաջ ըն­դունած են իս­լա­մադա­ւան կրօ­նը, բայց առտնի գոր­ծա­ծու­թեամբ պա­հած մայ­րե­նի լե­զուն։ Ռու­սա­կան հա­տուա­ծի մէջ բնա­կող համ­շէնցի­ներու կա­րեւոր մէկ մա­սը քրիս­տո­նեայ են։ Իսկ անոնցմէ իս­լա­մադա­ւան­նե­րը Բ. Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մի տա­րինե­րուն բռնի կեր­պով աք­սո­րուած են կեդ­րո­նական Ասիայի եր­կիրներ։

Սեր­կէյ Վար­դա­նեան համ­շէնցի­ներու բո­լոր բե­կոր­նե­րը ու­սումնա­սիրած գիտ­նա­կան մըն էր եւ այդ աշ­խա­տանքնե­րու ծի­րէն ներս այ­ցե­լած էր նաեւ Թուրքիա։ Այստեղ եւս հան­դի­պած էր համ­շէնցի­ներու, որոնց հետ շրջած էր նաեւ Խաչ­քա­րի լեռ­նա­դաշ­տե­րը։ Այս այ­ցե­լու­թիւնը առիթ ըն­ծա­յեց, որ ան մտեր­մա­նայ «Ակօս»ի անձնա­կազ­մին, յատ­կա­պէս հա­յերէն էջե­րու նախ­կին աւագ խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րով­բեանի հետ։ Իր կո­րուստով սու­գի մատ­նո­ւած են համ­շէնցիք, համ­շէ­նահա­յերը եւ «Ակօս»ի անձնակազմը։

Kategoriler

Հայերէն