Փաշինեան․ «Թուրքիան Հայաստանի համար եւ Հայաստանը Թուրքիայի համար վտանգ չէ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, 20 Յունիս Ուրբաթ օր, Նախագահ Էրտողանի հետ իր հանդիպման նախօրեակին Պոլսոյ Հայ համայնքէն ներկայացուցիչներու եւ Հայ մամուլի հետ հանդիպում ունեցաւ։

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ - ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հանդիպուման մաս կը կազմէին Թուրքիոյ հայ համայնքէն հիմնարկութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Թուրքիոյ կաթողիկ հայերու հոգեւոր առաջնորդ Գերապայծառ Գազանճեան, Հայ Բողոքական Եկեղեցւոյ քահանայ Գիրգոր Աղապալօղլու, Հայ Վաքըֆներու Միութեան նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու, ԱՔՓ Պոլսոյ պատգամաւոր Սեւան Սվաճըօղլու եւ Պոլսոյ հայ մամուլին ներկայացուցիչները։ Ռաքէլ Տինք նոյնպէս հանդիպումին մասնակիցներէն էր։

Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Թուրքիա-Հայաստան Նորմալացման Գործընթացի Ներկայացուցիչ Ռուպէն Ռուպինեան, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան եւ Սեւ Ծովու Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Պոլսոյ մշտական ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան նոյնպէս հանդիպումին ներկայ էին։ Հանդիպման Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանէն որեւէ ներկայացուցիչ ներկայ չէր։ Պոլսոյ Պեշիկթաշի Conrad հիւրանոցին մէջ կայացած հանդիպումը մօտաւորապէս երկու ժամ տեւողութիւն ունեցաւ։ Հանդիպման կը հետեւէին նաեւ թերթիս խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեան եւ հայերէն Էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանը։

Փաշինեան իր խօսքերուն սկսաւ այցելութեան եւ Նախագահ Էրտողանի հետ ունենալիք հանդիպման կարեւորութիւնը շեշտելով։ Ան երկու երկիրներու միջեւ ուղղակի երկկողմ քննարկումներու կարեւորութիւնը ընդգծեց եւ յիշեցուց թէ նորմալացման ընթացքին նախապէս երրորդ երկիրներու միջնորդութեամբ քննարկումներ տեղի ունենալը։ Փաշինեան ըսաւ որ առջեւ ունին լաւ հնարաւորութիւն մը գործընթացը առաջ տանելու համար։ Հայաստանի Վարչապետ նաեւ արտայայտեց թէ միջազգային զարգացումներու շրջանակին մէջ նմանօրինակ հանդիպում մը ունենալը կարեւոր է եւ այս շրջանակին մէջ նոր յարաբերութիւններ աճեցնելու հնարաւորութիւն կայ։

Փաշինեան ըսաւ որ Թուրքիոյ հետ նորմալացման գործընթացը սկսած ատեն իրենց մէջ «Արդեօք յաջողակ պիտի ըլլա՞յ» հարցը բարձրացած է։ Ապա շարունակեց՝ «Պէտք է ճշդութեամբ նկարագրել խնդիրները, մեր քալած ճանապարհը։ Խնդիրները լուծելու ամենակարեւոր միջոցը՝ դիմացինդ մտիկ ընելն  եւ յաջողութեան հաւատալն է»։

Գործընթացի հետ կապուած չափազանց սպասումներ չունենալու անհրաժեշտութիւնը ընդգծելով՝ Փաշինեան ըսաւ «Երեք տարի առաջ նմանօրէն շփումները իսկ չափազանց սպասում կը համարուէին»։

«Պէտք է շարունակականութիւն ապահովել» ըսող Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նախագահ Էրտողանի հրաւէրին համար։

Ան յիշեցուց որ Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի Գագաթնաժողովը 2026-ին Հայաստանին մէջ պիտի կայանայ եւ շեշտեց որ ինք նոյնպէս պիտի հրաւիրէ Էրտողանը այս գագաթնաժողովի առիթով Երեւան։

Kategoriler

Diaspora / Ermenistan