Արամին պատմութիւնը

Էօզճան Ալփէրի երրորդ ֆիլմի աշխատանքները սկսան՝ 25 Յունիսին Պաթումի մէջ։ Վրաստանի աշխատութիւնները վերջացնելէ յետոյ, ֆիլմի աշխատակազմը այժմ իր աշխատանքները կը շարունակէ Արդուինի Շաւշատ գիւղաքաղաքը։

Աշխարհի մէջ առաջին անգամ համշէնահայերէն լեզուով նկարահանած «Մոմի» (Մեծ մայրիկ) անուն քսան վայրկեաննոց վաւերագրական ժապաւէնով անունը լսելի դարձնող Հօփա-համշէնցի բեմադրիչ՝ Էօզճան Ալփէր, յետագայ տարիներուն դարձուցած «Աշուն» եւ «Ապագան երկար կը տեւէ» անուն գեղարուեստական երկարամեթրաժներով արդէն իսկ աշխարհահռչակ դարձաւ։

Վերոյիշեալ ժապաւէններով աշխարհի զանազան կինոյի կեդրոններէն բազում մրցանակներ շահած Ալփէրի երրորդ ֆիլմի աշխատանքները սկսան՝ 25 Յունիսին Պաթումի մէջ։ Վրաստանի աշխատութիւնները վերջացնելէ յետոյ, ֆիլմի աշխատակազմը այժմ իր աշխատանքները կը շարունակէ Արդուինի Շաւշատ գիւղաքաղաքին մէջ։

Նիւթը 1940-ական տարիներուն անցնող «Հովուն Յիշատակները» անուն ժապաւէնին գլխաւոր հերոսն է Արամ անուն ընդդիմադիր արուեստագէտ մը, որ ինչ-ինչ պայմաններով կը ջանայ փախչիլ Թուրքիայէն։

Վրաստանի մէջ սկսող նկարահանումները պիտի շարունակուին Պորչքայի մէջ ու լրումի հասնին Հօփա։ Ժապաւէնի գլխաւոր դերակատարներն են՝ Օնուր Սայլաք, Սոֆիա Խանդամիրովա եւ Մուսթաֆա Ուղուրլու, որոնց կ՚ընկերակցին Թուպա Պիւյիւքիւսթիւն, Էպրու Էօզքան, Մուրատ Տալթապան, Մէնտէրէս Սամանճըլար եւայն։

Ժապաւէնին պատրաստութեան կ՚օժանդակեն Թուրքիա, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Վրաստան։ Դեռ սցենարի շրջանին ժապաւէնը ընտրուած է Քաննի փառատօնին զուգահեռ կազմակերպուող L’Atelier Cinéfondation-ի կողմէ, անջատաբար, Hubert Bals, Cinemed Montpellier, Medienboard Berlin-Brandenburg-ի ալ հովանաւորութեան արժանացած է։

Հետաքրքրական է, որ նախորդ ֆիլմերուն մէջ համշէներէնի կողքին հայերէնն ու վրացերէնն ալ ատեն-ատեն օգտագործող Էօզճան Ալփէր այս ժապաւէնին մէջ ինչ լեզուներով պիտի խօսեցնէ հերոսները։

Այդ պիտի կրնանք տեսնել հազիւ գալ տարի, երբ ցուցադրութեան մտնէ «Հովուն Յիշատակները»։