27 Սեպտեմբեր Շաբաթ օր Լոզանի մէջ կազմակերպուած «Տէրսիմի Հայերու Զօրակցութեան Օր» միջոցառումը պատմութենէն դաս քաղելու համար շատ կարեւոր էր։
ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
Վերջին տարիներուն մամուլի մէջ յաճախ կը հանդիպինք մի կերպ իսլամաց(ու)ած, բայց գաղտնաբար իր նախկին ազգային ինքնութիւնը պահած հայերու մասին լրատուութիւններու։ Ասոնք աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ, բայց յատկապէս ալ Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններու, այլ խօսքով պատմական Հայաստանի տարածքին կը բնակին։ Թուրքիոյ Պատմութեան Կաճառի նախկին նախագահներէն Եուսուֆ Հալաճօղլու 2007-ի Օգոստոսին յայտարարութիւնով մը բաւական զբաղեցուցած էր օրակարգը։ Ան պնդած էր որ ալէվի քիւրտերու մեծամասնութիւնը, յատկապէս ալ Տէրսիմի ալէվիներու մեծամասնութիւնը կրօնափոխ հայեր են։ Ապա աւելցուցած էր թէ ինք ձեռքին տակ ունի 1936-37 թուականներուն գրանցուած կրօնափոխ եղած հայերու ցանկը, որ պատրաստուած է Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ։
Հալաճօղլու հաւանաբար երբեք պիտի չհրապարակէ այդ ցանկը։ Սակայն կը տեսնենք որ հոն գրանցուածները կամ անոնց մերօրեայ սերունդները իրաւասու անձէ մը եկած այս յայտարարութենէն ետք սկսած են իրենց անցեալը պրպտել։ Մինչ այդ փսփսուքներով խօսուած նիւթը, հայրերու, մեծ հայրերու իսկական անունները յանկարծակիօրէն սկսաւ բարձրաձայն արտասանուիլ։
Տէրսիմի Հայոց Միութիւնը
Եթէ համառօտ անդրադառնանք, տէրսիմցի Պօղոսի բազմաթիւ թոռներէն Սէլահատտին որոշեց իր պապերու ինքնութեան վերադառնալ։ Ան պաշտօնապէս դիմում կատարեց դատարան եւ նախ՝ անունը, ապա կրօնքը փոխեց։ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մկրտուելով ստացաւ Միհրան Փրկիչ անունը։ Իսկոյն լծուեցաւ Տէրսիմի Հայոց Հայրենակցական Միութիւնը հիմնելու դժուարին գործին։ Անհատական ջանքերով տարած այդ պայքարին արգասիքը 2013-ին յանձնեց երիտասարդ յաջորդներուն։
Այս համառօտ ծանօթութենէն ետք նշեմ որ Զուիցերիոյ ֆրանսախօս հատուածին մէջ բնակուող նախկին տէրսիմցի հայեր, իրենց ալէվի բարեկամներուն ալ զօրակցութեամբ հաւաքոյթ մը կազմակերպեցին, որուն մանրամասնութիւնները պիտի նշենք քիչ յետոյ։
Առասպելներ եւ իրողութիւն
Հայ պատմաբաններու համոզումով Հայաստանի սիրտը համարուած տարածքի մը վրայ, Խարբերդի շրջանի եւ Ծոփքի, աւելի ուշ շրջաններուն Մանանաղի, Քարիա, Զրուան տեղանուններով ծանօթ, Եփրատի ու Արածանիի միջեւ մնացած տարածքը առաջին անգամ ԺԷ. դարուն յիշուեցաւ որպէս Տէրսիմ։ Թրքական իշխանութիւններու շրջանին Տէրսիմ բառը մեկնաբանուած է որպէս «Արծաթեայ Դուռ»։ Սակայն պատմաբանները կը պատմեն այլ վարկածի մը մասին, որ կը բխի ժողովրդական առասպելէ մը եւ մինչեւ այսօր կը պատմուի տեղացիներու կողմէ։
Սոյն աւանդութեան համաձայն ԺԷ. դարու սկիզբներուն, 1604-ին, Շահ Ապպաս կ՚աւերէ Արեւմտեան Հայաստանը եւ բազմաթիւ գերավարած հայերը իր հետ կը տանի Պարսկաստանի Սպահան քաղաքը։ Նոյն շրջանին ճէլալիներն ալ կը կոտորէին եւ էդնիքական մաքրագործութեան կ՚ենթարկէին Արեւմտեան Հայաստանը։ Այսպէսով Կարին, Երզնկա, Ակն եւ Կամախ քաղաքներու շրջաններէն հայեր թողուցին իրենց պապենական հողերը եւ գաղթեցին արեւմտեան աւելի ապահով վայրեր, ինչպէս Իսթանպուլ եւ Թրակիա։
Այդ դաժան տարիներուն ճէլալիներու թալան ու կոտորածներէն փրկուելու յոյսով, ոմանք ալ կը նախընտրէին կրօնափոխ ըլլալ, փոխանակ լքելու իրենց պապենական երկիրը։ Աւանդազրոյցի համաձայն Քէշիշտաղի լանջերէն դէպի Սբնկոր եւ Չարտաքլը երկարող տարածքի տասնեակներով գիւղերու բնակիչներ իբրեւ ալէվի շարունակեցին ապրիլ իրենց հայանուն գիւղերու մէջ։
Վերին Եփրատի դաշտային տարածքի հայերու ճակատագիրը, երբ այսպէս կը ձեւաւորուէր, Պաղրին, Մնձուր, Գազանտաղը, Սուրբ Լոյս, Տուժիկ եւ այլ լեռնային շրջաններ ապաստանած հայերու ճակատագիրն ալ կապուած եղաւ ներքեւ նշուած առասպելին։
Տէր Սիմոն անուն քահանան
Լեռնաբնակ հայեր իրենց ապագան որոշելու համար կը սպասեն հոգեւոր առաջնորդ Տէր Սիմոն անուն քահանային տարածքաշրջանէն դուրս մասնակցած ժողովէն վերադարձին։ Արդարեւ երկրին վիճակը դատող Տէր Սիմոն խորհրդակցելով ժողովուրդի աւագներուն հետ, կ՚որոշէ փոխանակ թրքանալու եւ իսլամ կրօնը ընդունելու, համակերպիլ հարեւան քիւրտ ալէվիներու կրօնին։
Այս որոշումէն ետք Տէր Սիմոն կը ստանայ Սէյիտ Ալի անունը եւ կը կարգուի Քուրէշաններու օճախի աւագը՝ փիրը։ Կարճ ժամանակ յետոյ հայ եւ քիւրտ հոգեւոր առաջնորդներ որոշում կայացնելով իրեն կու տան Փիրի Փիրան տիտղոսը եւ զինք կը կոչեն ամբողջ տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդ։ Փիրի Փիրան կոչումը կարելի է նմանցնել Հայոց եկեղեցւոյ կաթողիկոսի աստիճանին, ի տարբերութիւն որ այդ տիտղոսը կը շարունակէ սերնդափոխութեամբ։ Այս մասին բոլոր փաստաթուղթերը ընտանիքի սրբութիւն կը համարուին եւ բացարձակապէս գաղտնի կը պահուին բոլոր օտարներէ։
Այսպէսով Բարձր Հայկի բարձրագոյն լեռներով շրջապատուած եւ Հայաստանին սիրտը համարուած շրջանի ժողովուրդը երկար տարիներ հեռու մնացած է վտանգներէ եւ տարածքն ալ կոչուած է Տէր Սիմոն անունով։ Այս անունը աւելի վերջ կրճատուած ու վերածուած է Տէրսիմի։