Պատկերաւոր նկարել կուզեմ

Պոլսահայոց վաստակաւոր արուեստագէտ նկարիչ եւ քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեան կը պատրաստուի 25 Հոկտեմբեր Ուրբաթ օր Գումգաբուի Մայր եկեղեցւոյ յարակից « Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Մշակոյթի Կեդրոն»ի մէջ բացուելիք իր անհատական ցուցահանդէսին։

Պոլսահայոց վաստակաւոր արուեստագէտը նկարիչ եւ քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեան կը պատրաստուի 25 Հոկտեմբեր Ուրբաթ օր Գումգաբուի Մայր եկեղեցւոյ յարակից « Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Մշակոյթի Կեդրոն»ի  մէջ բացուելիք իր անհատական ցուցահանդէսին։

Էրոլ Սարաֆեան ծնած է 1937-ին Իսթանպուլ։ Հինդլեան նախակրթարանը աւարտելէ ետք յաճախած է Կեդրոնական վարժարան։ Շրջանաւարտ է քաղաքի Գեղարուեստական ակադեմիայէն։ Մեծ հօր՝ ճարտարապետ Աւետիս Սարաֆեանէ եւ հօր՝ Յարութիւն Սարաֆեանէ ետք, Էրոլ Գեղարուեստական ակադեմիայի շրջանաւարտ երրորդ սերունդը կը կազմէ ընտանիքի մէջ։ Ան կարօտով կը յիշէ Ճէվատ Տէրէլի, Ալի Ավնի Չէլէպի, Շէրէֆ Աքտիք եւ Էտիպ Հաքքը Քէօսէօղլուի նման նկարիչներուն աշակերտած ակադեմիայի տարիները։ Հօրենական մեծ հայրը՝ նշանաւոր Բիւզանդիոն թերթի խմբագիր՝ Բիւզանդ Քէչեանն էր։ Քէչեաններու ընտանիքի բոլոր անդամներն ալ գրականութեամբ կը զբաղուէին։ Իսկ մեծ հայրը Աւետիս, Ադրիանոպոլսեցի աղքատ ընտանիքի մը զաւակ եղած է։

Սարաֆեան ակադեմիայի սկսած օրէն ցայսօր անընդհատ կը նկարէ ու կը քանդակէ։ Արտադրած անհամար իւղաներկ, ջրաներկ կամ մատիտով նկարները, թէ անհատական հաւաքածոներու մաս կը կազմեն եւ թէ եկեղեցիներու, պալատներու, դեսպանատուներու պատերը կը զարդարեն։ Նկարչութեան զուգահեռ զբաղած է քանդակագործութեամբ։ Իր կերտած Դանիէլ Վարուժանի քանդակը տեղադրուած է Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատունը։ Երգիծաբան Յակոբ Պարոնեան Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը, երջանակայիշատակ Պատրիարք Շնորհք Գալուստեան ալ Պալըքլըի Գերեզմանատան մէջ անմահացած են Սարաֆեանի քանդակներով։

Սարաֆեանի նկարներուն մէջ կ՚առանձնանայ Կոմիտաս Վարդապետի մեծահասակ կտաւը։ Ըստ իրեն, «Թէ հոգեւորական եւ թէ երաժշտագէտ էր։ Ոտքով շրջեցաւ բովանդակ Անատոլուն։ Իր մշակումները ոչ միայն հայերուն, նաեւ թուրքերուն ալ մեծ նպաստ բերաւ»։ Ու ապա աւելցուց ըսելով թէ ինքնամփոփ էր։ Փոթորիկներ կար իր մէջ եւ չէր ցոլացներ։ Ես Մոցարդին կը նմանեցնեմ զինք։ Ընդմիշտ թախծոտ էր իր հայեացքը։ Այդպիսիները հասարակութեան դուրսէն կը նային։ Կասկածամիտ են ու մտահոգ։ Ըմբոստ են նոյնաժամանակ, բայց գիտեն այդ ըմբոստութիւնը իրենց ներաշխարհին մէջ բանտարկել։ «Այսպէս են արուեստագէտները»։

Սարաֆեան հիմնականին դիմանկարներու վարպետ է։ Բայց ունի Իսթանպուլի առօրեայ կեանքը ցոլացնող ջրաներկեր ալ։ Պէյօղլուի նեղլիկ փողոցները, կապելաները, մուրացկանները, պոռնիկները…։ «Ատոնք շատ նկատի մ՚առնէք, մի ծանրանաք անոնց վրայ» կ՚ըսէ ու կ՚աւելցնէ՝ «ցանկացած նկարս չեմ կրցած ընել, վախցած եմ» կ՚ըսէ։ «Ի՞նչու» կը հարցնեմ։ «Ինչէ՞ն վախցաք»։ «Բանաստեղծութիւն արտասանեց ըսելով Հանրապետութեան Նախագահը բանտ կը նետեն այս երկրին մէջ։ Այս տարիքէս ետք բանտ նստելու նպատակ չունիմ։ Ժամանակը կը թելադրէ վերացական գործեր արտադրել։ Բայց ես պատկերաւոր նկարել կ՚ուզեմ եւ չեմ կրնար այդ ոճը թողուլ…»։