Հաճելի է շրջագայել «Ինսթեկրամ»ի վրայ, քանի իւրաքանչիւր քայլափոխին կը հանդիպիս անակնկալի մը։
Յանկարծ կը յայտնուի շատ հարազատ, շատ յայտնի դէմք մը, որ իր քնքուշ ձայնով քեզ կը տանի հին յուշերու։ Վալիա Սամվէլեանն է, որ կը կատարէ «Քոյր Իմ» երգը։
Տակաւին այդ երգի ազդեցութեան մէջ ես, երբ այս անգամ հիացումով կը դիտես ոչնչացման դատապարտուած իրի մը, երբեմն բոլորովին փտած ժանգոտուած ինքնաշարժի մը կամ ժամացոյցի մը նորոգման, ի՞նչ խօսք վերակենդանացման աշխատանքի փուլերուն։
Մերթ փիլիսոփայական վերլուծումներ, մերթ պատմական դէպքի մը մասին բացայայտումներ իրար կը յաջորդեն բջջային հեռախօսի փոքրիկ էգրանին վրայ։
Այդ անգամ հանդիպեցայ շիկահեր հայուհիի մը, որ նիւթ կ՚ունենանար Ատրպէյճանի երբեմնի համբաւաւոր երգչուհին՝ Զայնապ Խանլարովան։ Ան փոխանցելով «Այդ տարիներուն սաղ Հայաստանը երեկոյեան ժամերուն Պաքուն կը միացներ, Զայնապը լսելու համար» նախադասութիւնը կը ներկայացնէ իր առարկութիւնը։ «Ո՛չ» կ՚ըսէ շիկահեր հայուհին։ «Մենք Զայնապ լսելու համար չէինք միացներ Պաքուն, քանի որ Շերամ, Շահեն, Հաւասի կամ Սայաթ Նովա կը լսէինք»։
Այ քեզ բան շեկահեր ու կարճամիտ հայուհիս։ Միթէ մէկը լսելը արգե՞լք է միւսին։ Խոստովանիմ թէ Զայնապ Խանլարովայի երաժշտութիւնը ինծի համար ալ այդքան հաճելի չէ, որքան որ Գարա Գարաեւի, Արիֆ Մելիքեանի կամ Ուզէյր Հաճեպեքովի երաժշտութիւնը։ Դասականներու այս բաղանքէն անցնինք ժողովրդական երաժշտութեան, ո՞վ կրնայ մերժել Ռաշիդ Պայպութովի սրտախօսիկ կատարումները։ Մեր շիկահեր գեղեցկուհին իր ելոյթին փորձեց նաեւ մուղամը ռապիլի հետ նոյնացնել։ Եթէ ռապիզը քու ճաշակովդ չէ, պէտք չունիս Հայաստանի սահմաններէն դուրս նայելու։ Սկսելով Արամ Ասատրեանի թագաւորութենէն, այցելէ Երեւանի հարսնատուները եւ հոն թափէ քու մէջ աճեցուցած բոլոր նողկանքը»։
Վերջապէս այլամերժ, հետզհետէ այլատեաց նման սնամէջ ազգութիւններով մի՛ թակէք մեր դռները։
Մենք Հանդինկթնի «Քաղաքակրթութիւններու բախման շրջան»ի մասին տեսութիւնը ծիծաղով դիմաւորողներու բաղանքին կը պատկանինք, քանի որ հաւատացած ենք ժողովուրդներու բարեկամութեան սկզբունքին։
Բայց երրորդ հազարամեակի առաջին քառորդ դարը ափսոս որ արդարացուց այդ անիծեալ տեսութիւնը։ Իսկապէս ալ համաշխարհային մարդկութիւնը մանտուած կ՚երեւի միքրօազգայնականութեան անիծեալ ծուղակին։ Այս երեւոյթը կը յայտնուի մերթ հակասեմիթ լոզունգներով, մերթ գաղթականներու դէմ թշնամանքով եւ մերթ իսլամոֆոպիայով։
Անշուշտ բոլորին ետին յստակօրէն երեւցողը գաղութատիրական նկրտումներն են, քանի որ Թրամփ չի վարանիր Հորմուզի ծոցը ամերիկեան հող համարելէ։


