Ամօթ ինծի, որ մինչեւ այսօր անտեսեր եմ «ամօթ» բառը, գրի առնել՝ անոր ստուգաբանութիւնը եւ իր երես շիկացնող գրական պատմութիւնը։ Բայց, յարգելի ընթերցող, հաւատալով, թէ աւելի ամօթ է անգործութիւնը քան ուշացած աշխատանքը,- ինչպէս ըստ հին ասացուածքի՝ պայքարող մարդու համար ամօթալի չէ պարտութիւնը,- այսօր, գիշերային այս խաղաղ ժամերուն՝ համարձակ, պարզերես, անվախ, աներկիւղ եւ ճակատը բաց զրոյց ունենանք մեր ամօթի հետ, որպէսզի ծանօթանանք նաեւ հայկական ամօթին։ Ապա թէ ոչ, ի՞նչ կ’ըսէ դուռ-դրացին, ծանօթն ու անծանօթը՝ կը մնանք մեծ ամօթով։ Իսկ եթէ դուք այժմ որոշեր էք այս յօդուածի հետ բաժակ մըն ալ քաղցր գինի վայելել, կը խրատեմ չըլլալ ինծի ամօթակից՝ քանզի ըստ սիրային երգերու յայտնի քնարերգու Յովհաննէս Թլկուրանցիի՝ «Գինին մարդոյ ամօթ բերէ / Եւ ի լեզու չար արկանէ»։
Ճանաչենք ամօթը
«Ամօթ» բառը, ըստ ստուգաբան եւ բառարանագէտ այրերու, շինուած է «օթ» մասնիկով, ինչպէս «աղաչել» բայը դարձեր է «աղօթ», իսկ «ճանաչել» բայը՝ «ծանօթ»։ Ոսկեդարուն բառիս գրչութիւնն էր «ամաւթ», ունենալով 5 գիր, այդպէս ալ մնաց մինչեւ Օ տառի գալուստը 11-րդ դարուն։ Նոր ժամանակներուն, Օ տառի շնորհիւ, կարելի եղաւ չորս տառով գրի առնել «ամօթ» բառը։ Ապա եկաւ 1922 թուականը. Խորհրդային Հայաստանը որոշեց Օ տառը գործածութենէն հանել։ Այնուհետեւ բառս Հայաստանի մէջ դարձած է «ամոթ»։ Իսկ եթէ դուք կը հաճիք մտովի ճանապարհորդութիւն մը կատարել այն գեղեցիկ երկրի մէջ, որուն անունն է Հայկական Լեռնաշխարհ, ահա անոր գիւղերու, քաղաքներու մէջ դուք պիտի լսէիք զանազան ամօթներ. Ալաշկերտի մէջ՝ ամօտ, Թիֆլիս եւ Ագուլիս՝ ամութ, Գորիս՝ համութ, իսկ Արցախ՝ համօթ։ Յիշեցնեմ, թէ Թիֆլիսի, Պուլանխի, Սասունի, Սեբաստիոյ եւ Էվէրէկի մէջ սեռական գործարանը կը կոչուէր «ամօթ», ինչպէս մեծ բառարանագէտը արձանագրեց. «Ամօթդ ծածկէ», Ստեփանոս Մալխասեանց։
Առաջին ամօթս
Ափսոս, որ չենք գիտեր, թէ հեթանոս հայու համար ի՚նչ բան ամօթ էր։ Արբեցութի՞ւնն էր ամօթ։ Կը կասկածինք։ Վախկոտութի՞ւնն էր ամօթ։ Անկասկած։ Բայց յստակ գիտենք, թէ «ամօթ» բառի գրական մոլորութիւնը սկսաւ 405 թուականին։ Քրիստոնեայ հայը պէս-պէս ամօթներ կարդաց Սուրբ Գիրքի եւ այլ հոգեւոր մատեաններու մէջ։ Ահա քանի մը օրինակ. «Տէր. մի՚ յամօթ առներ զիս», «Ամօթ երեսաց իմոց ծածկեաց զիս», «Պոռնկութիւն քո յամօթ լինիցի քեզ», «Կարել զտերեւս թզենւոյն, որով ծածկել կարծէին զամօթս»։ Մենք հասկցանք, թէ մերկութիւնն էր առաջին ամօթը։ Ծածկել պէտք է զայն։ Բայց Աստուածաշունչ Մատեանը բացատրեց, նաեւ, թէ ամօթ չէ ամուսնական անկողինը. «Անկողինս ամուսնութեան... միաւորեա՚ զսոսա զուգակցութեամբ ընդ լծով վիճակի քո, որպէսզի մի՚ յայսմհետէ կոչեսցին երկու, այլ մի մարմին՝ միաւորեալ հոգւով հեզութեան. սիրել զմիմեանս պարկեշտ վարուք, անբիծ հոգւով, առանց ամօթոյ»։ Այդ օրերուն կար կարծիք նաեւ, թէ խաչն ու խաչուիլն է ամօթ։ Վարդան Այգեկցին «Արմատ հաւատոյ» գիրքի մէջ սրբագրեց այդ վախը. «Մի' ամօթ համարեսցուք զխաչն Քրիստոսի»։ Իսկ Կոմիտաս Աղցեցի կաթողիկոսը «Կնիք հաւատոյ» գիրքի մէջ մեր մայրենիին տուաւ նոր գաղափար մը. «Անամօթ բերան»։
Բազմացաւ ամօթը
Երբ բազմացան մեր ամօթները, «ամօթ» բառն ալ անոր զուգահեռ աճեցաւ եւ բարդացաւ։ Այսօր «ամօթ» բառով շինուած 50-ի չափ բարդ բառ ունինք։ Անյարմար է որ բոլորը այս յօդուածի մէջ գրի առնեմ։ Բայց, ես կ’առաջարկեմ փոքր պտոյտ մը կատարենք անոր բառաշխարհի մէջ. ԱՆԱՄՕԹ։ (Պարզերես, աներկիւղ, համարձակ, անվախ, ճակատը բաց), «Անամօթ քարոզ խաչին», 5-րդ դար, ԱՆԱՄՕԹԱԲԱՐ։ «Ուսանել անամօթաբար», 5րդ դար, ԱՆԱՄՕԹՈՒԹԻՒՆ։ «Լրբի անամօթութիւն», 5-րդ դար, ԱՄՕԹԽԱԾ։ (Գեղեցիկ ամօթով շիկացող, պարկեշտ, առաքինի), «Շնորհք ʼի վերայ շնորհաց՝ կին ամօթխած։ Նախ քան զամօթխածն ծագեսցին շնորհք», 5-րդ դար, ԱՄՕԹԱԳԵՂ։ «Ամօթագեղ ամուսնացելոցն», 6-րդ դար, ԱՄՕԹԱԼԻ։ «Ամօթալի են կեանք Հրէից ʼի մէջ պարկեշտ հեթանոսաց», 6-րդ դար, ԱՄՕԹԱՆՔ։ «Մերկ շրջեսցին, եւ երեւեսցին ամօթանք իւրեանց», 6-րդ դար, ԱՄՕԹԵՐԵՍ։ «Ամօթերես արձակել զթշնամին», 9-րդ դար, ԱՄՕԹԱԼԻՑ, «Ամօթալից ննջեցին անթլփատք», 10-րդ դար, ԱՄՕԹԱԿԱՆ։ «Փարատեա՚ ամենապարգեւ զամօթական տխրութիւնս», 10-րդ դար։ Նկատեցիք, թէ 10 դարուն, Գրիգոր Նարեկացիի համար տխրութիւնն էր ամօթ, քանզի տխուր մարդէն, ըսաւ Սուրբը, կը բացակայի յոյսը եւ հաւատքը։
Գրիչս ամօթ է
Եթէ չենք կասկածիր, թէ հայու համար ծուլութիւնն է ամօթ, ինչու, այն ժամանակ, մութ խուցերու մէջ մատեաններ արտագրած վանականները, ձեռքերը համբուրելի գրիչներ, ամէն աշխատանքի աւարտին ամօթ զգացումի մէջ այրեցան։ Անոնցմէ մէկը Տիրացու գրիչն էր։ 1270 թուականին Տիրացուն աւարտեց Վարդան Արեւելցիի «Մեկնութիւն սաղմոսաց» գիրքի ընթօրինակութիւնը, ապա վերջին մագաղաթի վրայ «Յիշատակարան» մը գրի առաւ։ Տիրացուն նախ ինքզինք կոչեց «ուղեւոր կաղ», «անարժան աշակերտ», «անարհեստ գրիչ», ապա աղաչեց որ մենք, այս գիշեր, յիշէնք իրեն, «մաքրափայլ աղօթք» կատարենք իր բազում մեղքերու քաւութեան համար, քանզի, ըսաւ Տիրացուն, իր աշխատանքն էր «լի ամօթ»։ Մէկ այլ ամօթ կը փափաքի՞ք լսել։ Ականջ տուէք գրիչ Մէլքիսէթին։ 6 Մարտ 1483 թուականին, Գուգարաց գաւառի Ուխտիք դղեակի մէջ աւարտեց Յայսմաւուրք մատեանի ընթօրինակութիւնը, ապա չափաւոր եւ յանգաւոր բանաստեղծութիւն մը գրի առաւ։ Այդ ոտանաւորի մէջ վանականս ինքզինք կոչեց «փցուն» (փտած, անպէտ, խեղճուկրակ, անպիտան, անճարակ), «բազմասխալ» եւ «ծոյլ»։ Ապա գրեց հետեւեալ տողերը. «Բազում մեղօք լցեալ հոգիս, / Իբր ի ծովու ծփեալ ալիս, / Քանզի ամօթ եմ այս կարգիս»։
Խաղալիք դարձայ
Ամօթ ինծի։ Տասը տարի աշակերտներուս ցոյց տուած եւ պատմած եմ, թէ Կեչառիսի վանքի հարաւային պատի այդ գեղեցիկ արեգակնային ժամացոյցը ինչպէս կ’աշխատի, բայց, երբեք չէի խօսած Խաչատուր Կեչառեցի վանահօր խրատները։ Միթէ՞ պէտք էր յիսուն տարեկան դառնալ այդ խօսքերու իմաստին խորանալու ապա ուրիշներուն փոխանցելու համար։ Այսօր, աներկիւղ եւ համարձակ, բացի Կեչառեցիի ժողոուածուն եւ ընթերցեցի ընտիր գրուածք մը, ուր վանականը կը խորհրդածի շահամոլութեան եւ անզգուշութեան պատճառով ամեն ինչ կորսնցնելու մասին։ Ան ըսաւ, թէ ծաղրով եւ ամօթով կը մնայ մարդը, եթէ ան մոլորեալ վարք ունի։ Այսօր այդ գեղեցիկ բանաստեղծութեան վերջին տողերով հրաժեշտ կու տամ ձեզի, խոստանալով, որ յաջորդ եօթը օրերուն խուցիս մէջ ամփոփուած՝ ամօթի յօդուած մը եւս գրի կ’առնեմ, ուր Վարուժանները, Ինտրաները, Թումանեանները, Զարդարեանները, Պէրպէրեանները, Պարոնեանները մեզի պիտի պատմեն, թէ ինչ էր ամօթը իրենց համար։ Մինչեւ այդ օրը, մնացէք պարզերես, համարձակ եւ առաքինազարդ։
Յանկարծակի յորոգայթ
(ծուղակ թակարդ) մտանիս,
Նման առաջին մարդոյն (Ադամը)
Միոյ տեղն՝ յամէնէն դու զրկիս,
Ամօթ դու քեզի բերես,
Կենդանեաց մէջն խաղք լինիս։ամօթ;




