Դո՚ւք, յարգելի ընթերցող, գիտեմ, անտարբեր չէք հայկական գրականութեան նկատմամբ։ Ամէն շաբաթ, լուսամփոփի լոյսի տակ ձեր թաւշեայ բազկաթոռին մէջ բազմած,- ո՚չ անտարբեր նաեւ բաժակ մը քաղցր, կարմիր գինիին,- կ’ընթերցէք բառի մը քնարերգութիւնը։ Զայս կը մատնեն այն բոլոր թերթերը, որոնք դուք պահած էք ձեր ոտքին տակ, կամ մի գուցէ, ոստրէով դրուագուած սուրճի սեղանիկին վրայ։ Բայց, յարգելի ընթերցող, նկատեցի, որ ես անտարբեր գտնուած եմ «անտարբեր» բառի նկատմամբ։ Չէ, սառնասիրտ չեմ, ոչ ալ զգացումէ զուրկ. վրիպում մը պարզապէս։ Եւ այս գիշեր, այս խաղաղ ժամերուն, որպէս բառերու բարեխիղճ եւ հոգատար երկրպագու, որոշեցի ուշադրութիւնս դարձնել «անտարբեր» ածականին եւ գրի առնել անոր հէքիաթը։
Ժամանակի անտարբեր ձեռքը
Ըստ հայկական մտածողութեան, ինչպէս նաեւ Պարոյր Սեւակի, Գրիգոր Զոհրապի եւ Աւետիք Իսահակեանի, անտարբերութիւնը ցանկալի չէ։ Չար շուք մըն է ան, ինչպէս 1965 թուականին Պարոյր Սեւակը ըսաւ, որ մեզ կը հետեւի որպէս թշնամի. «Անտարբերութի՜ւնը… / Ուխտեալ թշնամու պէս հետեւում է նա ինձ»։ Գրիգոր Զոհրապը ափսոսանքով նկատեց պոլսահայ կեանքի ամօթալի թերութիւն մը. «Հեռու մեզմէ այն բարոյախօսներ, որ ընկերական կարգերու ամէն կարծիքներուն դէմ անտարբեր են, միայն կնոջ մը մերկ ուսէն կամ հոլանի պարանոցէն կը շառագունին»։ Իսկ Աւետիք Իսահակեանը խոհական երկտող մը տեղադրեց «Աբու Լալա Մահարի» քերթուածի մէջ ու մեզի բացատրեց ժամանակի ոյժը չարի դէմ. «Եղկելի մարդիկ, փոշի կը դառնան ձեր վատ սրտերը, ձեր գործերը չար, / Եւ ժամանակի ձեռքը անտարբեր կը սրբէ - կ’աւլէ պիղծ հետքերը ձեր»։
Յանցագործութիւն մը
Հայ տպագրիչը բոլորովին անտարբեր չմնաց «անտարբեր» բառին։ Ըստ աշխարհի վրայ լոյս տեսած հայկական բոլոր գիրքերու ցուցակին, ան 10 անգամ երեւեր է գիրքի մը անունին վրայ։ Անոնց մէջ կարելի է տեսնել հայ-անտարբեր յարաբերութիւններու վերջին երկու հարիւր տարին. «Անտարբերութիւն Կրօնական» Երուսաղէմ, 1875, «Անտարբերութիւն. Բանաստեղծութիւնների ժողովածու», Թեհրան, 1982, եւ Երեւան լոյս տեսածներ՝ Անտարբերութիւնը հանցագործութիւն է ծնում», «Անտարբերութիւնը չարիք է», «Գովք անտարբերին ։ Թատերախաղ երեք մասից», «Ես անտարբեր չեմ։ Պլակատի մրցոյթի կատալոգ, Հայաստանի ազգային պատկերասրահ», «Անընդունելի անտարբերութիւն. Սիոնիզմը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը»։
Ինկած մօր անտարբեր
զաւակները
Օրեր եղան, անտարբերութիւնը եղաւ չարադաւ եւ վնաս տուաւ հայոց ազգին, ինչպէս նաեւ Անի քաղաքին եւ Թմբկաբերդին։ Հայ աշուղները երգեցին այդ օրերու ցաւն ու վիշտը։ 1200 երգի եւ 6000 աշուղական բանաստեղծութեան հեղինակ, իր ազգի ազատագրական պայքարի մասնակցած, հայրենասիրական արարքներու եւ ստեղծագործութիւններու պատճառով հետապնդումներու ենթարկուած, ելոյթները արգիլուած, նուագարանը բռնագրաւուած աշուղ Ճիւանին, ինչպէ՞ս անտարբեր մնար Անի մայրաքաղաքի խղճալի վիճակին։ Ճիւանին օր մը խոնարհեցաւ Անիի պատկերին առջեւ եւ յօրինեց 17 տուն ողբ՝ «Անիի ողբը»։ Երգի երկտողներէն մէկը նուիրուած է մայր քաղաքի անտարբեր որդիներուն. «Օրաւուր դառնում ես կրկին աւերակ, / Անտարբեր որդիքդ են պատճառ քո, Անի՚»։ Իսկ երբ կնոջ մը դաւով բացուեցան անառիկ Դմբկաբերդի դարպասները Շահի առջեւ, Թումանեանը ինչպէ՞ս անտարբեր մնար այդ չարութեան. «Յաղթութեան փառքով ու գինով հարբած / Քնած են բերդի եւ՚ զօրքերն, եւ՚ տէր, / Ու յաւիտեան էլ մնացին քնած, / Դաւին անտեղեակ, ցաւին անտարբեր»։ Իսկ երբ հայը ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ կ’ապրէր իր Դանթէականը՝ դաժան, սոսկալի, արհաւիրքներով ու տառապանքներով լի օրեր, Յովհաննէս Շիրազը, 1915 թուականին որբացած տղայ, ինչպէ՞ս չդատապարտէր մեծ ազգերու լուռ անտարբերութիւնը. «Ով ժանտ մարդկութիւն, վիշապ օձաքիստ, / Դահիճ լռութիւն, քած դու անտարբեր»։
Անտարբեր չմնալ վառարանին
Դուք նկատա՞ծ էք, թէ արդի հայերէնի մէջ «անտարբեր» բառը աւելի յաճախ սկսած ենք գործածել։ Այսօր համացանցը, կը հաւատա՞ք, ողողուած է սիրային տարբերութեան եւ անտարբերութեան զգայացունց խորագիրներով եւ ամուսնութիւններ փրկող «խրատներով»։ Ես համադրեցի հինգ հատը, որոնք յատկապէս ուղղուած են կանանց. «Տղամարդու անտարբերութեան նշանները», «Տղամարդու անտարբերութեան պատճառները», «10 ազդանշան այն մասին, որ նա անտարբեր չէ ձեր նկատմամբ», «10 կանացի հնարք, որը անտարբեր չի թողնի հակառակ սեռին»։ (Այդ յօդուածի թելադրած երկրորդ խրատն է՝ «Տարբերուիր միւսներէն», եօթներորդը՝ «Շատ խելացի մի ձեւացիր»)։ Իսկ մէկ այլ յօդուածը կ’ըսէ. «Երբ տղամարդը լռում է, կինը դառնում է անտարբեր»։ Այդ գրութեան հեղինակը կը խրատէ, թէ կնոջ պէտք է «արեւ» ըսել, որպէսզի ան փայլի, «սիրելի» պէտք է անուանել, որպէսզի սիրէ, եւ «նրբիկ» պէտք է կոչել, որպէսզի նրբանայ. հակառակ պարագային, կինը կը դառնայ անտարբեր։ Իսկ Յակոբ Պարոնեանը, յարգելի պարոնայք, կը քաջալերէ, որ աշխարհի բոլոր ամուսինները կրակոտ ըլլան. «Անտարբեր մարդը սիրավառ կնկան մը քով վառարանի մէջ դրուած թաց փայտի կը նմանի, որ չբռնկելէ զատ, վառարանին կրակն ալ կը մարէ»։
Անտարբեր աչքեր
Հին օրերուն ո՞վ կը հաւատար, թէ «անտարբեր» բառը քնարական քերթուածներու եւ սիրային տողիկներու ներշնչում կրնար տալ։ Եղաւ այդպէս։ Պոլսոյ մէջ։ Գեղապաշտ շրջանին։ Սիրածի անտարբերութենէ տառապած քանի մը թոքախտաւոր գրիչ «անտարբեր» ածականի հետ մտերմացաւ։ Մատթէոս Զարիֆեանը, որ նուրբ քնարերգու էր եւ իր կարճատեւ կեանքի ընթացքին տառապած էր անբուժելի թոքախտով, դժգոհեցաւ մարդու, սիրեցեալի, նոյնիսկ բնութեան անտարբերութենէ. «Յոյս-Տարակոյս. / Աշուն է. բայց այնպէ՚ս արեւն է գինով…, / Դեռ ամէն թռչուն կ’երգէ անտարբեր»։ Զարիֆեանը օր մը նամակ գրեց Ն.-ին՝ մտաբերելով նախորդ գիշերը. «Երէկ, այս ժամուն, դեռ այնքան անտարբեր էինք իրարու։ Հազիւ կը խօսէինք, գրեթէ վայրագ»։ Նոյն յուզումներու մէջ ապրեցաւ Պետրոս Դուրեանը։ Թէեւ ինքը չգործածեց «անտարբեր» բառը, բայց «Լճակ» եւ «Ի՜նչ կ’ըսեն» բանաստեղծութիւններու մէջ դատապարտեց անտարբեր միջավայրը։ Մէկ այլ զգայուն սիրտ էր Միսաք Մեծարենցը, որ նկարագրեց լուսնի լոյսի անտարբեր մէկ թելը. «Շամանդաղին մէջ՝ թել թել կ’իյնայ ջրցայտքն անտարբեր. / Լուսնի լոյսին կ’երկարին առուակի զոյգ մը թեւեր»։ Նոյն քաղաքի մէջ, այս տղաներէն եօթանասուն տարի վերջ Զահրատը երգեց մերժուած սիրոյ երգը. «Իր աչքերը Ոչ ըսին… / Խաղաղ կ՚երթար ան իր ճամբէն երբ յանկարծ / Մանիշակի մը պէս սէրս երկարեցի քայլերուն / Իր աչքերուն հաւանաբար խիճի նման երեւցայ / Կից մը տուաւ անտարբեր / Իր աչքերը Ոչ ըսին»։
Ծառայասէր օտարականը
«Անտարբեր» բառը ածական է։ Զարմանալի բան, ան երբեմն մակբայ կը դառնայ,- երբ փողոցները կը քալես անտարբեր։ Այդ պատկերն էր, որ Եղիշէ Չարենցը նկարագրեց «Գիւմրի» բանաստեղծութեան մէջ. «Դու մի օր կ’անցնես այստեղից։ / Կ’ուղեկցէ քեզ երգը զուռնայի։ / Ու Գիւմրին, գորշ ու դեղին, / Անտարբեր, մռայլ կը նայի։ / Դու կ’անցնես հարբած ու անտարբեր, / Քայլերով տարտամ, անիմաստ»։ (Յարգելի ընթերցող, կարելի՞ է անտարբեր մնալ Չարենցին… Ո՚չ։ Վահրամ Փափազեանն ալ մեզի նման կը մտածէր. «Չարենցն այն երեւոյթներից է, որոնց մօտից անտարբեր անցնելը նախ մեղք է, եւ յետոյ, վերջապէս, հանցանք»։) Իսկ ի՞նչ է անտարբերութեան արմատը։ Մեր մայրենիին 6րդ դարուն մտած յունական διαφόρως (դիաֆորոս), «տարբեր» բառը։ Ան պատճենում մըն է, այսինքն շինուած է յունականի նմանողութեանբ՝ տար + բերեմ, դասական յունարէնի δια-φέρω (dia-phérō) բառերու օրինակով։ Շնորհակալ ենք այդ անծանօթ գրիչին, որ յօրինեց այս բառերը եւ բարիք մը շնորհեց մեր մայրենիին։ Այդ բարիքէն օգտուեցաւ նաեւ հայկական երգարուեստը։ Տասնամեակ մը առաջ Սիրուշօն էր, որ Սրբուհի Ստամբոլցեանի խօսքերով յօրինեց «Անտարբեր աշխարհ» երգը։
Այժմ, ձեզի հրաժեշտ կու տամ այդ հոգեպարոյր երգով։ Իսկ յաջորդ յօդուածի մէջ կը խոստանամ ձեզի բերել մէկ այլ հէքիաթ՝ «յասմիկ» բառի բուրումնալից պատմութիւնը, որպէսզի վարդերու, մեխակներու եւ այլ ծաղիկներու մէջ այդ համեստ գեղեցկութիւնը չկարծէ, թէ անտարբեր պիտի մնայի անոր հանդէպ։√




