Լուսաւոր խորութիւնը
Դժուար է անդունդի խորութիւնները իջնել եւ անոր նկարագրութիւնը գրի առնել։ Համարձակութիւն կը ահանջէ այդ անծանօթ տարածութիւնը խարխափել, որ զուրկ է լոյսէ եւ կենդանութենէ։ Աւելի սարսափելին, անդունդի մէջ կը բացակայի նաեւ… յոյսը։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ Հայաստանի եւ իր մտերիմ երկիրներու միջեւ նախկին բարի յարաբերութիւնները կը խզուին լայնացող անդունդներով, երբ թուային աշխարհի մէջ մարդոց միջեւ անդունդներ կը գոյանան, եւ քաղաքներու մէջ դրացիութիւն կոչուած գաղափարը արդէն անդնդախոր գիծերով ճեղքուած է՝ ես կ’առաջարկեմ, որ մենք, այս գիշեր, ըլլանք աներկիւղ, երկար առասան մը արձակենք վար, հեռալոյս մը մեր մէջքին կապած իջնենք հայկական գրականութեան անդունդները եւ յայտնաբերենք «անդունդ» բառի լուսաւոր պատմութիւնը։
Գոհարատուփ մը մութի մէջ
Արդեօք անդունդի մութ տարածութեան յատակը կա՞ն քնարական փայլուն գոհարներ։ Արդեօ՞ք հայկական «անդունդ» բառը, հակառակ ընդհանրացած կարծիքին, լուսաւոր տեղ մըն է։ Արդեօ՞ք սրամիտ թոքախտաւոր քերթողներ, Դուրեան մը, Զարիֆեան մը, Տէրեան մը դար մը առաջ հոն մեզի համար ձգեր են շողշողուն տողիկներ… Այժմ, սուզուինք «անդունդ» բառի ընդերքը, գտնենք այդ թանկագին կտորները, զամբիւղի մը մէջ լեցնենք բոլորը, ապա անհոգ, սուլելով, երգով ու ծիծաղով վեր ելլենք։ Սակայն, չըլլայ, թէ մեզի հակառակը պատահի, այլապէս կը մնանք խոր անդունդի յատակը տրտում եւ տխուր։ Բայց, ես յոյս ունիմ, որ մենք նոյն պարանը բռնած կարենանք աշխարհի երեսը ելլել, կրկին արեւը տեսնել ու այս արկածախնդրութիւնը բոլորին պատմել։
Անդունդին ծայրը
Անդունդին բերանն եմ։ Հոն պատահական այցելուներու համար ցուցանակ մը դրուած է, հակիրճ նկարագրութիւն մը. «ԱՆԴՈՒՆԴ»։ կազմուած է ան- բացասական մասնիկով եւ «դունդ»՝ յատակ բառով։ Կազմութիւնը նման է յունարէն՝ ά-βυσσος (ա-վիսսոս) կամ գերմաներէն՝ ab-grund բառերուն, որոնք կը նշանակնեն «անյատակ»։ Ցուցանակի վրայ կը գրէ նաեւ. «ԶԳՈՅՇ», քանզի բառս բախաբերական իմաստ ալ ունի՝ հոգեկան ծանր ճգնաժամ, յուսալքուած մարդու բնակավայր, մշտնջենաւոր տառապանք։
Առաջին գտածոները
Ահա անդունդի յատակն ենք։ Ուղիղ բռնեցէք ձեր հեռալոյսը ու դուք կը տեսնէք ձիր ու ցան բառեր քարերուն տակ, պատերուն մէջ։ Այդ շողացող կաթիլները, որոնք մարգարիտի կը նմանին, ո՞վ բերեր, ձգեր է հոն։ Չենք գիտեր։ Ահա այդ գոհարները. անդնդաբնակ, անդնդագոռ, անդնդալից, անդնդախոր, անդնդածին, անդնդակորոյս, անդնդակուլ, անդնդաձայն, անդնդամերձ, անդնդասոյզ, անդնդափոս… Ձեր զամբիւղը լեցուցէք, այնքան որքան կրնաք շալկել եւ դուրս հանել։
Նաւը անդունդի տակին
Խոր ձոր մըն է հայոց անդունդը, ուր թագնուած է հին հայկական մատենագրութեան գանձարանը։ Այդ մամռապատ գոհարատուփը իր մէջ կը պարունակէ զարմանալի եւ առեղծուածային արտայայտութիւններ։ Ահա ափ մը ընտիր գոհար. «Խաւար ի վերայ անդնդոց», «Աղբիւրք անդնդոց», «Անդնդալից ծով»։ Հայոց անդունդը, ձեզ կը զգուշացնեմ սարսափելի է եւ վտանգաւոր. թող մեր ոտքի տակին չյայտնուի «Կոկորդիլոսն անդնդային», չտեսնենք «Վիշապն անդնդային», չհանդիպինք «Անծայր անդունդս անօրէնութեան», չմտնենք «Անդունդ չարեաց», չշօշափենք «Զխաւարն անդնդակուլ», չողբանք՝ «Անկեալ ʼի վիհ գարշութեան մեղաց՝ անդնդականաց ապականութեանց», չիյնանք «Ի խորս մեղաց անդնդային», չկրենք «Անդնդային տանջանք», չըսենք «Յանդունդս տառապեցայ», չափսոսանք «Երբեմն էի վերնային, եւ այժմ անդնդային» եւ չպատահի որ մեր նաւակը հանդիպի «Անդնդային մոլեգին ալեացն», ջախջախուի մարմինս, կործանուի կայմը, առագաստը պատռի, բեկանի կազմը, դիտարանը խոնարհի, խորտակուի կողը, տախտակաշարքը բեկը բեկուի, եւ բեկորները աննպատակ տատանուին ծփացող ջուրի վրայ։ Բայց մենք, փոխանակ մեր ձեռքը ծնօտին դրած արտասուելու, վառենք յոյսի ջահ մը ու քանի մը քայլ յառաջ երթանք։
Անդունդի մէջ լոյս ես դուն
«Անդունդ» բառը իր գրական գագաթնակէտին հասաւ 11-րդ դարուն, երբ Գրիգոր Նարեկացին նոր քնարական շունչ բերաւ անոր։ Նարեկացիի համար անդունդը մեղքերու հաւաքատեղի մըն էր, թշուառ մարդու հոգեկան կործանման վերջնակայանը, վտանգաւոր, քարշելի եւ ապականած տեղ մը, ուրկէ միայն ու միայն բարի, գթասիրտ եւ ողորմած Յիսուս Քրիստոսի օգնութեամբ կարելի էր փրկուիլ։ Սուրբը իր Մատեանի մէջ աղաչեց, որ Փրկիչը տեսնէ մեր տագնապը, ակնարկէ բեկութեան, ականջ տայ ողորմագին հեղութեան, լսէ անմռնչելի հառաչանքներս եւ հասնի օգնութեան. «Տէր գթութեանց, աղբիւր ողորմութեանց, պարգեւք բարութեանց, որդի բարձրելոյ, / Տէր Յիսուս Քրիստոս, / ողորմեա՚, խնայեա՚, մարդասիրեա՚, շօշափեա՚ բժշկապէս զամենաթշուառ ախտաւորութիւնս… / Լուր (լսէ) ի խորոցն անդնդոց մահուն գերեզմանիե։ Բանաստեղծը նաեւ խնդրեց, որ Տէր Աստուած մեզ գազաններու ժանիքէն եւ վիշապներու ատամներէն փրկէ՝ լոյս պարգեւէ խոր անդունդներուն. «Դու ես Տէր, դու գթած, դու բարերար,..., / Քաւել, փրկել, կենագործել, լուսաւորել, վերստին հաստատել, / Ի խորոց անդնդոց ի լոյս բերկրութեան ածել»։
«Անդունդա կիթթի»
Եղան օրեր, «անդունդ» բառը հասաւ մեր լեզուի պայծառ բարձրութիւններուն։ Հայկական բնաշխարհի մէջ ան պատկերալից արտայայտութիւններու նիւթ դարձաւ։ Էնկիւրիւ (Անգարա) քաղաքի թրքախօս հայերու համար «անդունդ» բառը կը նշանակէր նեղ ու մութ տեղ։ Բառս Ագուլիսի մէջ «անդունտք» էր, Մշոյ մէջ «յանդունտ», Ալաշկերտի մէջ «յանտուտ», Թիֆլիսի մէջ «անդութկ»։ Երթանք Ատանա։ Քաղաքի կեդրոնական շուկայի մէջ, սրճարանի մը առջեւ խումբ մը թրքախօս այրեր թուղթ կը խաղան։ Խաղի աւարտին դուք յանկարծ կը լսէք «antunta gitti» արտայայտութիւնը (անդունդա կիթթի), որ կը նշանակէ՝ յաղթուեցաւ, պարտուեցաւ։ Իսկ որպէս բարեխիղճ այցելու մտածեցի, որ երկու բառ ալ ես յօրինեմ, խճաքարի մը վրայ գրեմ, յուսալով որ ապագայ ընթերցասէրը սայթաքի եւ քրքջալիր ուրախանայ, որ գիւտ մը կատարած է։ Այդ բառերէն առաջինը «անդնդազրաւ» է՝ անդունդի մէջ մահացած, ինչպէս «բքազրաւ» բառը, իսկ միւսը «անդնդամոյն»՝ անդունդի մէջ խեղդուած, ինչպէս՝ «ծովամոյն» ածականը։
Աչքերու մութ անդունդը
Ո՞վ կը մտածէ անդունդի մէջ պահ մը նստիլ եւ գիրք կարդալ։ Եթէ այդ է ձեր փափաքը, ես կ’առաջարկեմ, որ դուք ընթերցէք նախորդ դարու գեղապաշտ բանաստեղծներու ժողոուածուները։ Այդ գիրքերու մէջ դուք, յարգելի ընթերցող, կը գտնէք սիրոյ եւ տառապանքի կրքոտ վերիվայրումներ։ Թումանեանի համար անդունդը սիրոյ հականիշն էր. «Մենք այժմ բաժանուած ենք / Ատելութեան անդնդով»։ Թումանեանի համար անդունդը նաեւ մահ կը բուրէր. «Դու մի՜ հաւատա ժպտուն աչքերին. / Շատ անգամ նրանք ծաղիկներ են վառ, / Բուսած կորստեան անդունդի ծայրին»։ Ըստ Թումանեանի, ի՞նչ էր մահը. «Վարդերով ծածկած կորստեան անդունդ»։ Իսկ օր մը բանաստեղծը ուղիղ նայեցաւ իր հայրենի լեռներուն եւ համոզուեցաւ, թէ իր թախիծը աւելի խոր էր քանի Լոռիի անդունդները. «Ձեր անդունդներով եկէք չափուեցէ՚ք, / Դուք է՞լ էք, տեսնեմ, էնքան մեծ ու խոր, / Ինչքան իմ հոգու թախիծն ահաւոր»։ Նոյն օրերուն Կովկասի մէկ այլ բանաստեղծ, սիրավառ Վահան Տէրեանը փափաքեցաւ իր սիրածի աչքերու անդունդի մէջ անհետանալ. «Թոյլ տուր սուզուեմ քո աչքերի անդունդը մութ»։ Կապոյտ էին այդ աչքերը։ Իր «Մթնշաղի անուրջներ» ժողոուածուի մէջ Տէրեանը, 23 տարեկան տղայ, լոյսի եւ մութի բառախաղով նկարագրեց անյոյս սէրը։ «Դու անմութ աշխարհում ես ապրում…, Քո սրտում արեւներ են վառւում…, Մոռացայ ուղիներս պայծառ…, Ես ընկայ անդունդները խաւար»։ Վերջաբանը այս պատմութեան՝ «Գագաթներից ես ցած իջայ / Անդունդները սիրտ մաշող»։
Անդունդի երգը
Ճեղքուած խոր անդունդ մըն է հայկական գրականութիւնը։ Անոր արեւելեան եզերքը բարձրադիր Կովկասի գրիչներու աշխարհն է, իսկ դիմացը Պոսֆորի նուրբ եզրին բնակողներու երկիրը։ Բայց անդունդի վախը նոյնն է երկուքին համար։ Դուրեանն եւ Զարիֆեանն սարսափեցան անոր սեւ պատկերէն։ 21 տարեկան Դուրեանը գրեց. «Ես ուզեցի պաշտել զնէ, / Սիրել ժպիտքն ՝ փթի՜թք անհուն, / Սիրել աստղերն սեւ աչերուն… / Գիշեր մը սուգ, անդունդ մ՚հառաչ՝ / Յուզեց ներա հոգին ու լանջ»։ Իսկ կեանքի երկրորդ տասնամեակին թեւակոխած Զարիֆեանը, Մարմարա ծովու վարդագոյն իրիկուն մըն էր, իր սիրածի հետ գնաց «շա՜տ, շա՜տ հեռուն», այնքան հեռուն, որ հասան անդունդի ծայրը։ Ի՞նչ տեսան հոն, ի՞նչ լսեցին… Մատթէոսը թող պատասխանէ. «Ու լսեցինք, սարսռուն, / Երգն անդունդին ու փախա՚նք…»։
Անդունդի «best seller»ը
Ուրեմն, դուք կը փափաքիք անդունդի մէջ մնալ եւ ընթերցել։ Հիանալի որոշում։ Ես ձեզի առաջարկեմ քանի մը գիրք՝ անդունդի մէջ գրական ժամանցի համար լաւագոյն հրատարակութիւններ. «Արտաւազդի անդունդէն դէպի գագաթ», վիպակ, Պէյրութ, 1967, «Անդունդը», պատմուածքներ, Աւետիս Ահարոնեան, Թիֆլիս, 1910, «Պատեր անդունդի եզրին», թատերական երկեր, Երեւան, 1974, «Անդունդի եզրի մասրենին», վէպ, Երեւան, 2007, «Ճերմակ անդունդ», պատմուածքներ, Երեւան, 1991։ Աւելի՞ երկար պիտի մնաք, գիրք մը ե՞ւս կ’ուզէք։ Փորձեցէք խիստ արկածախնդրական «Մարաքոտի անդունդը» վիպակը, ուր երկրախոյզ երեք գիտնականներ, երբ իրենց սուզանաւը կը խորտակուի Ատլանտեան Ովկիանոսի խորագոյն անդունդներու յատակը, պատահական կը գտնեն առասպելական Ատլանտիս քաղաքը, 1965, Երեւան։
Չորս կողմդ անունդ է
Ո՞վ կը մտածէր «անդունդ» բառը երգի մէջ օգտագործել։ Հերոսական երգերու հեղինակ մը միայն։ Մեր մօտաւոր անցեալի մէջ, յարգելի ընթերցող, ունեցանք այնպիտի երգ, որ ամբողջ հայ ազգը անդունդի բերանը տարաւ ու ետ բերաւ։ Գուսան Հայկազունի Գետաշէն երգն էր ան. «Չորս կողմդ անդունդ է, ճամփեքդ՝ փակուած»։ Իսկ այսօր Սիրուշօն երգէ մեր հրաժեշտի երգը։ Մէկ այլ հերոսական երգ է ան՝ Սասնայ սերունդին ձօնուած. «Մեզ փորձել են կործանել ու դաւանափոխ անել / Նենգ Մսրայ տան ելուզակ / Մեզ փորձել են վերացնել…», ժամանակն է, որ այժմ մենք մեզ անդունդ բերած առասանը գործածենք լոյս աշխարհ վերադառնալու համար, «…Բայց Սասնայ սերունդ / Չես տանի դէպի անդունդ։ / Կը հասնի մեզ հեռուից / Ուժը քաջ հերոսների / Վեր կ’ելնի Մհեր իր դարաւոր քնից…», բայց եթէ սկսած էք կարծել, թէ անդունդը աւելի ապահով է քան վերի աշխարհը, «…Մեծ Սասնայ սերունդ չես տանի դէպի անդունդ…», ահա կենսուրախ տակառ մը եւ երկու թաս, որ հին աշուղները մեզի համար ձգած են, բացէ՚ք, վայելեցէ՚ք կարմիր գինին, ուրիշ ի՚նչ է պէտք վիրաւոր զինուորին, յոգնաջան մշակին, ազատ կտրիճին, հաստաբազուկ դարփինին, քարագործ վարպետին, մենաւոր այրիին, եւ ձեզի՚, յարգելի ընթերցող, հարբեցէ՚ք հին երգով ու տաղով, գրականութեան գիրկը գտէք մխիթարութիւն, երբ վերը, աշխարհի վրայ սկսեր են գոյանալ խոր խոր անդունդներ. «Ծուռ Սասնայ սերունդ չես տանի դէպի անդունդ»։




