Պետական համակարգի մէջ դժուար պարտականութիւններէն մէկն է կուսակալներու ստանձնած պաշտօնը։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան վարչակազմին մէջ կուսակալները քաղաքներու գլխաւոր պետական պաշտօնեաները կը համարուին։ Բաւականին ընդարձակ է իրենց լիազօրութիւններու սահմանները։ Սակայն միւս կողմէ պետութեան անունով ուրացումի, հերքումի ոչ համոզիչ յայտարարութիւններն ալ դարձեալ կուսակալներէն կը պահանջուին։ Անցեալին ոստիկանական ոճրագործութեան մը զոհ գացած, 12 տարեկան հասակին 13 փամփուշտներով սպանուած Ուղուր Քայմազի դէպքին մէջ կուսակալը յայտարարած էր թէյ արձակման նախապատրաստութեան մէջ գտնուող ահաբեկիչը չէզոքացուած է անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնեաներու կողմէ։
Նոյնը պատահած էր Նէվրուզի մը տօնակատարութեան ընթացքին, երբ քոնսերուաթուարի աշակերտ մը, սպանուեցաւ ոստիկանական կրակոցով։ Դէպքէն ժամ մը ետք, Տիյարպէքիրի կուսակալը մամուլին կը հաղորդէր թէ ինքզինք պայթեցնելու պատրաստուող մահապարտ մը չէզոքացուած է ոստիկանութեան ձեռամբ։
Անցեալի այս դէպքերը յիշեցի, երբ լսեցի Իսթանպուլի կուսակալին վերջին յայտարարութիւնը։ Ան կը փորձէր վստահեցնել թէ կիրակի գիշերէն սկսեալ աւելի քան 36 ժամ լրահոսի կարեւոր մէկ մասը զբաղեցնող առիւծի վտանգը սխալ տեղեկատւութեան մը հետեւանքն է։
Վերյիշենք պատահածը։ Նախորդ կիրակի երեկոյեան ժամերուն թաղեցի մը ահազանգ հնչեցուցած էր Պոլսոյ արուարձաններէն Ուսքումրուգիւղի անտառային հատուածին մէջ առիւծ մը տեսած ըլլալուն մասին։ Որքան ալ անհաւատալի թուի ապահովութեան ուժերը լուրջ նկատեցին այս լսումը եւ սկսան արդիական միջոցներով խուզարկման։ Արդարեւ տրոնները յաջողեցան նկարահանել անասուն մը, որ կը շրջէր անտարին մէջ եւ իսկապէս ալ նման էր էգ առիւծի մը, կամ կոռոյնի մը։
Այս հաստատումէն ետք գործի լծուեցան նաեւ յաւելեալ տրոններ, որոնք օժտուած էին ջերմզգայուն տեսախցիկներով։ Մեծ թիւով ոստիկան զօրաց պաշտօնեաներ, վայրի բնութեան մասնագէտներ եւ ոստիկաններ փութացին դէպքի վայրը։ Տեղւոյն բնակիչներուն բարձրախօսներու միջոցաւ ազդարարուեցաւ տուները մնալ։
Սակայն նման դէպքերու մէջ ծանօթ իրողութիւն է ժողովուրդին հետաքրքրութիւնը։ Արդարեւ շատեր ընդհակառակ կատարուած ազդարարութեան, դուրս եկան կատարուած աշխատանքներու հետեւելու համար։
Մինչ այդ որոշ հեռուստակայաններ եւս փութացին դէպքի վայրը, կատարուած աշխատութիւնը հասարակութեան փոխանցելու համար։ Լրագրողներու հաղորդումով առիւծը կը շրջէր մարզադաշտի մը մօտ եւ պատրաստութիւններ կատարուած էին անտարէն դուրս եկած պահուն թմրեցուցիչ դեղորայքի սրսկումով անվնաս դիրքի բերել եւ հսկողութեան տակ առնել այդ առիւծը։ Մէկ կողմէ ալ մեկնաբանութիւններ կը կատարուէին զանազան վարկածներով թէ ուրկէ՞ եկած էր այս գազանը։
Եկուր տես որ քայլ առ քայլ հետապնդուած առիւծը յաջողեցաւ անհետանալ ի սպառ հանելով զինք բռնել փորձող բոլոր միջոցները։
36 ժամ անց, Իսթանպուլի կուսակալին եղելութիւնը բոլորովին ուրացող յայտարարութիւնը իրականութեան մէջ անճարակութեան խոստովանութեան բնոյթը ունի։
Քանի որ եղելութիւնը լուրջ է, իրաւունք չունինք ծիծաղելու։ Մեր մատնուածը կարելի է բնութագրել ողբերգածիծաղ բառով։


