Կողքի սիւնակներուն վրայ արձագանգած էինք «Խաղաղութեան համար 1001 ստորագրութիւն» կոչեալ արշաւի մամլոյ յայտարարութեան։
Այդ արշաւը կը ծագէր վերջերս շարունակող հաշտութեան գործընթացի յառաջացուցած թեր ու դէմ կարծիքներու հոսանքին մէջ խաղաղութեան կողմ ըլլալու միտումէն։
Պատմական յայտնի իրողութիւն է թէ, ազգայնական շրջանակները իրաւական բոլոր պահանջները կը դիտեն անհնազանդութիւն ըլլալով։ Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին ալ հայ ժողովուրդի արդար պահանջները, որոնք կը ներկայանային բարեփոխման իմաստով, նոյնպէս դիմաւորուեցան անհանդուրժող կեցուածքով եւ հարցին լուծման համար գործադրուեցաւ ցեղասպանութիւն։
Անշուշտ որ ողջունելի է զինեալ ապստամբութեան վերջ գտնելը, զէնքի գործածութենէն հրաժարիլը, երիտասարդ կեանքերու զոհուիլը կանխելը։ Սակայն ներկայ քաղաքական հակադրութեան մէջ որոշ շրջանակներ, որոնք պիտի նախընտրէին ապստամբութեան դէմ կործանիչ յաղթանակ մը տանիլ, այդքան ալ ուրախ չեն ընդդիմադիր քաղաքական ուժի ինքնալուծարկումէն։ Անգամ շատ աւելի յագեցած պիտի ըլլային զանգուածային սպանդներու հետեւանքով այդ արդիւնքը տեսնելէ։
Նշենք թէ գործող կառավարութեան շարքերուն մէջ ալ ընդհանուր հակումը այդպիսին էր, բայց չէին կրցած առարկել Ազգային Շարժման Կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելիի յանդուգն ելոյթներուն։
Փորձուելով հաշտութեան գործընթացի նախորդ գործադրման ձախողումէն, շատեր կասկածումով կը մօտենան ներկայ զարգացումներուն։
Նախապէս կողմերը որոշ համաձայնութեան հասած էին, մանաւանդ Տոլմապահչէի բանակցութիւններէ ետք։ Հասարակութիւնը յուսադրուած էր թէ խնդիրը պիտի լուծուի երկխօսութեան միջոցաւ։
Անսպասելի պահուն նախագահ Էրտողան տապալեց բանակցութեան սեղանը, աւելին բանտարկեց այց հանդիպումներու կարեւորագոյն գործիչը՝ Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտերը։
Ապա դէժ կռիւներ բռնկեցան քրտաբնակ քաղաքներուն մէջ, ուր հրասայլեր խուժեցին խաղաղ բնակիչներու ապրած թաղամասերը եւ ռմբակոծեցին բնակելի շէնքերը։
Նոյնքան հուժկու եղաւ հայդուկներու փոխադարձ հարուածը եւ շաբաթներու տեւողութեամբ զոհուեցան հայդուկ, զինուոր կամ ոստիկան բազմահազար կեանքեր։
Այժմ ցանկութիւն կայ այդ հրդեհը յագեցնելու, առանց դիմելու կենսական նշանակութիւն ունեցող բարեփոխումներու։
Այս բացթողումն է որ կասկածի տակ կը դնէ շարունակուող գործընթացը։


