Վերջապէս հասած է Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան համար բախտորոշ պահը։ 7 Յունիսի ընտրութիւնները իրենց արդիւնքներով ճակատագրական պիտի ըլլայ հայրենի երկրի համար։
Հայաստանաբնակ ընտրողը որ լծակներով, ո՞ր գործօններու ազդեցութեան տակ պիտի կողմնորոշէ իր ձայնը։
Պարտինք յիշել թէ Հայաստանի հասարակութիւնը անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին ընդմիշտ հանդիսատեսի հանգամանքով հետեւեցաւ երկրի խիստ կարեւոր անցուդարձերուն։
Պատմութեան շատ երկար հատուած մը առանց պետականութեան անցուցած հաձ ժողովուրդը Ի դարու տեւողութեան ընթացքին երեք անգամ փորձուեցաւ պետութիւն հիմնելու գործընթացով։
Նախքան այդ հայ ժողովուրդը յօժարած էր տարածաշրջանի հզօր պետութիւններու հպատակելով իր գոյութիւնը շարունակելու։
Երբ Ֆրանսական յեղափոխութեան արձագանգները թակեցին նաեւ Հայաստան աշխարհի դարպասները, ծայր առաւ անկախ պետականութեան գաղափարը եւս։ Սակայն այդ գաղափարախօսութիւնը սահմանափակ մնաց մտաւորականաց որոշ շրջանակի մը մէջ։ Այդ պահուն թէ՛ եկեղեցին եւ թէ աշխարհիկ առաջնորդներ, այս պահուն մեծաւ մասամբ գործատէրեր եւ ամիրաներ, վտանգաւոր արկածախնդրութիւն համարեցին անկախ Հայաստանի մը հեռանկարը։
Ա. Աշխարհամարտը իր հետեւանքներով ահռելի աւեր մը եղաւ տաճկահայոց համար։ Պատմական Հայաստանի հայաթափումէն ետք 1918 թուին, երբ հիմնուեցաւ հայոց առաջին հանրապետութիւնը, այդ հիմնադրութիւնը կը պարտինք տարածաշրջանի մեծ ալեկոծումներուն։ Հարաւ Կովկասի մէջ յանկարծակի գոյացան երեք տէրութիւններ, որոնք երկու տարի անց մաս կազմեցին նորայայտ Խորհրդային Միութեան։
Այս անցուդարձերն ալ ազգի կամքէն անկախ, լոկ պայմաններու պարտադրութեան հետեւանքով իրականացած էին։
Վերջին անգամ Գ. Հանրապետութիւնը դարձեալ մեր կամքէն անկախ, Խորհրդային Միութեան տարանջատումով իրականացաւ։
Հայ ժողովուրդը իր մասնական կամքը առաջին անգամ դրսեւորեց թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն։ Ժողովուրդի կամքով տեղի ունեցաւ իշխանափոխութիւն։ Նոր իշխանութիւնը նկատի ունենալով Արցախեան պատերազմէ ետք ժողովուրդին մէջ իր ռազմական գործակցին դէմ գոյացող հիասթափութիւնը, փորձեց այլընտրանքային միջոցներ որոնել։ Այդ որոնումը ընդհուպ անուանուեցաւ «Արեւմտամէտ» կոչումով, իբր հակադարձ «ռուսամէտ»ի։
Ահաւասիկ գոյացած են երկու բեւեռներ, որոնք իրենց կարգին ունին հետզհետէ յստակացող բացասական յատկութիւններ։ Արեւմուտքը զոհելով դարերու ընթացքին յաջողած համաշխարհային սկզբունքները, գործիքը դարձած է նոր լիբերալական դրամապաշտութեան։ Միւս կողմէ Ռուսաստան ալ աւելի հեռացած է համաշխարհայնացած սկզբունքներէն եւ վերածուած օլիկարխական համակարգի մը մենատիրութեան։
Հայաստան 7 Յունիսի ընտրութիւններով ստիպուած է հայամէտ ելքի միջոցներ որոնելու, խուսափելով թէ՛ արեւմուտքի եւ թէ Ռուսաստանի հետ բախումներէ։


