Թէեւ կաղապարուած արտայայտութիւն մըն է, սակայն երբ խօսքը Շահան Արծրունիի այս կեանքէն բաժնուելուն մասին է, Թուրքիոյ հայերուն երաժշտական աշխարհին մէջ աստղ մը մարեցաւ ըսելը բնաւ չափազանցութիւն պիտի չըլլայ։ Պոլիս իր վերջին գալուստին մեր թերթն ալ այցելած էր, եւ հրաժեշտ առնելու պահուն՝ կրկին իրար չտեսնելու հաւանականութիւնը յիշեցնելով բաժնուած էր մեզմէ։ Այդ պահուն չափազանցուած թուացող այս հրաժեշտը, ցաւօք, իրականացաւ։ Արտաքին տեսքով իր իրական տարիքը չցուցնող Շահան Արծրունիին մահը չէինք վայելցուցած։ Ցաւօք, Հոկտեմբեր 21-ին հասած լուրերը մեզ ստիպեցին դիմագրաւել դառն իրականութիւնը։ Շահան Արծրունի Նիւ Եորքի Մենհեթըն թաղամասի, իր բնակարանին մէջ կեանքէն հրաժեշտ առաւ։ Այս պահուն մահուան պատճառները տակաւին յստակ չեն։ Սակայն այս լուրը առնելով՝ անխուսափելիօրէն յիշեցինք թէ ան, իբրեւ վարպետ դաշնակահար եւ երաժշտագէտ-հետազօտող, կեանքի ընթացքին մեծ ներդրում ունեցած էր իր ազգին եւ համայն մարդկութեան։
Շահան Արծրունի կեանքի շատ կանուխ շրջանին թողած էր ծննդավայրը։ Ովկիանոսէն անդին երկիրներու մէջ երաժշտական կրթութիւնը աւարտելէ զատ, իբրեւ դաշնակահար եւ հետազօտող՝ մասնագիտութեան աստիճաններէն արագօրէն բարձրացած էր։ Անցնող տասնամեակներուն բազմաթիւ անգամներ Պոլիս այցելող Շահան Արծրունի, այդ այցելութիւններուն ընթացքին դասախօսութեան բնոյթ ունեցող նուագահանդէսներով ապացուցած էր թէ վարպետ դաշնակահար ըլլալէ զատ նաեւ արժէքաւոր ուսուցիչ մըն է։
Վերջին տարիներուն բեմական ելոյթներէն աւելի ձայնագրութիւններու վրայ կեդրոնացած էր, եւ «Քալան Միւզիք» պիտակով իրարմէ արժէքաւոր ալպոմներ հրատարակած։ Անոնցմէ նախ կը յիշենք Կոմիտաս Վարդապետի դաշնամուրային գործերը համադրած ալպոմ։ Նոյնպէս մեծ խանդավառութեամբ կին երգահաններու գործերը մեկնաբանած ալպոմն ալ պատմութեան լոյս սփռող վաւերագիր մըն էր։ Համեմատաբար քիչ յայտնի անուններ ունեցող կին երգահաններու գործերէն կատարած իր ընտրանին Շահան Արծրունիի երախտագիտութեան զգացումը կ՚արտացոլացնէր։
Պոլսոյ երաժշտական շրջանակներուն մէջ անունը յաճախ իր հօրաքրոջ՝ երգահան Սիրվարդ Գարամանուկի հետ յիշուող արուեստագէտը, կ՚անմահանայ համերգներուն ու յուշերուն կողքին, ետին թողած իւրաքանչիւրը խոր հետազօտութիւններու արդիւնք եղող ալպոմներու շարքով։



