Տեղին հաստատում մըն է՝ աւրուած ժամացոյցն իսկ օրը երկու անգամ ճիշդը ցոյց կու տայ։ Այստեղ խնդիրը այն է թէ ոչ ոք ժամանակը ճշտելու համար կը դիմէ չաշխատող, չի բանող ժամացոյցին։
Այս միտքերուն տարուեցա, երբ լրահոսը կ՚արձագանգէր նախագահ Էրտողանի ՄԱԿ-ի ելոյթին։
Թուրքիոյ նախագահը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յիշեցուց թէ համաշխարհային խաղաղութեան երաշխիք իբրեւ՝ մեծ յոյսերով հիմնուած կառոյցը տասնամեակներու ընթացքին ինչպէս հեռացաւ այդ առաքելութենէ եւ վերադարձաւ անզօր մարմինի մը։ Նախագահ Էրտողան այս թուլութիւնը բացատրեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի մշտական անդամներուն պատճառած անարդարութեան։ Կրկնեց նախապէս ալ բազում անգամներ հնչեցուցած «Աշխարհ հինգէն մեծ է» կարգախօսը։
Իսկապէս ալ Անվտանգութեան Խորհուրդի մշտական անդամ հինգ եկկիրներէ իւրաքանչիւրը ունի ընդհանուր ժողովի կայացուցած ցանկացած որոշումը չեղեալ համարելու առանձնայատկութիւնը Այդ առանձնաշնորհի գերտէրութիւններու, յատկապէս ալ ԱՄՆ-ի կողմէ չարաչար շահագործումով գոյացան մեծ անարդարութիւններ։ Պարտինք նշել թէ այստեղ անարդարութիւն եզրով յիշուածը անտեղի բորբոքումներով բռնկած եւ բազմահազար կեանքեր խլող պատերազմներն են։
Համաշխարհային մարդկութեան համար շատ սուղ արժեց հայր ու որդի Ճորճ Պուշերու կեղծիքով ու սուտով հրահրած պատերազմը, որ աւարտեցաւ Միջին Արեւելքի բարձր քաղաքակրթութեան բարբարոսաբար կործանումով։ Յաջորդող տարիներուն հետզհետէ թափ ստացաւ ոչ միայն գերտէրութիւններու, նաեւ որոշ տարածքաշրջանի վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու կարողութիւն ունեցող դերակատարներու ահաբեկչական արարքները։
Այս երկիրներու շարքը կը գլխաւորէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, իբրեւ մեծագոյն ահաբեկիչ։ Ամերիկան այդ կոչումը ալ աւելի արդարացուց Տանըլտ Թրամփի վարած կոպիտ քաղաքականութեան շնորհիւ։ Վենեզուելլայի դէմ գործադրուածը աննախադէպ էր։ Երկրի նախագահը՝ Մատուրօն առեւանգեցին իր ննջասենեակէն։ Տանիոյ, Գանատայի եւ Քուպայի դէմ բռնած սպառնալիքներու ռազմավարութիւնը, Իրանի դէմ պատերազմի բռնութիւնը, Իսրայէլեան վայրագութեան աջակցելը եւ տակաւին բազում օրինակներ ԱՄՆ-ը դարձուցած են անկանխատեսելի վտանգի մը։
ԱՄՆ առանձին չէ այս չարագործութեան արշաւին մէջ։ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը եւս կը շարունակէ գերտէրութիւններու մրցակցութիւնը, ոտնակոխելով ցարդ ընդունուած սկզբունքները։ Թուրքիա ալ իր կարգին կը փորձէ վտանգաւոր դերակատարութիւններ Կովկասներու եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին։
ՄԱԿ իսկապէս անզօր է այդ կոպտութեան դէմ, երբ ճարահատ կը մնայ Պաղէստինի Նախագահին այս կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովին մասնակցութիւնը արգիլող քայլերուն դիմաց։ Յարուցած վիզայի արգելքով ԱՄՆ խափանեց Մահմուտ Աբբասի ՄԱԿ-ի Վեհաժողովին մասնակցութիւնը։ Իրականութեան մէջ այս որոշումը ինքնին հարցական կը դարձնէ միացեալ ազգերու համախմբում ըլլալով ներկայացող կազմակերպութեան կարողութիւններու սահմանը։ Նոյնիսկ հարցական է ՄԱԿ-ի կեդրոնին Նիւ Եորք գտնուիլը։
ՄԱԿ-ի անզօրութեան խոստովանութիւնը եկաւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Պութերէսէն։ Ան ալ ձայնակցեցաւ Թուրքիոյ Նախագահին դժգոհութիւններուն, ձեւով մը հաստատելով «Աշխարհը հինգէն մեծ է» կարգախօսը։
Նիւթը եզրափակենք չարիքի իշխանութեան շրջանը կ՚ապրինք ըսելով։


