Երկիրներու պետական հարստութեան շահագործումը կախեալ է կառավարութենէն։ Իշխանութիւնները որպէս հարկահաւաք, պատասխանատու են որոշ գումարներ յատկացնելու ընթացիկ ծառայութիւններու յարատեւութիւնը ապահովելու համար։ Ունին բազմաթիւ գործակալներ, կեանքի զանազան ոլորտներու մէջ, որոնք ստանձնած են պետութեան սպասարկելու առաքելութիւնը։
Կայ անվտանգութեան ոլորտը, որ բանակայիններէն մինչեւ ոստիկանութիւն, բիւրաւոր մարդկանց աշխատանքի վայրն է։ Կայ կրթական համակարգը, որու ծիրէն ներս պետական դպրոցներու մէջ կը պաշտօնավարեն բազմաթիւ ուսուցիչներ, իրենց կողքին ունենալով կրթական ծառայութեան լրացուցիչ աշխատանքները տանող անձնակազմ։
Պարտինք յիշել պետական թղթաբանութեան հսկայ բանակը, որ իւրաքանչիւր աշխատանքային ամսու աւարտին պիտի ստանայ իր ամսավճարը։
Կան նաեւ արդիւնաբերական կամ ծառայութեան գործերով ծանրաբեռնուած ահռելի զանգուած մը։
Այս բոլորին հետ պարտինք յիշել թոշակառուները, որոնց ապրուստը եւս կախեալ է պետութեան գանձէն հասնելիք գումարէն։
Երկիր մը բարգաւաճ է, երբ վերեւ յիշուածները իրենց ստացած գումարներով կ՚ապահովեն մարդավայել ապրուստ։
Ճիշդ այս պահուն կը գոյանայ կառավարութեան նախապատւութիւնը։
Վերջերս Թուրքիա չես գիտեր քանիերորդ անգամ կը ողողուի դրամաշորթութեան նոր օրինակով մը։ Այս անգամ տուեալ դրամաշորդութեան թատերաբեմն է երկրի սակարանը։ Այնտեղ կարգ մը ընկերութիւններու բաժնետոմսերը կարճ ժամանակի ընթացքին անհամեմատ կերպով արժէք ստացան։ Ի դէմ ելմտական նախարարի զգուշացումներուն , ոչ մէկ վերաքննիչ փորձեց ստուգել այդ արժէքներու անհամեմատ աճի պատճառները։ Փչուկ մը կար բոլորին աչքերուն առջեւ, որ օրըստօրէ կ՚ուռչէր, ներառելով նաեւ փոքր գումարներով սակարանէն շահոյթ ապահովել ցանկացողները։
Վերջապէս պահը հասաւ ու պայթեցաւ այդ արհեստական եղանակով ուռած փչուկը, իր ետին թողելով ահռելի պարապութիւն մը։
Շուտով պարզուեցաւ թէ փչուկի ամենամեծ ծաւալի հասած պահուն ովքեր իրենց գումարները ետ բերած են, բոլորովին դատարկելով աճած կեղծիքը։ Յայտնի դարձաւ որ կառավարութեան նախարարներէն մին, հսկայ գումար մը ներդնելով ծառայած էր փչուկի օդով լեցուելուն եւ կարճ ժամանակ անց ներդրած գումարը ետ քաշած 15 անգամ ծաւալած ձեւով։
Հոս է որ կը յայտնուի իշխանութեան դերակատարութիւնը։ Բնակչութեան մէջ հաւասարակշռութիւնը կ՚ապահովուի պետական գանձի բաժանումով։ Ծանօթ իրողութիւն է թէ հարստութիւնը կապահովուի ուրիշներու աղքատանալով։ Եթէ կը նկատէք փարթամ կեանքեր, շքեղ առանձնատուներ, թանկ ինքնաշարժեր, զարդարանք եւ ճոխ սեղաններ, իսկոյն մտաբերէք թէ այդ բոլորը կ՚իրականանան ի գին ուրիշներու թշուառացման։
Մարդկային պատմութիւնը բազում օրինակներով փաստած է այս իրողութիւնը, բայց իշխանութիւնները կը շարունակեն պասարակութիւնը խաբելու, պնդելով թէ մասնակի այս կողոպուտը չէ վնասած երկրի տնտեսութեան։
Երբ գայթակղութեան անհիմն մեղադրանքներով երկրի բանտերը գերյագեցած են քաղբանտարկեալներով, մեղադրուած նախարարուհիի հրաժարումէն ետք ուշագրաւ էր նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւնը։ «Սայթաքողը, սխալողը կը հեռացնենք մեր շարքերէն ու կը շարունակենք երթը»։
Այս ըսելով Էրտողան կ՚արդարացնէ իր վարած հարուստը ալ աւելի հարստացնող քաղաքականութիւնը, բոլոր մեղքը բեռցնելով անհատներու վրայ։
Եկէք վերահաստատենք կատարուածը պատահական չէ, այլ ծրագրուած ու կազմակերպուած։


