Չմոռցող տուներ
Տունը միայն չ՚ապաստաներ, այլ նաեւ կը յիշէ, կը պահպանէ եւ երբեմն ալ՝ վէրքերը կը թաքցնէ։ Վերջերս Պոլսոյ մէջ ցուցադրուած Ճոուագիմ Թրիէրի «Զգացական արժէք» (Sentimental Value) ֆիլմը, որ 2025 թուականիԿաննի ֆիլմերու փառատօնին յատուկ ուշադրութիւն գրաւեց, նման պատգամ մը կը փոխանցէ։ Ան յետնամաս չէ, այլ վկայ, խիղճ եւ ցաւ ունեցող ենթակայ է։ Պատահական չէ, որ սոյն յօդուածը հիմնուած է այս ֆիլմին վրայ։ Հոգեխոցն եւ յիշողութիւնը չեն սահմանափակուիր մէկ աշխարհագրութեամբ։ Թէեւ տունը, կորուստը եւ խզումը զանազան ձեւեր կը ստանան տարբեր վայրերու մէջ, բայց անոնց նկատմամբ մարդկային անդրադարձը իրարու կը դպչին։ Երբեմն այլոց պատմութիւնը կը վերածուի մեր մէջ դէպի թաքնուածը տանող դուռի։
Ֆիլմը դիտած ժամանակս մէջս խորապէս ծանօթ զգացում մը յառաջացաւ, որովհետեւ, ինչպէս բոլորս գիտենք, կարգ մը տուներ դժուար կը մոռցուին։ Կան սենեակներ, որոնց յուշերը կը մնան անեղծ՝ ըլլան անոնք բնակուած թէ՛ անբնակ։ Կան վայրեր, որոնք կը պահպանեն իրենց պատմութիւնները՝ նոյնիսկ, երբ ձեռքէ ձեռք կ՚անցնին… Ահա թէ ինչո՛ւ տունը լոկ յետնամաս չէ, այլ յիշողութեան գործուն ենթակայ մը։
Ֆիլմը կը պատմէ տարեց բեմադրիչի մը մասին, որ իր մանկութեան տունը կը վերադառնայ՝ իր մօր ողբերգութիւնը վերարտադրելու համար։ Այնուամենայնիւ, այս միայն իր պատմութիւնը չէ. անցեալը կը մղուի վերստին ջուրի երես ելլել իր աղջիկներուն եւ թոռան մարմիններուն միջոցով։ Նացիներուն դիմադրելով խոշտանգուած եւ անձնասպանութեամբ մահացած մօր ստուերը ներս կը քաշէ նաեւ տարիներ ետք այս տունը վերադարձած բեմադրիչը։ Վերադարձը՝ տունը ծախելու պատրուակով, խորքին մէջ դէպի անցեալ տանող դուռ մըն է։
Հոս ի մտի կու գայ Նիքոլաս Ապրահամի եւ Մարիա Թորոքի «գետնադամբան»՝ ներքին գերեզման, մտայղացքը։ Ըստ անոնց, կարգ մը հոգեխոցներ ուղղակիօրէն պատմել կարելի չէ,-- լեզուն չի բաւարարեր, ժամանակը չի ներեր, քանի որ սգալու հիմքը տակաւին ստեղծուած չէ։ Նման հիմքի մը բացակայութեան, խօսքով արտայայտուիլ չկարողացած հոգեխոցը իր արձագանգը կը գտնէ բացութեան մէջ։ Ան կը թաքնուի ներքին գերեզմանի պէս՝ անհատին, ընտանիքին, երբեմն համայնքին, նոյնիսկ տան մը մէջ։ Ֆիլմին տունը նմանօրինակ գետնադամբան մըն է՝ ներսիդին թաղուած բան մը կայ եւ բնաւ ամբողջովին չի բացուիր։
Երբ հոգեխոցը անմիջականօրէն լեզուով չ՚արտայայտուիր, ձեւ մը կը փնտռէ զայն կրելու։ Գեղարուեստը յաճախ ճիշդ այս պահուն մուտք կը գործէ։ Ոչ թէ վէրքը ծածկելու կամ գեղեցկացնելու, այլ բանալու արտայայտութեան տարածք մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ կրելու այդ ծանրութիւնը։ Այնուամենայնիւ հարց մը միշտ ալ կը մնայ առկայ,-- արդեօք արտայայտութեան այս տարածքը միշտ ձեւափոխակա՞ն է, թէ՞ երբեմն կը ստեղծէ նոր խոցի դաշտեր՝ ներառելով նաեւ ուրիշներու դիւրաբեկութիւնը։
Ֆիլմին մէջ, տան մէջի բեռը չի մնար յուշի մակարդակի վրայ. լարուածութիւնը տեսանելի կը դառնայ։ Մեծ աղջիկը կը մերժէ ֆիլմին մէջ դեր վերցնել. փոքր աղջիկը կը մտահոգուի, որ որդին ստիպուի կրել այս պատմութիւնը. բեմադրիչին ընտրած դերասանուհին ինքզինք տան յիշողութեան առնչուած չի տեսներ։ Տունը կը վերածուի յիշողութեան դաշտի մը, որ ներս մտնողին կը կանչէ եւ պարտաւորութիւններ կու տայ։
Պահ մը, բեմադրիչը կարծես կը հրաժարի բեմադրելէ։ Տունը կը ծախուի եւ նոր սեփականատէրերուն կողմէ կը վերածուի ճերմակ, յղկուած, գրեթէ անհետ կառոյցի մը։ Սակայն հետաքրքրական վիճակ մը կը ստեղծուի,-- երբ տունը կը պարպուի, պատմութիւնը նոր կենսունակութիւն մը կը յառաջացնէ աղջկանց ներաշխարհին մէջ։ Անոնք միասին կը կարդան տեքստը եւ կ՚որոշեն ֆիլմին մաս կազմել։ Սակայն այս անգամ մէկ տարբերութեամբ՝ տունը այլեւս կը դադրի անմիջականօրէն «վէրքին վայրը» ըլլալէ։ Ֆիլմի կը տեղափոխուի սթուտիոյի մէջ։ Ներքին գերեզմանը այլեւս տան մէջ չ՚աշխատիր, այլ՝ սթուտիոյ մէջ, արուեստին ստեղծած միջանկեալ տարածութեան մէջ։ Թերեւս թաղուածը մակերես հանելու ամէնէն բարոյական եւ տանելի ճամբան այս է՝ ոչ ամբողջովինբացայայտելը եւ ոչ ալ ամբողջովին ճնշելը։
Այս տեսարանները ինծի մտածել տուին, որ հայերու համար ամէն տեսակ գեղարուեստական արտադրութիւն շատ յաճախ միայն գեղագիտական փորձ չէ։ Երբեմն ան տարածք կը դառնայ անմիջականօրէն պատմել կարելի չեղող բեռերու հետ դէմ յանդիման գտնուելու եւ ներքին գերեզմաններու հետ հաւասարակշռութեամբ հանդիպելու։ Ամէն վէրք բացուելու չէ, կարգ մը վէրքեր պէտք չէ բացուին։ Որոշ գետնադամբաններ միայն խորհրդանշականօրէն կը բացուին։ Հոս է, որ Ֆրոյտի «տարտամ»-ը (uncanny) երեւան կու գայ՝ ինչ որ ծանօթ է կը վերադառնայ խռով դէմքով։ Ինչպէս Պիպեռեանի «Գանձը» պատմութիւնը կը նշէ՝ երբեմն աւելի լաւ է գերեզմանը բացած ատեն կանգ առնել եւ ետ փակել գերեզմանը։ Որոշ վէրքեր գոյութիւն ունին ոչ թէ ամբողջութեամբ տեսնուելու, այլ միայն որոշ սահմաններու մէջ տեսանելի դառնալու համար։ Որովհետեւ ամէն ինչ բացայայտելը միշտ բուժիչ չէ, երբեմն ան կը բազմապատկէ խոցելիութիւնը, դարձեալ վիրաւորելով։ Մենք գիտենք, որ ի վերջոյ միշտ ալ պատմութիւն մը կը մնայ։ Հարցը ինչպէ՞ս, որո՞ւ կողմէն եւ ինչ բարոյական հեռաւորութեամբ պատմութեան պատմուած ըլլալն է։
Թերեւս «Զգացական արժէք»-ը կ՚ուզէ ըսել հետեւեալը՝ յիշելը երբեմն անհրաժեշտ է, բայց միշտ բաւարար չէ։ Ինչպէս յաճախ կը հանդիպինք Պիպեռեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ, որոշ տուներ եւ որոշ պատմութիւններ մարդոց կարողութենէն վեր կը շալկեն։ Այնուամենայնիւ, մենք չենք կրնար բոլորովին հեռանալ անոնցմէ։ Թերեւս համարձակելով կանգնիլ այդ տարտամ սահմանին վրայ՝ առանց ամբողջովին բացուելով եւ առանց ամբողջովին գոցուելով… Քանի որ երբեմն մենք ճշմարտութեան ամէնէն մօտ կ՚ըլլանք, երբ ճիշդ այդ եզրին ենք, ուր գերեզմանը ամբողջովին փակ չէ, ոչ ալ՝ բաց։ Եւ այս եզրին կագնիլը կը յառաջացնէ ոչ միայն ֆիլմին մասին յառաջացած մեր կարծիքին խնդիրը, այլ նաեւ՝ մեր անձնական պատմութիւններուն մեր մօտենալուն խնդիրը։
Թարգմանեց Արազ Գոճայեան

