Տիւ
Բառերը երբեմն կ’երկարին։ Անոնք նաեւ կը դառնան կարճահասակ։ Մի կասկածիք… Տեսէ՚ք, ձմրան այս խաւար օրերուն ինչքան երկար է գիշերը եւ ինչքան կարճատեւ է տիւը՝ մեր նախնիներու «ցերեկ»ը։ Մինչեւ Դեկտեմբեր 21-ն ալ մեր սիրելի, ջերմ, լուսաւոր տիւը պիտի շարունակէ իր ժամերը զիջել գիշերային մթութեան եւ ցուրտին։ Յարգելի ընթերցող, երկուորեակներ են տիւն ու գիշերը։ Առանց մէկուն միւսը գոյութիւն չունի։ Անշուշտ, ձեր որոշումն է, թէ ո՚ր մէկն է ձեր նախընտրածը, սակայն, հայկական գրականութիւնը արդէն տուած է միակողմանի որոշում եւ «գիշեր» բառը անհամեմատելիօրէն մեծ տեղ կը գրաւէ մեր գրականութեան մէջ։ Իսկ այսօր, գիշերային այս ժամերուն, յանուն արդարութեան, ըլլանք բարեխիղճ, պատիւ տանք «տիւ»ին եւ լապտեր մը բռնած փնտռենք անոր ջերմ եւ լուսաւոր էջերը։
Տիւը պիտի փրկէ մեզ
Հայը իր երկու ափերը գիշերային աղօթքի համար կը միացնէ եւ կ’ըսէ. «Տէր տունջեան եւ գոյացուցիչ գիշերոյ, որ արարեր զտիւ ի զբոսանս բարեգործութեան ի փրկութիւն անձանց մերոց, եւ զգիշեր ի հանգիստ քնոյ»։ Այսինքն, տիւը ստեղծուած է մեր անձերու փրկութեան համար, որպէսզի մենք կը քալենք բարեգործութեան մէջ, իսկ գիշերը՝ պարզ է, մեր թոյլ մարմիններու հանգիստի համար։ Առաւելաբար «տիւ» բառը յարմար եկաւ խրատական տաղերու համար։ Սիմէոն Կաֆացին, որ «մեղք ունէր անթիւ որքան ծովն աւազ»՝ օր մը թուղթ եւ մատիտ առաւ եւ երկրաւորներուս գիր մը ուղղեց. «Ինձ ունկն դիր, աստանոր (հոս) բարբառիմ առ քեզ»։ Այդ ոտանաւորը խրատ մըն է. մարդը գիշեր եւ ցերեկ պէտք է որ դատէ ինքզինք, քանզի սնօտի է աշխարհս. «Լաց գիշեր եւ տիւ , / Աղաչէ զԱրարիչն բոլորով սրտիւ»։ Իսկ Վարդան Այգեկցին, որ մեզ կը դաստիարակէ առակներով, իր մեղքերու խոստովանութիւն մը գրի առաւ։ Այգեկցին ըսաւ, թէ բազմաթիւ մեղքեր իր թոյլ զգայարաններէն, աւազակներու պէս, ներս մտան եւ կողոպտեցին իր Աստուածանուէր շնորհները։ Այգեկցին հոգեւոր նեղութեան մէջ մրմնջաց. «Ի տիւ եւ ի գիշեր քուն / Եւ արթուն զիս խիստ նեղեն»։
Հարսը տիւ կը սիրէ
Հայկական խրատական գրականութեան հսկայական անուններէն է Մխիթար Գօշը։ Երբ, յարգելի ընթերցող, լապտերս խոնարհեցուցի Գօշի ժողոուածուին, դիմացս ելաւ «Բու եւ արծիւ» առակը։ Ժպտեցայ։ Խորամանկ պատմութիւն էր ան։ Լսենք պատմութիւնը… Գիշերային ժամերու ասպետ բուն՝ տունջեան (ցերեկային ժամերու) քաջամարտիկ արծիւին գնաց, անոր դուստրին ձեռքը խնդրելու, որ օրիորդ արծիւը իր հարսը դառնայ։ Բուն բացատրեց. «Դու տունջեան քաջամարտիկ ես եւ ես գիշերոյ՝ պատշաճիմք ի խնամութիւն»։ Բուին փափաքը կատարուեցաւ։ Եղաւ հարսնիք։ Բայց, երբ պայծառ տիւ էր հարսը կը զրկուէր փեսայէն, իսկ երբ գիշեր էր, փեսան կը զրկուէր հարսէն։ Ծաղր եւ այպանումի առարկայ եղած՝ անոնց հարսնիքը փութով լուծուեցաւ։ Յարգելի ընթերցող, տեսակը իր տեսակին հետ ուրախ է։ Տիւը չի կրնար գիշերուան հետ կենակցիլ, բուն չի կրնար արծիւին փեսայ ըլլալ։
Տիւ ու գիշեր կ’ողբամ
Պանդուխտը հայրենի կարօտով կ՚ողբայ, կու լայ տիւ ու գիշեր, օրը երկու անգամ տասներկու ժամ, հաւասարապէս։ Այդ կարօտակէզ պանդուխտներէն մէկն էր Կարապետ Սեբաստացի տաղասացը։ Օտար երկրի մէջ մնացեր եմ, վշտակիր եմ, սիրտս կը տապի մորմոքով, ըսաւ ան, եւ քթութիւն խնդրեց Տիրոջմէ. «Տէ՚ր ազատիչ, հա՚յր գթութեան, ո՜հ։ / Տիւ եւ գիշեր միշտ յարակայ, / Քունն իմ յաչացս մերձեալ կայ, ո՜հ… / Հա՚ն ի վայրէս պանդխտութեան, / Տէր ազատիչ, հայր գթութեան»։ Նոյն ժամանակ Կարապետ Դպիրն ալ կու լար. ղարիպութեան սաստիկ եւ դժուար օրերուն ան Աստուծոյ ողորմութիւնը խնդրեց. «Ի յերկիր օտար հեռացայ, / Զսիրելիսն իմ մոռացայ։ / Տիւ եւ գիշեր ողբայ եւ լայ, / Թէ՝ Տէր Աստուած, Դու ողորմեա»։ Իսկ Յովհաննէս Կարնեցին, որ յայտնի է իր սիրային երգերով՝ շատ օրեր փոխանակ ցնծալու արցունք թափեց. «Յօտար աշխարհ մնացի, / Տիւ եւ գիշեր շատ լացի»։
Սուրբ Գիրքի քառասուն տիւերը
Աստուածաշունչ մատեանի մէջ, յարգելի ընթերցող, հայր Աստուած ստեղծեց տիւն ու գիշերը, ապա անուն տուաւ անոնց. «Եւ կոչեաց Աստուած զլոյսն Տիւ, եւ զխաւարն կոչեաց Գիշեր»։ Ապա անոնք քառասուն թիւի հետ համաձայնած՝ դիւցազնական պատմութիւններու հերոսներ դարձան. «Անձրեւ ի վերայ երկրի զքառասուն տիւ եւ զքառասուն գիշեր», «Եւ եղեւ ջրհեղեղ զքառասուն տիւ եւ զքառասուն գիշեր», «Մովսէս ի լերին անդ զքառասուն տիւ եւ զքառասուն գիշեր»։ Իսկ, դուք գիտէ՞ք, թէ մեր սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը ինչպէ՚ս ստեղծեց հայոց գիրերը. աստուածաշնչային նոյն դիւցազնական տենչանքով. Սիամանթօն է վկայ. «Աղօթքներուդ յորձանքներն հրեղէն, / Քառասուն օր՝ տիւ եւ գիշեր, / Մենութեանդ մէջ, մեռեալի մը պէս մենաւոր, / Զքեզ դէպի Տեսիլքդ տարին»։
Քեզ դիտեմ տիւ ու գիշեր
Օրեր եղան, գարնան, պայծառ, սիրախտաւոր օրեր, գեղեցիկ օրիորդիկի սիրուն դէմքը պատճառ եղաւ, որ բանաստեղծը անքուն մնայ։ Անոնցմէ մէկը 1636 թուականին ծնած, վարդապետ եղած, վեց ամիս բանտարկուած, մինչեւ 1707 թուականը բանաստեղծութիւններ գրած, «Իմ աչաց լոյս, իմ սիրելի» գեղեցիկ երգի հեղինակ վանեցի Սուքիասին է։ Գարնան քաղցր տիւ մըն էր, ան փնտռեց իր նազելին. «…Ի գարնան ամսին՝ Մարտին, Ապրիլին, / Մայիսին…, Ո՞ւր ես, ո՛վ իմ վարդ, / Իմ սիրտ եւ հոգին, / Ո՞ւր ես, նազելի եւ իմ սէր սրտին»։ Սուքիասը եարի կարօտով հիւանդացաւ։ Աղջկան տեսքն ու բոյրն էր դեղը. «Ո՛վ վարդ, իմ լոյս աչերին…, Ո՛վ վարդ, իմ ուրախութիւն, / Ի գոյն քո նայիմ տիւ եւ գիշերին, / զհոտ քո խնդրեմ ինձ բժշկութիւն»։ Մէկ այլ սիրակէզ բանաստեղծ էր Սիմէոն Կաֆացին։ Ան հառաչելով կանչեց իր եարին. «Դու իմ հոգի, իմ կեանք եւ զօրութիւն…, / եւ անձինս կենդանութիւն», ապա խնդրեց գթութիւն. «Գթա պարոնտիրին / Տիւ եւ գիշեր բնաւ չի գայ աչքս քուն»։ Իսկ Միսաք Մեծարենցը, Պոլսոյ մէջ ձմրան գիշեր էր, ճերմակ երազով լեցուն «պարզ, լուսածածան, հրաշալի՜ գիշեր», իր պատուհանը բաց էր գիշերուան համբոյրին, փափաքեցաւ, որ հեռու մնայ տիւը. «Կ՛ուզեմ որ մեռնի՜ն տիւ ու ժամանակ»։
Արփիաճաճանչ տիւերը

Լուսաւոր է մեր լեզուն, քանզի ունինք «տիւ» բառը։ Թէեւ «օր», կամ «ցերեկ» բառերը աւելի յաճախ կը հնչեն մեր առօրեայի մէջ՝ ամենայնդէպս, գեղեցիկ է բառ մը աւելի ունենալ, մանաւանդ երբ ան արեւու նման փայլուն է։ Տեսէ՚ք, մեր հիները արդէն ունեցեր են «Արփիաճաճանչ տիւ» արտայայտութիւնը։ Անամպ, պայծառ օր է ան։ Այսօր բազմաթիւ անգամներ լսեցինք նաեւ «Տիւ եւ գիշեր» արտայայտութիւնը, որուն համազօր է յոյներու «նիխտամերոն» բառը. նիխտա՝ գիշեր, իմէրա՝ ցերեկ օր։ Գրաբար հայերէնս ունեցեր է այլ խօսքեր եւս. «Ի տու», ի տունջեանէ օրուան մէջ, «Ի լոյս տունջեան», լոյս օրով, «Ընդ տիւն ողջոյն», ամբողջ օր, «Չեւ խոնարհեալ տունջեան», մայրամուտէն առաջ, եւ «Ի տունջենիս յայսմիկ», այսօր։ Եւ կայ՝ երազային, խաղաղ, քիչ մըն ալ թմրած «տիւանդորր» բառը… Մինչ իտալացիները, յոյները, սպանացիները, եւ Միջերկրական ծովու բոլոր ժողովուրդները կը վայելեն թէ՚ բառը եւ թէ՝ ցերեկուան այդ թեթեւ եւ կարճատեւ քունը, հայերս ունինք միա՚յն բառը, բայց ո՚չ այդ հեշտագին եւ կազդուրիչ մրափը։
Վերջին տիւը
Մեծարենցն էր ան։ Հազարամեայ բառի մը վերջին օգտագործողը։ Ապա, ի՞նչ եղաւ, «տիւ» բառը ինչո՞ւ իր փայլը զիջեց իր հոմանիշ բառերուն։ Չենք գիտեր։ Բայց, մօտիկ անցեալի մէջ, հայրենասիրական քերթուածի մէջ «տիւ» բառը գործածեց Թորոս Թորանեանը։ Օր մը Թորանեանը պուլկարներու մայրաքաղաքի մէջ, անկասկած տրտում եւ խոհուն, յիշեց իր նախահայրերը, արցունքոտուեցան իր աչքերը, կարօտով յիշեց Պինկէօլի ջուրերը, ապա երազեց թեւեր առնել եւ թռչիլ անոնց ափերու վրայ, «Ըլլալ ձեր ափին, / Ու ծաղիկ դարձած / Նախահայրերուս / Ըմբոշխնել հոգին»։ Այդ ուխտագնացութիւնը պիտի ըլլար առանց արցունքի, առանց ցաւի. «Ու ցաւ չխառնել, / Արցունք չխառնել / Բնաւ ձեր երգին»։ Ջուրերու այդ զուարթ երգի եւ երթի հետ Թորանեանը մեզի շշնջաց, թէ հոգին իր խորութիւններու մէջ ի՚նչ կը զգայ. «Ձեզ կը տենչայ / Հոգիս անխափան / Եւ տիւ ու գիշեր, / Բիւրակնեայ ջուրեր»։
Տիւ մը աւելի
Մարտ 21-ին տիւ բառը պիտի հաւասարի գիշերուան հետ, ապա դանդաղօրէն, վայրկեան առ վայրկեան պիտի երկարի եւ պիտի տիրանայ իր նախկին փառքին։ Որպէս հայոց լեզուն յաճախ գործածող եւ անկէ օգտուող մարդ, ստացածս ետ տալու մղումով որոշեցի «տիւ» արմատով շինուած նոր բառեր յղանալ։ Ահա վաստակիս պտուղները. «Տիւասէր», գիշերասէր բառի հականիշը, «Տիւանուէր», ցերեկային ժամերուն նուիրուած, «Եռատիւ», երեք ցերեկ օր տեւող ձեռնարկ, ինչպէս «եռատիւ փառատօն», «Քառատիւ», չորս ցերեկ տեւողութիւն ունեցող, «Տիւաքուն», միջօրէի մրափ, «Տիւապահ», գիշերապահ բառի հականիշը, «Տիւապաշտ», օրուան լուսաւոր ժամերու երկրպագու, «Միջատիւ», կէսօր։ Յոյս ունիմ, որ բարեխիղճ ընթերցող մը, որ սրտիւ կը հաւատայ, թէ մենք մեր բառերով ենք հարուստ, գէթ անգամ մը կը գործածէ այս բառերը եւ մեր «տիւ» բառին կը պարգեւէ փառք ու պատիւ։
Սէրը տիւ ու գիշեր
Գիշերը կը հասնի իր աւարտին։ Նոր տիւ մը պիտի ծագի մեզի համար։ Յարգելի ընթերցող, երբ ականջ տուի մեր լեռներուն եւ դաշտերուն, «Հրաժեշտ սիրելեաց» երգը հնչեց հեռուներէն։ Հայրենանուէր ռազմիկ մը այդ երգով կը սփոփէր իր մօր. «Մի լար մայր իմ, մ՚ողբար մայր իմ, / Վերադարձիս սպասէ, / Ազգիս հայոց ազատութեան / Տիւ եւ գիշեր աղօթէ»։ Իսկ սիրային երգ մը, իբրեւ նուրբ երիզ՝ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ թաղէն որորեցաւ, քաղաքի հաստափոր պարիսպներէն դուրս ելաւ եւ եկաւ թառեցաւ այս էջի վրայ. Խօսք՝ Արմաւենի Միրօղլու, երաժշտութիւն՝ Ուտի Երուանդ, «Նազան եարս».
Նազան եարս իմ խորոտիկ
Լուր հասցնես ինձ աւետիք.
Ողջագուրուինք, սիրերգ երգենք
Տիւ եւ գիշեր, մեր սէրը ջատագովենք։
Բարի տիւ բոլորիդ
Տիւը, յարգելի ընթերցող, ժամանակաւորապէս հեռացած է մեզմէ։ Ան շուտով պիտի վերադառնայ եւ իր հին տեղը պիտի գտնէ։ Մինչեւ այդ օր, զոր կը կոչենք գիշերահաւասար, մենք սփոփուինք հայկական գրականութեան ընտիր տողերով։ Որպէս հրաժեշտ կը փափաքիմ յիշել Սուքիասը (վանեցի այս տաղասացը, որ վարդապետ եղած էր, բանտարկուած էր, մինչեւ խոր ծերութեան տարիները շարունակած էր ոտանաւորներ գրել), եւ անոր «Տաղ գարնան» քերթուածը, թէ հեռու չեն գարունը եւ նոր ջերմ տիւերը.
Ի ժամ գարնանային մուտ մարտի ամսոյն
Արփին եկեալ մերձ ի առ սահմանս նախ նոյն,
Օրերն հասարակեալ, տիւ ընդ գիշերոյն։
Ցնծան ամէն թռչունք, մարդ եւ անասուն։

