Սիրոյ ծառան
Շաբաթ մը առաջ, յարգելի ընթերցող, հազմոզուած էինք, թէ զարմանալի էր հայը. Ծառայասէր էր ան, ծառայանուէր, բազմածառայ, նոյնիսկ ծառայաբարոյ, բայց, ըլլալ ծառայ, ծառայամիտ կամ ծառայածին՝ ո՚չ, երբէք։ Այդ օր, դուք ձեր հիւանդներուն, յաճախորդներուն, աշակերտներուն, մամուլին, ազգին, մշակոյթին, մի գուցէ նաեւ ձեր ամուսինին, տիկնոջ կամ զաւակներուն ծառայելէ արդէն յոգնած, բազմած էիք քառասուն տարի ձեզի ծառայած բազկաթոռին մէջ ու վայելած էիք «ծառայ» բառի քնարական պատմութիւնը։ Հայը ծառան դարձած էր մեղքին, դրամին եւ աշխարհի գեղեցկութիւննրուն։ Հայ մատենագիրը իր գրական գործի աւարտին ինքզինք կոչած էր՝ «չնչին», «անարժան», «անպիտան», «անարհեստ», «յիմար», «ամենամեղ», «մեղապարտ» եւ «նուաստ» ծառայ։ Բարեպաշտ եւ աշխատասէր հայը ծառան էր Յիսուսին, կռունկին (կը յիշէ՞ք, պանդուխտը ծառան էր կռունկի ձայնին), ինչնէս նաեւ Կոյսին։ Վերջինը մեր սիրելի տաղասաց Մկրտիչ Նաղաշն էր, որ 1469 թուականին Ամիդ քաղաքի մէջ գրեր էր. «Ես Նաղաշ եպիսկոպոս՝ ծառայ կուսին»։ Բանաստեղծ հայրապետը «Կոյս» բառով նկատի ունէր Մարիամ Աստուածածինը։ Իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, հաւատարիմ մնալով շաբաթ մը առաջ տուած խոստումիս, ահա ձեզի կը ներկայացնեմ հողեղէն կոյսի ծառայ դարձած աշուղներու սիրավառ տողիկները։ Դուք այսօր, ձեզի քառասուն տարի ծառայած բազկաթոռին մէջ բազմած, պիտի տեսնէք, թէ միշտ քաղցր է գեղեցիկին ծառայել։
Մ. Նալբանդեանը՝ ծառայ
Տաղասաց Սուքիասներու, Աւետիքներու, Նազարէթներու, կամ աշուղ Քուչակներու ծառայութիւնները ընթերցելէ առաջ կը փափաքիմ ցոյց տալ, թէ «ծառայ» բառը հաւատարմօրէն եւ խոնարհօրէն ծառայեց մեր մայրենիին։ Հայը կրօնաւորին կ’ըսէ «Ծառայ եմ աջիդ», իսկ մեծաւորին՝ «Ծառայ եմ հրամանիդ»։ Յարգալից խօսակցութեան մէջ ես-ի փոխարէն կը սիրենք գործածել «ձեր, կամ ձերդ խոնարհ ծառան» արտայայտութիւնը։ Րաֆֆին մեզի տուաւ անոր գեղեցիկ մէկ օրինակը. «Իմ տունը ձեր տունն է, աչքիս ու գլխիս վրայ տեղ ունիք, ես ձեր խոնարհ ծառան եմ»։ Իսկ դուք կ’ուզէ՞ք տեսնել, թէ Խաչատուր Աբովեանը իր նամակներու մէջ ինչ քաղաքավարական ձեւով կը դիմէր Յովակիմեան ազգային բարերարներուն. «Ձերոյն գերազանցութիւն վեհազնեայ Աղայ Յովհաննէս եւ Աղայ Խաչատուր Յովակիմեանք, Ողորմած տեարք եւ անմահ բարերարք։ Ամենախոնարհ ծառայ, Միքայէլ Լազարեան Նալբանդեանց», 1854։ Նալբանդեանի մէկ այլ նամակի աւարտը. «Մնամ կատարեալ հպատակութեամբ խոնարհագոյն ծառայ», 1852։ Իսկ յիշէնք այն հայկական դարձուածքը, թէ «Ծառայ իմաստուն տիրեսց» տերանց անմտաց», այնինքն, յարգելի ընթերցող, դուք եթէ ծառաներ ունիք ձեր ապարանքի մէջ, պէտք ըլլալ խիստ զգոյշ, քանզի, իմաստուն ծառան կը տիրէ անմիտ տէրերուն։
Ծառայ եմ փախլաւային
1673 թուականին պատահեցաւ շատ ծիծաղելի դրուագ մը։ Իր «որկորդին ծառայ» քահանայ մը կերաւ՝ … ։ Յարգեի ընթերցող, եկէ՚ք տաղասաց Սիմէոն Ղրիմեցիի բառերով պատմեմ այդ զաւեշտը. Սուրբ Յարութեան երեկոն էր։ Ըստ սովորութեան եկեղեցւոյ մէջ պատրաստեցին ու պահեցին կերակրեղէնը, ըմպելիքը, ինչպէս նաեւ մեծ սինիի մէջ՝ «… Մեղրով շինած փախլաւաներ, / Երբ պատարագն որ արձակէր, / Մեծի փոքրի բաժանէին»։ Մեծ երեցը ըսաւ. Բերէք ինծի փախլաւան եւ արախը (օղի), ես կը պահեմ մինչեւ վաղը։ Երեցը, ինչպէ՞ս գիտնաին թէ ունէր այլ միտք. «Հաւատացին նորա ստին. / Թէ տէրտէրն սուտ չի խօսիր»։ Գիշերը, մութին, մէկը չկար որ տեսնէր, փախլաւան եւ օղին, տէրտէրը առաւ՝ իր տունը տարաւ։ Տէրտէրը իր փեսային հետ սեղան նստեցաւ։ Առաւօտն լուսացաւ։ Պատարագը վերջացաւ։ Կերակուր բերողները եկան, զարմացան. ո՚չ արախը կար, ոչ ալ փախլաւան։ Աղմկեցին։ Փնտրեցին։ Տունէ տուն խուզարկեցին։ Վերջապէս գտան. «Ելաւ տնէն մեծ տէրտէրին։ / Քաղաքը զայս ամէն իմացաւ»։ Տեղացիները զարմացան։ Խաներու մէջ վաճառականները բարկացան։ Միաբերան անիծեցին։ Յարգելի ընթերցող, ուսուցողական է այս 30 տուն տաղը եւ խիստ ծիծաղաշարժ։ Յուսամ օր մը ամբողջը ընթերցէք։ Իսկ Ղրիմեցին աւարտին ըսաւ, թէ որկրամոլը «չար տզրուկ է» (օղակաւոր որդ, «սիւլիւք»), ապա բարոյական խրատ մը տուաւ մեզի. «Ով սիրելիք ի միտ ածէք / Ագահն չէ աստուածապաշտ / Այլ է ծառայ պիղծ որկորին… Ծառայ է միշտ որովայնին»։
Պէշիկթաշի ծառաները
Դուք, յարգելի ընթերցող, նկատա՞ծ էք, թէ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ» թատերախաղի մէջ մարդիկ մեծին ինչպէ՚ս կու տային յարգալից բարեւներ, ինչպէ՚ս կը խոնահրհէին բարերարի, մեծահարուստի կամ մեծատունի առջեւ։ Ահա այդ խաղէն առնուած երեք խօսք. «Ծառայ եմ մեծապատւութեանդ, մեծապատիւ տէ՚ր», «Ծառայ եմ ձեր մեծապատւութեանը», «Մնամ ձեր մեծապատւութեան ամենախոնարհ ծառայ»։ Իսկ Պարոնեանը նկատեց, թէ մայրաքաղաքիս Պէշիկթաշ թաղի հայերը երկու բան պակաս չեն ըներ իրենց բերանէն, ծխախոտը եւ «ծառայ եմ» խօսքը։ Պարոնեանը բացատրեց, թէ որքան «ծառայասէր» է Պէշիկթաշցին. «Եթէ օր մը հարիւր անգամ «ծառայ եմ» չըսէ՝ հետեւեալ օրը պաշտօնէն կը հանուի։ Այս խեղճերը պաշտօնէ չզրկուելու համար վարժապետի մը երգ մը շինել տուած են «ծառայ եմ» նաքարաթով»։
Հազար փուշի ծառան
Հայկական լեռնաշխարհի վրայ, յարգելի ընթերցող, եղան օրեր, գարնան առաւօտ էր, հայ տղան նոր բացած պարտէզի մէջ տեսաւ իր վարդաբոյր, վարդաբերան, վարդերես եարը։ Տղան աշուղ դարձաւ, յօժարեցաւ գեղեցիկին ծառայանալ։ Հայկական միջնադարեան բանաստեղծութեան մէջ անհամար են հողեղէն կոյսին ծառայ դարձած տաղասացներու երգերը։ Այս գիշեր, սիրավառ տողիկներու փունջ մը համադրեցի ձեզի համար։ Ազատօրէն կարդացէք զանոնք։ Սակայն ձեզ կը զգուշացնեմ, այնքան գրաւիչ են անոնք, հմայիչ եւ դիւթիչ՝ որ կարելի չէ անոնց ծառան չդառնալ. «Շօշափ բերին միայն տերին՝ Նազարին, Նազարին, / Քո հասրաթէդ (կարօտէդ) ծառայ աշըղ Նազարին, Նազարին», Աշուղ Նազարէթ, «Ոսկի կայ ի քոյ միջին / Եւ ոսկերիչն ի ներս կու բանի, / Ծառայ ոսկերչին մեռնիմ», անանուն, «Հազար փշին ծառայ լինիմ վարդին համար», Անդրէաս Արծկեցի, «Աչերտ ի ծովու նման, / Ծով աչիտ ծառայ լինենամ», անանուն։
Գարնան ծառան
Միթէ՞ քաղցրաբոյր վարդն էր պատճառը, թէ կարկաչիւնը արուակի, գարունն էր աշուղի ամենասիրած եղանակը։ Այն ժամանակ եղանակեց նաեւ քնարերգակ տղան։ Անանուն քառեակի մը մէջ ահա այդ սիրասուն պատկերն է, որ մենք վայելեցինք. «Առաւօտուն պարզեղ հովուն, / Շատ բարեւ տարէք իմ եարուն / Առաւօտուն դէմ ղազերուն (սագ), / Ծառայ մեռնիմ քո մազերուն, / Առաւօտուն դիմաց լուսոյն, / Ծառայ մեռնիմ ես քո տեսուն»։ Մէկ այլ օր տղան բանի մը համար եկեր է աղջկան տունը։ Բակի մէջ յանկարծ յայտնուեցաւ սիրունիկը։ Տղան մոռցաւ, թէ ինչո՚ւ եկեր էր հոն. «Ձեր տունն ի բան» եկի, / Զքեզ տեսայ՝ բանս մոռացայ, / Ոտկունքս ոչ ի յետ կերթայ, / Ոչ յառաջ, սէրկէրտան (քայլամոլոր) եղայ, / Ես քեզի հազար ծառայ»։ Դուք, յարգելի ընթերցող, կը փափաքի՞ք գիտնալ, թէ տղան ինչ պատճառով խառնուեցաւ. «Աչերդ դու հանց ունիս, / Աջն երէ, ձախն խորովէ, / Ունքներտ դու հանց ունիս, / Զանձս քեզ ծառայ գրել է»։
Ծոցիդ ծառայ
Հայ աշուղը փափաքեցաւ օրիորդիկին ծոցին ծառայել։ Անոնցմէ մէկն էր 16-րդ դարուն ապրած Օքսուզ (Որբուկ) Աւետիքը. «Իմ անուն Աւետիք ու քուկն է Սառայ, / Դուն ինձի պարոն ես, ես քեզի ծառայ, / Հանէ ծոցուդ, հայիմ, թէ չէ ես մեռայ»։ Իսկ ղարիբ Մկրտիչի սիրածը, վա՜յ, ի՚նչ պատկեր… Աշուղը քսան տուն ոտանաւոր հիւսեց այդ գեղեցիկը նկարագրելու համար։ Կարելի չէ ամբողջը մէջբերել։ Հետեւաբար, փորձեմ համառօտել. «ՏԱՂ ՄԿՐՏՉԻ ԱՍԱՑԵԱԼ ԱՆՈՒՇ ։ Սէրն սիրով պիտի, չպիտի ճորով, / Քե՚զ ասեմ, ինձ լսէ, կարմիր ու ճերմակ. / Աջապ է՞ր ձգեցիր զիս կրակ ու բոց, / Ծառայ լինամ քեզի, առ գերիդ ի ծոց / Ծառայ լինիմ, եար, քո սեւ աչերուդ / Ա՚ռ դու զիս զգերիս ի մէջ ծծերուդ, / Երնեկ իմ աչերուս, որ զքեզ տեսայ, / Ծառայ լինիմ քեզի, մուրատիս հասայ»։ Իսկ Սահակ Տիրացուն, 1500-ներուն գեղեցիկին նուիրուած քերթուած մը գրեց՝ «ՏԱՂ ՍԻՐՈՅ ԱՍԱՑԵԱԼ Ի ՍԱՀԱԿ ՏԻՐԱՑՈՒԷ»։ Այդ ոտանաւորով Տիրացուն ուզեց իր սիրականին գովել. «Սիրական եար, կուզեմ թէ քեզ գովել, / Փառք տամ ստեղծողիս, որ քեզ յօրինել»։ Ըստ Տիրացուի, իր սիրածը պատուական պատկեր էր, աչքերը կանթեղ էին, յօնքերը՝ կամար, երեսները արեգակ, ակռաները՝ մարգարիտ, շրթունքը հիւանդի դեղ։ Անոր սիրածը «անուշախօս կաքաւ, քաղցրաձայն պիւլպիւլ» էր, ծոցը՝ բախչա (պարտէզ), կարմիր վարդի պէս բացուած։ Քերթուածի աւարտին աշուղ տղան յանձնուեցաւ այդ գեղեցկութեան. «Քեզի ճորտ կու դառնամ, ծառայ կամ թէ ղուլ, / Ղապուլ արա, դուռդ պահէ, նազլի եար»։ Նոյն վիճակի մէջ էր աշուղ Սուքիասը. «Ի ձեռաց վարդին գանգատ պիւլպիւլին. / Սիրուն պիւլպիւլիդ ծառայ եմ ձայնին»։
Ձեր ծառան Քուչակը
Ամէն ծառայութիւն իր աւարտը ունի։ Մենք երկու շաբաթ ընթերցեցինք «ծառայ» բառի գրական պատմութիւնը, իսկ այժմ հասաւ հրաժեշտի ժամը։ Ես կ’առաջարկեմ, որ մենք, հայկական գրականութեան հաւատարիմ ծառաներ, տեսնենք, թէ քսանամեայ Նահապետ Քուչակը որո՞ւն ծառայած էր։ Յաջորդ յօդուածիս ալ մէջ ձեզի կը պատմեմ «անտարբեր» բառի զգուշաւոր պատմութիւնը.
Ծառայ այն ճակտին լինիմ՝
մարգարտէ քրտինք կու ցօղայ.
***
Ես քեզի հազա՚ր ծառայ
***
Ծառայ քո դնչին մեռնիմ,
որ ճերմակ է զէտ կարագ եղ.
***
Ստեղծո՚ղ, զքո ստեղծած ծառայն
մի՚ մատներ ի ձեռն սիրոյն։




