Կաղանդը հայկական քաղաքներու մէջ, (Գ)
Եօթը սեղանի պատմութիւնը
Երկու շաբաթէ, Հայկական լեռնաշխարհի վրայ կը քալենք քաղաքէ քաղաք, գիւղէ գիւղ, կաղանդի հայաճաշակ սովորութիւններուն ականատես ըլլալու եւ ամանորեայ տոհմիկ, ճոխ սեղանները վայելելու նպատակով։ Մենք ճաշակեցինք վանեցիներու «բէկեղը», բալուցիներու «խորուն», մարաշցիներու «ըռպէվ շորվոն», ռումտիկինցիներու նախշազարդ գաթան եւ կարնեցիներու տարեհացը, այնքան մեծ էր վերջինը, որ բաւեց նահապետական ընտանիքի բոլոր անդամները, քաղաքի աղքատները, ուղեւորները, ուխտաւորները, ոսկի աղբիւրները, ձիւնազարդ լեռները, սպիտակափայլ մարգերը, ինչպէս նաեւ ձեզ ու մեզ կշտացնելու։ Իսկ աւարտին, գիշերուայ կէսին, դիմաւորեցինք նոր տարին՝ փառք տալով բաժակին եւ հայ ազգին. «Ուտենք, խմենք անոյշ գինին, ասենք ողորմին, ողջութիւն հայոց ազգին»։ Իսկ այսօր մեր վերջին այցելութիւնները կատարելու օրն է։ Գիտեմ, եօթը սեղանի եօթը ճաշով կշտացանք բոլորս ալ։ Սակայն, եոզղատցիները, հաճնցիները, զէյթունցիները, արաբկիրցիները, մալաթիացիները կը նեղուին, եթէ մտնենք տուն, նստինք սեղան, ապա ըսենք թէ «կուշտ ենք»։ Իսկ կայսրներու, թագաւորներու, սուլթաններու վայելուչ քաղաք Ամասիան, մեր վերջին հանգրուանը, պատրաստ է մեզ գալ շաբաթ ընդունելու։
Է.
Կաղանդը Եոզղատի մէջ
Ջերմ «ակամօր» մը
48 հայկական գիւղ, 80 հազար հայ բնակիչ ունի քաղաքը։ Ո՞վ գիտէ կաղանդի ինչ հարուստ աւանդութիւններ ունի ան։ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ գմբէթը ահա կը հսկէ քաղաքին։ Շուկայի մէջ հայ դարբիններ, դերձակներ նոր տարին դիմաւորելու համար կանուխէն կը գոցեն խանութները։ Տեսէք, ի՚նչ եռուզեռ կայ հրապարակի, փողոցներու վրայ։ Տօնական զուարթ ձայներ կու գան Արիւծեան եւ Վահանեան երկսեռ վարժարաններու պարտէզներէն։ 700 աշակերտ անհամբեր կը սպասէ, որ Ակամօրը գայ եւ իրենց նուէրներ բերէ։ Ակամօրը եոզղատցիներու ամանորն է։ Այժմ, յարգելի ընթերցող մտնենք հայրենակիցի մը տունը եւ վայելենք անոնց հիւրասիրութիւնը. «Ուտենք, խմենք անոյշ գինին, ասենք ողորմին, ողջութիւն հայոց ազգին»։
Վառեցնիք մոմեր
Բազմաթիւ են վաճառաշահ Եոզղատ քաղաքի բարեկեցիկ հայ ընտանիքները։ Անոնց տուները երկյարկանի, քարուկիր ապարանքներ են, ունին դէպի փողոց ցցուած «ճումպա»ներ, եւ բազմաթիւ պատուհաններ։ Կաղանդի գիշերը այդ պատուհաններէն ուրախութիւն, երգ ու ծիծաղ կը յորդի։ Ահա Պապայիկիթեաններու ապարանքը, ուր տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Աղաւնի Պապայիկիթեանները իրենց մեծ ընտանիքով նստած են շքեղ սեղան։ Սեղանի վրայ, տան բոլոր անդամներու համար վառած է մոմ մը։ Նոյն պատկերը դուք կը վայելէք Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Մաքրուի Էնֆիէճեաններու տան մէջ, կամ Պարիկեաններու բնակարանի մէջ։ Մենք, եկէ՚ք այցելենք Գարալեաններ ընտանիքը։
Բաղարջներու փառատօն մը
Տիկին Գարալեանը Ակամօրի համար թխած է բաղարջ։ Տան աղջիկները, ըստ հին սովորութեան, երկրագործական գործիքներու տեսք տուած են խմորին։ Սեղանի վրայ դուք կը տեսնէք «խոփ» մը, «մաճ» մը, «անիւ» մը, «լուսին մը»։ Բոլորի վրայ պատարաքաղով նախշեր են գծուած։ Ախորժաբեր այդ բաղարջներու երեսը զարդարուած են սեւ սոնիճով եւ քունջութով։ Տիկին Գարալեանը չէ մորցած անոր մէջ դրամ մըն ալ պահել։ Յիշեցնեմ, թէ եոզղատցիները այդ բաղարջը «պաք-հաս» կը կոչեն, այսինքն՝ պահքի հաց։ Սեղանը կը բուրի կարմիր գինի։ Նահապետական ընտանիքի բոլոր անդամները, ներառեալ տան ութը զաւակները, հինգը աղջիկ, երեքը տղայ, իրենց բաժակները կը վերցնեն եւ կը շնորհաւօրէն Ակամօրը. «Ուտենք, խմենք անոյշ գինին, ասենք ողորմին, ողջութիւն հայոց ազգին»։
«Օսկէ ճուր» ինծի կեանք տուր
Ամանորի առաւօտ կիները եւ աղջիկները կը շտապեն աղբիւր։ Անոնք գարի, ցորեն եւ ածուխի փոշի կը թափեն աղբիւրին։ Աղջիկները եւ նոր հարսերը իրենց կուժերուն մէջ կը լեցնեն տարուան առաջին ջուրը, որ կը կոչուի «Օսկէ ճուր»։ (Նոյնը Կեսարիոյ եւ իր գիւղերու մէջ, ներառեալ՝ Կիկի կոչուած, զուտ հայաբնակ հեռաւոր գիւղի մէջ) Դուք, յարգելի ընթերցող, մօտեցէք այդ բարի աղբիւրին ու լսէք կիներու երգը. «Առ քեզի գարին՝ տուր մեզի բարին, / Առ քեզի քոմուր (ածուխ)՝ տուր մեզի օմուր (կեանք)»։ Իսկ բաղարջնե՞րը։ Աղբիւրի պաղ ջուրով կը ցօղեն եւ անցորդներուն կը բաժնեն անոնք։ Մի՚ զարմանաք. տան անասուններն ալ վայելեն այդ բաղարջէն բաժին մը։ Քանզի ակամօրը նաեւ «Կենդանիներու զատիկ» է։
Կարեցի Յուդայի աչքը
Նոր տարուայ առաջին առաւօտն է։ Բոլորէն առաջ արթնցած են Տիկին Աղաւնին, Տիկին Մաքրուհին, Տիկին Պարիկեանը, Տիկին Գարալեանը եւ Եոզղատ քաղաքի բոլոր հայուհիները։ Իրենց մեծ աղջիկները նստեցուցած են իրենց ծունկին տակ։ Անոնք, ըստ շատ հին սովորութեան, ասեղ-դերձան մը առած կը հիւսեն։ Լուռ արարողութիւն մըն է ան, որ կը կոչուի «Յուդային աշկը պանել», այսինքն Յուդային աչքը կարել։ Եթէ չկարեն, Աստուած պահէ, Յուդան կը նկատէ, կու գայ եւ իրենց ընտանիքին չարիք կը հասցնէ։ Բայց այս տարի ուրախանանք. չկայ չարիք, կարը կարեցինք. «Ուտենք, խմենք անոյշ գինին, ասենք ողորմին, ողջութիւն հայոց ազգին»։
Ը.
Կաղանդը Զէյթունի մէջ
Զէյթունի փողոցները ուս-ուսի
4 թաղ, 4 դպրոց, 4 եկեղեցի։ Աղջկանց մասնաւոր դպրոց, 600 աշակերտ։ Ս. Փրկիչ վանք, Աստուածածին վանք։ Փողոցները՝ վեր-վեր, շարք-շարք, ըսես՝ ուս-ուսի։ Ահա Զէյթունի համայնապատկերը։ Մտէք Զէյթուն ու դուք ձեզ կը գտնէք լաբիւրինթոսի մը մէջ։ Ահա անոյշ-անոյշ կը ղօղանջէ Սուրէնեան թաղի Ս. Աստուածածինը, Յակոբեան թաղի Ս. Սարգիսը, Շաւրոյեան թաղի Ս. Յովհաննէսը եւ Եէնի-Տունեան թաղի Ս. Լուսաւորիչը։ Իսկ բնակիչնե՞րը. 1045 թուականին Անի քաղաքէն գաղթած եօթը ընտանիքի զաւակներն են անոնք։ Քաղաքի բուն անո՞ւնը. «Անի-Ձոր»։ Հիները կը յիշեն։ Բազմատաղանդ արհեստաւոր է զէյթունցին, միեւնոյն ժամանակ լաւ այգեպան եւ հմուտ գինեգործ։ Յիշեցնեմ, թէ զէյթունցին նաեւ զինագործ է։ Ան սուլթանէն արտօնութիւն ունի իր սեփական պաշտպանութեան համար երկաթեայ եւ պղնձեայ զէնքեր շինելու, վառօդ եւ կայծքար արտադրելու։
Բարի եկար «Նիւ Տայի»
Կաղանդի եռուզեռ կայ Սուրէնեան թաղը տանող Կարասի կամուրջի եւ Յակոբեան թաղը տանող Շուղուրի կամուրջի վրայ։ Վարպետ դարբինը կ’ողջունէ ատաղձագործը ու կը շտապէ տուն։ Կօշկակարը կը բարեւէ դերձակը եւ կը շտապէ տուն։ «Նիւ տայի» է։ Տան մէջ՝ այդ ի՚նչ սեղան… Ինչ որ ուզես կայ. ոսպնաթան, տակապուր, հափուսա, փոշեջուր… Մարաններէն եկած են չամիչ, ընկոյզ, պաստեղ, նուռ, սերկեւիլ, թուզ… Ահա ժամը ինը եղաւ։ Տանիքներէն փորքիկ տոպրակներ յայտնուեցան։ Ի՞նչ կ’ուզեն 14-18 տարեկան երիտասարդները։ Կաղանդի երգեր կ’երգեն՝ թուզ կ’ուզեն, շարոց կ’ուզեն, բարի Նիւ Տայի կ’ուզեն։ Եթէ բախտաւոր են տոպրակը կը քաշեն եւ մէջը «մէթէլիքնիւց» (մէթէլիքնոց, 1 մեթելիք = 0,25 ղուրուշ = 10 փարա) կը գտնեն։ Բաժակները վերցնենք զէյթունցիներու համար. «Ուտենք, խմենք անոյշ գինին, ասենք ողորմին, ողջութիւն հայոց ազգին»։
Թ.
Հաճըն, Արաբկիր, Մալաթիա
Բարի հովիւներու կաղանդը
Ժամը կը մօտենայ։ Բոլոր հաճընցիները գացած են քաղաքին արեւմտեան կողմը՝ Սուրբ Յակոբ վանքը։ Ամէն տեղ վրաններ, ամէն տեղ երգ ու ծիծաղ։ Ահա կէս գիշեր է։ Զանգակները սկսան նոր տարին աւետել։ Ապա, հաճընցիներու յատուկ թատերական պատկեր մը կը բեմադրուի. քաղաքի երիտասարդները հովուի տարազ հագած «Խորհուրդ Մեծ» կ’երգեն միաբերան։
Փերփերի աղցանս կերայ
Մինչ, Արաբկիրի մէջ բոլորը նստած են սեղան։ Բառարանագիր Թադէոս Աստուածատրեաններու, բանասէր եւ թարգմանիչ Դաւիթ Բեկերու, յայտնի բանաստեղծ Վահագն Դաւթեաններու ծննդավայր Արաբկիրը տունն է նաեւ Մայր, Թարգմանչաց, Զարուհեան եւ 11 այլ վարժարաններու։ Տաղանդաւոր արհեստաւոր է արաբկիրցի հայը։ Կաղանդի գիշեր կտաւագործ, ջուլհակագործ, մանածագործ, ոսկերիչ, մետաղագործ, զինագործ, պղձագործ եւ օճառագործը ամանորը կը դիմաւորէ ընկոյզով պատրաստուած փերփերի աղցանով։ Այդ տոհմիկ աղցանը պէտք է ճաշակել, որպէս տարեմուտի առաջին պատառ։ Ահա պատրաստութեան ձեւը։ Մի գուցէ, դուք ալ վայելեք այդ ընտիր ճաշը. Փերփերի աղցան ընկոյզով.- 0.5 քկ. փրփրեմ, 1 գաւաթ ընկոյզ, 3 պճեղ սխտոր, աղ։ Թեթեւակի խաշել փրփրեմը, ապա քամել ջուրը։ Աւելցնել մանրուած ընկոյզը, աղն ու ճզմուած սխտորը։ Այսքան պարզ։ Բարի ախորժակ։ «Ուտենք, խմենք անոյշ գինին, ասենք ողորմին, ողջութիւն հայոց ազգին»։
Տեսայ «Արծաթ ջուրը»
Մալաթիոյ պատանիները կաղանդի գիշեր «կախուկս տուէք» խաղացին, չիր ու չամիչ հաւաքեցին, տոպրակի մէջ ընկոյզ, գաթա, շարոց լեցուցին։ Մանուկները քիչ մը կանուխ մտան անկողին։ Որոհետեւ, չար ոգի «շուոտ»ը կու գայ մեզ կը տանի կարծեցին։ Մեծ մայրը, որպէսզի ամբողջ գիշեր լոյս ըլլայ, փայտի խոշոր կտոր մը դրաւ քովը կրակին։ Իսկ երիտասարդները աղբիւր շտապեցին։ Անոնք «Արծաթ ջուրը» տեսնել ուզեցին։ Աղբիւրի ճամբուն վրայ երգեցին ու խաղացին։ Ջուրին գարի, ցորեն ձօնեցին։ Փեսայի հայրը, մայրը իրենց սիրունիկ հարսին մեծ-մեծ զամբիւղ մը նուիրեցին։ Մէջը ինչե՜ր չդրին… Չամուսնացած աղջիկները թոնիրները երեք անգամ աւլեցին։ Գացին, աւելը բարձի մը տակ դրին։ Տարին ըլլայ բարի, ըսին։ Իսկ սեղանի վրայ անոնք փերփերապուր մը բերին, պատիւով, ախորժակով վայելեցին։ Ապա շիշ-շիշ գինի բացին, կենաց բաժակ վերցուցին. «Ուտենք, խմենք անոյշ գինին, ասենք ողորմին, ողջութիւն հայոց ազգին»։
(Շար.)

