Կայմէն դիտեցի քեզ
Ամիս մը առաջ, յարգելի ընթերցող, հայկական գրականութեան թաքնուած գոհարները որոնելու համար իջած էինք «անդունդ»։ Այդ խոր ու խորհրդաւոր մթութեան մէջ, ի՜նչ հրաշք, կը փայլատակէր «անդունդ» բառի լուսաւոր պատմութիւնը,- ինչպէս նաեւ հայոց գրականութեան եւ լեզուի անդնդապահ գանձերը։ Իսկ այսօր, կ’առաջարկեմ, որ մենք ըլլանք կայտառ ու բարձրանանք «կայմ»։ Հայկական գրականութիւնը, այդպէս չէ՞, հսկայ առագաստ մըն է եռակայմ։ Այդ կայմերէն աւագն է գրաբարը, իսկ կրտսերները՝ արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը։ Այսօր, կայմի արեւոտ բարձունքէն, յարգելի ընթերցող, ձեզ կը վստահեցնեմ, որ դուք պիտի կարենաք դիտել հայկական գրականութեան նոյնիսկ ամենահեռաւոր ափերը։ Ուստի, ամուր բռնենք կայմապարանը, ձեռքի եւ ոտքի ճկուն շարժումներով մաքլցինք կայմէն վեր, ուռած առագաստները տեսնելով ուրախանանք, ապա մենք կայմահարթակի ապահովութեան մէջ վայելենք այս գրական նաւուղղութիւնը։
Կայմն խոնարհեցաւ
Գիտէ՞ք, թէ այսօր ես ինչո՚ւ փափաքեցայ «կայմ» բառի պատմութիւնը գրի առնել։ Մեր առագաստանաւու հանդէպ հիացում եւ զարմանք. երկիւղ նաեւ։ Ուրիշ, ի՞նչ։ Որովհետեւ, հակառակ կործանիչ փոթորիկներու, հակառակ անոր կողերը հարուածող վայրենի ալիքներու, չխորտակուեցաւ ան։ Առագաստները հեշտութեամբ ընդունեցին բքաբեր հովերը։ Ճոճուեցաւ կայմը, բայց չխոնարհեցաւ ան։ Երեքալեան կոհակներ հարուածեցին անոր շինուածքը։ Բայց, անշեղ գնաց ղեկը։ Առասանները պինդ մնացին։ Այդ կայմը որ ունինք, Լիբանանի նոճիներէն կամ սրբազան մայրիներէն շինուած ամրութիւն, ունի Աստուածաշունչով սկսող գրական յիշատակութիւն. «Տախտակք նոճիք ի Լիբանանէ առան՝ առնել քեզ կայմս»։ Ս. Գիրքի մէջ կայ նաեւ կայմի երկրորդ պատկեր մը՝ խարխուլ եւ անօգնական նաւու փոխաբերութիւն մը, որ կը նկարագրէ Աստուծոյ զօրութեամբ լիակատար պարտութիւն կրած թշնամին. «Խզեցան պարանք քո՝ զի ոչ հանդարտեցին, նոյնպէս եւ կայմն խոնարհեցաւ»։ Իսկ Գրիգոր Նարեկացիի համար իր անձն էր խորտակուած կայմը։ Այժմ ականջ տանք անոր Մատեանին։
Ողբացող նաւապետը
Գրիգոր Նարեկացին օր մը Վանայ ծովու ափին ականատես եղաւ առագաստի մը խորտակման։ Ցնորք մըն էր ան փոխաբերական։ Մատեանի մէջ Նարեկացին տեսաւ արտասուալից նաւավար մը, որ իր ընկղմող նաւուն առջեւ կ’արտասուէր ձեռքը ծնօտին դրած։ Նաւուն առասաններն էին խզուած, դիտարանը խոնարհուած, շինուածքը իր զարդարանքէն զրկուած, ապաւանդակին պարանը կտրած, տախտակաշարը անջատուած, գահաւորակը շփոթած, ողնափայտը բեկուած, առագաստները անկարկատելի՝ ծուէն-ծուէն պատռտուած, խարիսխին ապաւինութիւնը լուծուած, վանդակապատին վայելչութիւնը անշքացած, իսկ կայմը՝ շատոնց իր ամբարձման տեղէն հիմնովին դուրս ելած. «Կայմն ամբարձման ի կայից իւրոց խլեցաւ»։ Միջնադարուն մատենագիր այրեր այլ կայմեր հաստատեցին մեր գրականութեան շինուածքի մէջ։ Ահա քանի մը ցցուած օրինակ. «Ի թոյլ կայմս նաւի հասեալ հողմ», «Զկայմն կանգնեաց», «Կայմն խոնարհեցաւ. եւ ոչ իջուսցէ զմանր կայմսն»։ Մինչ հայկական կայմերու վրայ կը ծածանէին Կիլիկիոյ դրօշակները, մեր մայրենին ալ դարձաւ «բազմակայմ»։ Հայոց լեզուն «կայմ» բառով շինուած երկու տասնեակի չափ բառ ունի։ Ահա քանի մը գոյական, եւ քանի մը ածական. կայմաձող, կայմահարթակ, կայմախոռոչ, կայմագլուխ, ցռկակայմ, անկայմ, ինչպէս նաեւ Կիպրոսէն Ղրիմ, Տրապիզոնէն Վենետիկ նաւարկող մեր նաւերը՝ միակայմ, երկկայմ, եռակայմ եւ քառակայմ։
Կեանքիս ջարդուած կայմը
Երբ առագաստներու դարաշրջանը իր աւարտին հասաւ, եւ անոնք յաւերժական հանգիստի համար մտան նաւարաններու գոգը, «կայմ» բառն ալ, համակերպուելով նոր հովերու ուղղութեան՝ փոխեց իր իմաստը։ Փոխանակ երկնասլաց նոճի կամ մայրի մը ըլլալու, «կայմ» գոյականը դարձաւ քնարական բառ։ 19-րդ դարուն բանաստեղծի բեկը բեկուած հոգին էր «կայմ»։ Մեր արեւելահայ կայմի բարցունքէն, ահա դուք կը տեսնէ՞ք Չարենցը, Սեւակը, Դեմիրջեանը, Սահեանը…։ Սահեանը, իր առնելիքը առած եւ տալիքը տուած մարդ՝ ծով ինկած եւ աննպատակ տարուբերուող կեանքի իր կայմի առջեւ ողբաց. «Ինձ բաց թողէք, ես գնամ։ / Թող ամէն ինչ մնայ ձեզ… / Կայմ ու կողերը ջարդուած, / Անառագաստ ու անղեկ / Եւ անդրօշ նաւի պէս / Ինձ բաց թողէք, ես գնամ»։ Դերենիկ Դեմիրճեանը, յուսաբեկ, կեանքը աւեր եւ սին, մենակ, անելի մատնուած մարդ՝ երգեց տխուր երգ մը. «Ծովի բացերին, հեռո՜ւ վայրի, / Ուր մրրիկն է տրտնջում զուր, / Ընկած է ծոցն ալիքների / Մի կայմ՝ արդէն բեկուա՜ծ, տխուր…»։ Պարոյր Սեւակի համար դալարագեղ բարդի մըն էր կայմը։ Բանաստեղծի երեւակայութիւն։ Գիշեր էր. Սեւակը նայեցաւ լեռներուն։ Անոնք դաշիւնաձեւ էին։ Տեսաւ անդունդներ եւ վիհեր։ Այդ խորութիւնները վէրքի նման էին։ Ապա բանաստեղծը սլացիկ բարդի մը նկատեց. «Սլացիկ բարդի, ասես կանաչ մի կայմ, / Որ նաւում է դէպի ծոուածաւալ երկինք»։ Իսկ Չարենցը, կամքի եւ կարմիր երազի քերթողը, մեզի բացատրեց, թէ կայմը կեանքի կամքն է. «Կեանք իմ՝ / կանգնած դեռ կանգուն / Կա՜մք, դու կայմեր կամեցար,– եւ կամարներ կամաւոր»։
Սիլիվրիի այրած կայմը
Հայկական գրականութեան եռակայմ առագաստի արեւմտեան կայմի դիտարանէն ի՞նչ հեշտ է նկատել Մարմարայի ափերը, Իշխանաց կղզիներու հիւրընկալ մատոյցները եւ Վոսփորի ծովախորշերը։ Հոն Չրաքեանը եւ Սեւակը կայմի պատկերով երգեցին իրենց կեանքի հէքիաթը։ Ռուբէն Սեւակը, 1909 թուականն էր, իր ծննդավայր Սիլեմվրիոյ (Սիլիվրի) ծովափնեայ բարձրունքէն դիտեց հսկայ առագաստանաւու մը հրկիզումը, ունկնդրեց անոր ճարճատիւնը. «Մո՜ւթ հրճուանքով օր մը տեսայ թէ ինչպէ՜ս / Մեղմ գիշերով, հանդարտօրէ՜ն, ծուլօրէ՜ն, / Նաւ մը հսկայ կրնար այրիլ շիւղի պէս։ Ո՞վ էր մեղաւոր… Դաւադիր ծովը. Դաւադիր ծով մ’էր, անալիք, ահաւոր, / Արիւնի գոյն ներկած էր ջո՚ւրը գինով, / Այն իրիկուն չէր շառաչեր մինչեւ որ / Նոր կայմ մըն ալ չիյնար կարմիր ճողփիւնով»։ Նոյն տարին, Լոզան քաղաքի մէջ Սեւակը գրի առաւ «Պիտի մեռնի» քերթուածը։ Մահամերձ թռչուն մը, աշնան փոթորիկի մէջ, գորշ ծովու վրայ, ճիչ արձակելով, ուժասպառ, անյոյս կը սուրար։ Բայց հեռու է ափը, շատ հեռու. «Հեռո՞ւն. ո՚չ գիծ մը տարտամ։ Հեռո՞ւն. ո՚չ կայմ մը նիհար։ / —Ինկի՜ր, ինկի՜ր, խե՜ղճ թռչուն, ծովերու մէջ թէ ծաղկաց, / Պահ մը առաջ, պահ մը ուշ, Մահը նոյն Մահն է անա՜նց…»։ Իսկ Ինտրան, Սկիւտարի բարձունքներէն դիտեց Վոսփորի խաղաղ հոսող ջուրերու անհուն կապոյտի վրայ ընթացող նաւ մը։ Նաւը մնան էր Ինտրային. առանձին. խաղաղ. յանդուգն. աննշան անհունութեան մէջ լուռ. մռայլ։ տարտամ. տատանող։ Ապա Չրաքեանը պոռթկաց. «Ա՜հ, սոսկալի՜ մտածումներ, …ա՜լ հերի՚ք… / Նա՜ւ հեռաւոր, նա՜ւ անվեհեր, նա՜ւ յանդուգն…, / Թո՜ղ վերջալոյս քեզ չլինի՜ աղիտաբեր… / Թո՜ղ քո կայմեր եւ կողդ ներկե՜ն կարմիր, հեղ մ’… / Եւ դու սահի՜ս դէպ հորիզո՜նն անդ, հեռի՜ն…»։
Թղթակազմ կայմեր
Եթէ, մտածեցի, հայ գիրքը կայմն է հայկական գրաւոր մշակոյթին, ուրեմն, «կայմ»բառը բիւր անգամներ յայտնուած պիտի ըլլար գիրքի մը կողքին վրայ։ Իմ համեստ մակոյկիս հետ հայկական գրատպութեան ովկիանոսի մէջ նաւարկութիւն մը կատարեցի։ Որոնեցի կայմեր։ Աւա՜ղ… Հազիւ երկու բեկորի հանդիպեցայ ծփացող. «Կարօտի կայմ։ Բանաստեղծութիւններ», Երեւան, 1985 եւ «Կեցութեան կայմեր։ Բանաստեղծութիւններ», Երեւան, 2017։ Մինչդեռ, մտածեցի ափսոսալով, կարելի էր բազմաթիւ այլ անուններ հնարել։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, թող մեր առատաձեռնութիւնը ըլլայ ծոուածաւալ, ու «կայմ» բառով շինենք գիրքի նոր անուններ, մի գուցէ օր մը բարեխիղճ հեղինակը իր հորիզոնի վրայ նկատէ զանոնք. «Ինկած կայմը։ Թատերախաղ, ընտանեկան ողբերգութիւն», «Կեանքիս կայմը։ Մարտիկի մը օրագիրը», «Կայմ բեկեալ։ Հոգեւոր ճառեր, քարոզներ», «Ջախջախուած կայմը։ Սիրային քառեակներ», «Կանգուն կայմը։ Անկախութեան պատմավէպը», «Կայմերը չտապալուեցան։ Էջեր Կ… քաղաքի ինքնապաշտպանութեան օրերէն»։
Կայմը լերան վրայ
Եթէ դուք, յարգելի ընթերցող, Հայաստանի մէջ, բարձունքի մը վրայ, պողպատէ լարերով ամրացուած կայմ մը տեսնէք, մի՚ զարմանաք. «Ձայնասփիւռի կայմ» է ան։ Անշուշտ, թէ «կայմ» բառը պիտի յարմարէր ժամանակակից կեանքի պահանջներուն։ Հպարտութիւն է նաեւ, որ անկախ երկրիս դրօշակը կը ծածանի կայմի մը վրայ։ Իսկ կայ նաեւ ծիծաղելի կայմ մը։ Վահան Թոթովենցի հօրաքրոջ ատամները։ Դուք տեսա՞ծ էք այդ ատամները։ Իր «աւերակ խոռոչ» բերանի մէջ հօրաքոյրը ունեցեր է երեք՝ «կայմ». Ահա պատմութիւնը. «Վա՚յ թէ քնէր, այդ ժամանակ բերանն իրանը չէր— մի անտէր եւ աւերակ խոռոչ, ուր ամէն ինչ մտնում, ելնում էր։ Այդ աւերակ խոռոչից դուռս էին ցցւում նրա իրարից հեռու երեք ատամները՝ ինչպէս ցամաք նետուած հին եւ խորտակուած նաւի կայմեր»։
Ճայը կայմի վրայ
Այժմ, յարգելի ընթերցող, ժամանակն է որ մենք իջնենք հայկական գրականութեան կայմէն, ղեկը յանձնուած մնայ ժամանակին՝ ամենավարպետ նավապետին ու նաւու պատշգամի վրայ, բազրիքին յենած, արեւելքի եւ արեւմուտքի հովերը մեր մազերուն մէջ ընդունելով՝ այլեւս աւարտենք «կայմ» բառի հետ մեր կատարած ծովապտոյտը։ Երգով մը անշուշտ հրաժեշտ պիտի տանք իրարու։ Բանաստեղծ Յովհաննէս Ղազարեանի երգի վերածուած ստեղծագործութիւնն է, որ նուիրուած է հայ ժողովուրդի յաղթական կայմին։ Մինչեւ յաջորդ յօդուածը, շարունակեցէք նաւարկել հայկական գրականութեան բաց ծովուն մէջ.
Ի՜նչ մեղեդիներ մանեցիր, երկիր,
Ի՜նչ արեգակներ մաղեցիր վրաս,
Ի՜նչ ծիածաններ դու կամարեցիր,
Ի՜նչ անրջանքներ, կարօտներ քուրա։
Ես շատ սիրեցի ծառերդ, երկիր,
Քուն մտայ նրանց սաղարթների մէջ,
Աննման սիւքեր խառնեցի երգիս
Ու կապոյտներում թեւածող կայմեր։




