Անտեսուած նրբուհին
Ո՛չ, յարգելի ընթերող, դուք յասմիկը մի՚ փնտռէք վարդերու, մեխակներու կամ կակաչներու բուրաստանի մէջ։ Դիւրաբեկ է ան, նուրբ, սպիտակ, ազնիւ։ Կը սիրէ մնալ ինքնամփոփ։ Նոյն նկարագիրը ունի «յասմիկ» բառը։ Հակառակ անոր, որ քնարական ձայն ունի ան, հակառակ անոր, որ բազմաթիւ տիկիններու համար հաճոյք է, որ իրենք կոչուած են «Յասմիկ», տաղասացները, աշուղները եւ բանաստեղծները անտեսած են այդ գեղեցիկը։ Լոկ քանի մը քնարերգակ թոքախտաւոր նկատած է անոր քնքշութիւնը եւ տողիկ մը նուիրած անոր։ Այսօր, գիշերային այս խաղաղ ժամերուն, ես կ’առաջարկեմ, որ մենք վայելենք անոր գրական բոյրը, որ խիստ հազուագիւտ է, բայց նոյնչափ ալ գրաւիչ։
Մանրատերեւ գեղեցկութիւնը
Ո՞վ էր հայկական այդ հին բառարանի հեղինակը, ուր ամփոփուած է «յասմիկ» բառը։ Կասկած չկայ, թէ բանաստեղծ մըն էր ան իսկական։ Քանզի, երբ մայրենիի այլ բառերը ունէին պարզ սահմանում՝ «յասմիկ» բառը հոն արժանացեր է քնարական նկարագրութեան մը, ճոխացեր՝ բազմաթիւ ածականներով. «Տունկ մանրատերեւ՝ երկայն եւ բարակ եւ կակուղ գաւազանօք. եւ ծաղիկ նորա սպիտակ՝ անուշահոտ յոյժ. իսկ իւղն յասմեան ասի կազմեալ ի սպիտակ մանուշակէ»։ Նոյն բառարանը մեզի կը յիշեցնէ նաեւ ընտիր ածական մը, «յասմիկ» բառի նուէրը մեզի, «Յասմիկակուրծք», յասմիկի գոյնի կրծքով, ճերմակ կրծքով։
Անուշաբոյր դուստրը
Օր մը, անկասկած ջերմ գարուն էր, յասմիկ բառը մարդացաւ. ան դարձաւ հայուհիներու սիրուած անուն։ Սորուելու համար, թէ ո՞վ էր առաջին Յասմիկը, պէտք է երթալ Անիէն երկու մղոն արեւմուտք՝ Բագնայի վանքը։ Առաջին անգամ 13-րդ դարուն (1207-1289-ի միջեւ) այս վանքի արտաքին արձանագրութիւններու վրայ «Յայսմիկ» ձեւով յիշուած է այս անունը։ Այնուհետեւ կամ այլուր աւանդուած չէ։ Ուստի, մերօրեայ «Յասմիկ» անունը նոր հնարուած ձեւ է։ Արդեօք կա՞ն յայտնի Յասմիկներ։ Բազմաթիւ, ինչպէս 1879-1947 թուականներու մէջ ապրած «Յասմիկ» անունով յայտնի բարեսիրտ դերասանուհի Թագուհի Յակոբեանը, որ 1920 թուականին մշակներու եւ զօրամասերու համար ներկայացումներ կը պատրաստէր ու կը բեմադրէր Դիլիջանի եւ անոր մօտակայ գիւղերուն մէջ։
Թօշնած յասմիկը
Պոլսոյ մէջ խաղաղ օրերուն երբ քնարերգակ թոքախտաւորը կ’արբենար գեղեցիկի բոյրով, նկատեց յասմիկը։ Պետրոս Դուրեանի համար յասմիկը սիրոյ, նրբութեան եւ մաքրութեան խորհրդանիշն էր։ Սպիտակ յասմիկը բնութեան անբիծ զաւակն էր։ «Յասմիկ» քերթուածի մէջ Դուրեանը սահուն անցում կատարեց բնութեան պատկերէն դէպի իր ներաշխարհը, դէպի մաքուր սէրը, ապա յիշատակեց իր հոգեւոր յասմիկը, այսինքն իր սիրեցեալը. «Ըսպիտա՜կ յասմիկ, պարտէզին հոգեա՚կ, Ունիս դուն թերթիկք նրբին, հեշտալուր, / Ցօղով օծուն, մեղմիկ, հեզիկ հրեշտակ, / Ծոցդ թաքուցած ունիս անոյշ բոյր»։ Դուրեանի համար քաղցր էր յասմիկի հետ իր վերջին շունչը տալու գաղափարը. «Ու երբոր մահուան հովն ալ ինձ փչէ, / Թող իմ յասմիկիս թերթերը թօշնին. / Անոր յիշատակն ինծի հետ ննջէ, / Ու սուրբ համբոյրով հոգիս աւանդեմ...»։ Իսկ Դանիէլ Վարուժանը փափլիկ զրոյց մը ունեցաւ «լոյս սպիտակ» յասմիկի հետ։ Տղան խնդրեց, որ անոր բոյրը առնէ իր մաղթանքները եւ տանի սիրածին. «Ե՚կ ինձ յասմիկ , / Սիրուն, փափկիկ, / Յոյժ գեղատես… / Բոյրերդ, իրենց՝ /Թող իմ անկեղծ / Մաղթանք խառնեն, / Տանին առ Էն՝ / Որ կեանք երկար / Եւ երջանիկ յար, / Նորա / Տայ»։
Եսայեանի դիւրաբեկ յասմիկները
Միայն Վարուժանը չէ, որ կը զրուցէր յասմիկի հետ։ Զապէլ Եսայեանը, Սկիւտարի մէջ իր պատշգամին վրայ ունէր յասմիկներ, սպանիական տեսակէն։ Իրիկնային ժամերուն Եսայեանը կը խօսէր անոնց հետ։ Օր մը այդ մտերմիկ զրոյցները դարձան պատմուածք, կոչուեցան «Յասմիկներ»։ Դուք կ’ուզէ՞ք ականջալուր ըլլալ, թէ սրտի ի՚նչ գաղտնիքներ կը բանար Եսայեանը իր յասմիկներուն. «Վարդերուն շունչը կը նուազի բայց յասմիկներուն նրբին ու ճերմակ բաժակները կը բուրեն հետզհետէ ստանալով սուր եւ թափանցող ուժգնութիւնը սրինգի դաշնակութեան», «Ճերմակ բաժակները յասմիկներուն իրենց բուրումով կ’արբեցունեն մեզի», «Ե՞րբ բուրած են այսօրուան պէս, յասմիկները, կեանքիս մէջ»։ Օրուան այս ամենաքաղցր ժամուն, ի՚նչ գեղեցիկ է կարծել, թէ դուք ալ ունիք թարմ ջուրի մէջ զետեղուած յասմիկներ եւ անոնց բոյրը այժմ կը զգլխէ ձեզ. «Ու գիշերն ի բուն յասմիկները թարմ ջուրի մէջ զետեղուած, մեր սնարին վերեւ կը բուրեն իրենց դիւրաբեկ կեանքին վերջին րոպէները»։
Յեղափոխական յասմիկը
Ո՞վ կրնար մտածել, թէ յասմիկը օր մը կրնար քաղաքականանալ։ Չէ, մի՚ այլայլիք, մեր երկրի մէջ չպատահեցաւ այդ դէպքը, այլ՝ հեռաւոր Թունիզի մէջ։ Կը յիշէ՞ք, յարգելի ընթերցող, այդ երկիրը ունէր մենատէր նախագահ մը, անունը Զին Էլ-Ապիտին Ալի, 2011 թուականի Դեկտեմբերին, իր ժողովուրդը համաժողովուրդական շարժում մը սկսաւ, քառասուն օր պայքարեցաւ, ապա պաշտօնանկ ըրաւ նախագահին։ Այդ յեղափոխութիւնը միջազգային մամուլի մէջ կոչուեցաւ՝ «Յասմիկներու յեղափոխութիւնը»։ Յիշեցնեմ, թէ յասմիկը Թունիզի ազգային ծաղիկն է։
Լաւագոյն նուէրը
Ափսոս, որ լիբանանահայ չեմ, այլապէս, ձայնապնակներու հաւաքածոյիս մէջ կ’ունենայի Պէյրութի մէջ M.K. Records ընկերութեան կողմէ հրապարակուած ընտիր 45-նոց մը՝ «Առաջին Սէր - Յասմիկներ»։ Ձայնապնակի Բ. երեսի վրայ արձանագրուած է «Յասմիկներ» սիրային երգը, երաժիշտ Սեդրակ էսմէրեան, խօսք եւ երգիչ Միսաք Գայսէրեան։ Նոյն քաղաքի մէջ մենք պիտի գտնէինք նաեւ 1982 թուականին հրատարակուած բանաստեղծութիւններու ժողովածու մը, «Յասմիկներ»։ Իսկ եթէ օր մը յայտնուիք Պոլսոյ մէջ մտէք «սահաֆ» մը, այսինքն հին գիրքերու գրախանութ եւ հարցուցէք.
- Կը ներէք 1978 թուականին տպուած գիրք մը կը փնտռեմ, պատմուածքներու ժողովածու մըն է։
- Անունը ի՞նչ է։
- Զոյգի սիրահար Յասմիկը։
Յասմիկի մեղեդին
Այսօր, յասմիկի բոյրով հարբած ընթերցող, ձեզի հրաժեշտ կու տամ ոչ թէ երգով մը, այլ 1963 թուականին Պոլսոյ մէջ Յովհաննէս Ասպետի կողմէ գրի առնուած յուզիչ քերթուածով մը, որ արժանի է երգի խօսք դառնալու. Մինչ դուք կը վայելէք այդ գողտրիկ կտորը, ես ձեզի կը մաղթեմ մաքուր եւ ազնիւ սէր բուրող շաբաթ մը.
ՅԱՍՄԻԿԸ
Հին ճամբուն մօտ յասմիկներ սիրական,
Դեռ մատղաշ ծիլերով կը ծաղկէին,
Սիրտ տուի իրենց բոյրին, նրբութեան,
Քաղեցի իմ ծաղիկը՝ սիրածին։
Ո՜հ, կուրծքիս վրայ դրի գգուանքով,
Ու համբուրեցի սիրտը՝ ծաղիկիս.
Քանի մ՜օր վերջ տեսայ աւաղելով,
Ըսի, հողմեր տարեր են սիրականիս
Բոյր ու հմայք.
Հիմա նա չոր ծաղիկն է
Յիշատակիս։




