Յոյսը չարիքի դէմ յաղթանակ է
Ամանորի շեմին խմբագրատան մէջ կը պատրաստուինք տարուայ վերջին համարը տպարան ղրկելու։ Պատկերը սովորականէն տարբերող միակ մանրամասնութիւնը, կեղծ տօնածառն է։ Խմբագրակազմէն Նազանի նուէրը ամբողջ սենեակին։ Երիտասարդ թղթակիցներ եւ խմբագիրներ ուրախութեամբ զարդարեցին տօնածառը, իրենց բարի յոյսերն ալ իբրեւ զարդ կախ տալով անոր ճիւղերուն։
Մնացեալը սովորական օրակարգն է։
Եալովայի մէջ ԸՇԻՏ-ի ճիհատիստներ բախում ունեցան ոստիկանութեան հետ եւ երեք ոստիկաններ մահացան այդ բախումի ընթացքին։ Լրահոսը խօսեցաւ նախ եօթը վիրաւորներու մասին, ապա յայտարարուեցաւ անոնցմէ երեքի մահը։
Պրիժիտ Պարտօ մահացաւ 91 տարեկան հասակին։ Լուրերու տարափին մէջ ան կը յիշատակուէր իբրեւ Եւրոպայի Մարլին Մոնրոն։
Կառավարութիւնը ճշդեց յառաջիկայ տարուայ նուազագոյն աշխատավարձքը։ Ճշդուած գումարը աւելի նուազ էր, քան անհրաժեշտ սննդամթերքի արժէքը։
ՏԵՄ-ի Եդեսիոյ պատգամաւորը ահազանգ կը հնչեցնէր այդ քաղաքի այժմ անտէրութեան մատնուած երբեմնի հայկական եկեղեցւոյ համար։
Ոչ քաղբանտարկեալները, բայց յանցագործ աշխարհի գործիչները ազատ արձակելու, այլ խօսքով անպատժելի թողելու միտող օրէնքի փոփոխութիւնը արդէն սկսած է գործել։
ԵՄԻԱ որոշեց անհապաղ կերպով քննարկել Իսթանպուլի բանտարկեալ քաղաքապետի դատական թղթածրարը։ Նիւթը ինքնաբերաբար իր հետ բերաւ Եւրոպայի դատարանի նախորդ վճիռներու մատնուած անելը։ Չէ որ նոյն դատարանը, որուն վճիռները կը գերազանցէն երկրի դատարանները, նախապէս պահանջած էր Սելահատտին Տեմիրթաշի եւ Օսման Քաւալայի ազատ արձակումը, բայց այդ կամքը չէր գործադրուած երկրի դատարաններու կողմէ։ Աւելին՝ իշխանութիւնն ալ բացայայտ կերպով ոտնահարած էր իր օրով ընդունուած օրէնքի հրամայականը։
Եթէ այս լուրերը մէկտեղեցինք վերջին օրերու զարգացումներէն, անդին 2025 տարեթիւը ոչ թէ ուրախութիւններով, այլ ողբերգութիւններով յիշուելու արժանի թուական մը ըլլալով իր տեղը գտաւ պատմութեան մէջ։
Կ՚արժէ նշել ցեղասպանութիւններու յարատեւութիւնը։ Ատելութեան դրդումով գործուած ոճիրները յաճախ տեղ գտան միջազգային լրատւութիւններու մէջ։ Ինք եւս ցեղասպանուած ժողովուրդի մը պետութիւնը հանդիսացող Իսրայէլ անցեալին իր ժողովուրդին դէմ գործուած ծանր յանցագործութիւնը նոյնութեամբ կ՚իրարկեց Կազզայի բնակչութեան դէմ։
1915-ին կատարուած մեծ ոճիրը անտեսուած էր համաշխարհային հասարակութեան կողմէ։ Այդ բացթողումը վերագրուած էր անտեղեակութեան։ Մինչդեռ Կազզայի մէջ պատահածները, շնորհիւ ի գին իրենց սեփական կեանքի գործող լրագրողներու, օր առ օր, պահ առ պահ տեսանելի են բոլորին համար։ Սակայն անտեղեակութիւնը շարունակուեցաւ, իր վրայ աւելացնելով ուրացումն ալ։ ԱՄՆ եւ Եւրոպա ամօթալի անփութութեամբ շարունակեցին Իսրայէլի անվտանգութեան մասին ճառելու։ Նոյնութեամբ արձագանգեցին Իսրայէլի բոլոր պաղեստինցիները ահաբեկիչ որակող խօսոյթին։
Ընդմիշտ անընդունելի համարուած Զանգեզուրի Միջանցքի եզրը յանկարծ ընդունելի դարձաւ «ԹՐԻՓՓ» վերանուանումով։
Հիմա մեզմէ կ՚ակնկալուի եկող նոր տարուայ համար բարեբեր մաղթանքներով յուսադրուիլ։
Եթէ յոյսի մասին պիտի խօսինք, մեր միակ յոյսն է չարիքի թագաւորութեան դէմ միասնական պայքարի յաղթանակը։

