Այսօր առկայ խնդիրը մեկնաբանելու համար ստիպուած ենք նայիլ պետութիւն- եկեղեցի յարաբերութեան պատմական անցեալին։
Պատմագրութիւնը կը վկայէ թէ պատմութեան բոլոր ժամանակներուն իշխանաւորները միշտ կարիքը ունեցած են իրենց նախաձեռնութիւնները վաւերացնող հոգեւոր առաջնորդներու։Ցեղապետներն իսկ օրինականութիւն կ՚ապահովէին քահանաներու օրհնութեամբ։
Պահ մը յիշենք Խաչակիրներու արշաւը, որոնց գլխաւոր դրդապատճառն էր արեւելքի հարստութեան յափշտակումը, բայց կեանքի կոչուեցաւ Հռոմի Պապի սուտ քարոզներով։
Այդ սուտ քարոզները սահման չունէին, քանի որ նոյնիսկ կը խոստանային Դրախտի տոմս, սուրբ քաղաքը նուաճող զինուորներուն։
Հոգ չէ թէ անցանք թագաւորութիւններու շրջանէն հանրապետական վարչակարգին։ Հոգեւորականներու դիրքը մնաց անփոփոխ։ Ի զուր չէ որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետական պիւտճէի կարեւոր մէկ մասը կը յատկացուի Կրօնից Տեսչութեան տնօրինութեան։
Այս ընդհանուր պատկերին մէջ բացառութիւն կազմողը Ի. դարուն գործող համայնավարական իշխանութիւնները եղան։ Անոնց տիրապետութեան ժամանակ աղօթատեղիները մատնուեցան ծանր ճնշումի եւ հոգեւորականաց դասը թիրախը դարձաւ բազմաթիւ հալածանքներու։ Բոլորովին անիմաստ ռազմավարութիւն մըն էր այս, քանի որ ընդունելութիւն չէր գտներ հասարակութեան մէջ։ Մարդիկ իրենց ուղղեալ հաւանական բանբասանքներէ կամ քննադատութիւններէ խուսափելու համար չէի յաճախեր մզկիթ կամ եկեղեցի, բայց հաւատը կը պահէին իրենց մէջ։
Այս առումով հետաքրքրական օրինակ մըն է Հայաստան երկիրը, ուր կրօնքի ազատութիւնը ոչ թէ ծառայեց Հայաստանեան Առաքելական եկեղեցւոյ ծաղկումին, այլ պարարտ հող պատրաստեց օտարածին բազմաթիւ աղանդներու մարդորսութեան համար։
Էջմիածինը սկսելով Խորհրդային տարիներէն ունեցան հեղինակաւոր առաջնորդներ, որոնք ամենադժուար ժամանակներուն իսկ յաջողեցան եկեղեցին անսասան պահել եւ դառնալ Ամենայն Հայոց Հայրապետը։
Այդպիսին էր Վազգէն Ա.-ը, իրեն յաջորդող Գարեգին Ա.-ը եւ այդքան միայն։ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը իր աթոռը զօրացնելու միջոցները որոնեց Հայաստանեան եւ հետզհետէ համաշխարհային օլիկարհական համակարգի շրջանակներուն։
Այսօր իսկապէս ցաւալի է, որ Կաթողիկոսը յայտնուի դատական նիստի դահլիճին, մեղադրեալի դիրքով։
Ինչպէս վերեւ նշեցինք, իշխանութիւնները խուսափած են նման պատկեր մը ներկայացնելէ։ Նոյնիսկ մեծ զեղծարարութիւններու, դրամաշորթութիւններու, մաքսանենգութիւններու պնդումներով հանդերձ ոչ ոք համարձակած է Հռոմի Պապը դատարան հրաւիրելու։ Պետութիւններու մէջ կան կառոյցներ, որոնք օժտուած են, որոշ ինքնավարութեամբ։ Բանակը եւ եկեղեցին այդպիսի կառոյցներ են, որոնք կը ղեկավարուին ներքին կանոնագրութիւններով։ Բայց այնպէս թէ այդպէս մարդ անհատը ըլլայ սպայ, կամ հոգեւորական օժտուած է նաեւ մարդու իրաւունքներով։ Անարդարութեան ենթարկուած մարդը բնականաբար իրաւունքը պիտի պաշտպանէ նախ իր հաստատութեան մէջ եւ եթէ այդ մէկը անբաւարար մնայ պիտի դիմէ օրէնքի պաշտպանութեան։
Այս է որ պատահեցաւ Կաթողիկոսը դատարան տանող գործընթացի մեկնարկին։ Յուսանք խնդիրը աւարտին կը հասնի նուազագոյն վնասով։


