Հրատարակութեան թուական: 4 Յունիս 2026 14:06
 ~ Վերջին թարմացում: 4 Յունիս 2026 14:31
read.ReadTime

Ինքնապաշտպանութեան լուռ մանկավարժութիւնը

Մեզի արտօնուած էր դասարանին մէջ երգելով վազվզել, ցատկրտել. շատ լաւ ժամանակ կ՚անցնէինք։ Տարիներ ետք, երբ երգը միտքս ինկաւ, հասկցայ, որ անիկա արգիլումի երգ էր։ Աւելի տխուրը այն էր, որ հասկցայ, թէ ինչպէ՛ս արգիլումը արմատներ նետած էր մեր փոքրիկ մարմիններուն մէջ՝ ուրախութեան ճամբով։ Մեր մանկութիւնը կասկածի տակ չդրաւ երգը։