Ժամանակի կերպարները ի դէմ մարդկութեան
Դպրոցական տարիներէ մտքիս մէջ դրոշմուած տուեալներ են, Իրանի մակերեսը կրկնապատիկն է Թուրքիոյ, իսկ բնակչութիւնը մօտաւորապէս կէսը։ Եթէ նկատի ունենանք այդ տարիներու Թուրքիոյ բնակչութիւնը, որ հազիւ կը գերազանցէր 30 միլիոնը, Իրան իր կրկնակի տարածքով 15 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկիր մըն էր։
Դարձեալ այդ տարիներու աշխարհագրական գիտելիքներու բերմամբ իմացած էինք թէ Թուրքիոյ բնակչութեան մեծամասնութիւնը գիւղերու մէջ կը բնակի։ Անցնող շուրջ 60 տարիներէ ետք այդ գիւղերը հետզհետէ անմարդաբնակ դարձած են։ Մանաւանդ ձմրան ամիսներուն հազիւ քանի մը տարեցներ կը պահեն այդ գիւղերը, ուր համարեա վերացած է հողամշակումը կամ անասնապահութիւնը։
Բնականաբար այս բոլորը կը դիտենք մեր ապրած երկրի տարածքէն։ Հապա ի՞նչ է պատկերը համաշխարհային գետնի վրայ։
Օրինակի համար մեր դպրոցական տարիներուն 3,5 եռիլիոն հաշուող մարդկութիւնը Ի. Դարու սկզբին հազիւ 1,6 եռիլեոն էր եւ այսօր կը գերազանձէ 9 եռիլիոնը։
Արդի ժամանակներու հրամայականները ինչե՞ր պարտադրեցին մարդուն, որ դարերու հոլովոյթով իւրացուցած, մշակած եւ զարգացուցած ամէն ինչ ետին թողած, կը փորձէ կառչիլ ներկայի մատուցածներուն։
Բնակչութեան աճը պահպանողական միտքերու համար մարդուժի յաւելում է, իսկ յառաջադէմերու համար աշխարհի բնական պաշարներու չափազանց սպառում։
Վերջին հաշուով ապարդիւն մնաց բնակչութեան աճի կամ նուազումի վերաբերեալ բոլոր արհեստական միջամտութիւնները։
Չինացիներ հարկադրուեցան ամուսինները մէկ զաւակով սահմանելու որոշումը ետ առնելու։ Միւս կողմէ Թուրքիոյ նախագահի բնակչութեան յաւելման մասին բարձրաձայնած ահազանգները անպատասխան մնացին լոկ տնտեսական եւ ընկերային պայմաններու փոփոխութեան դիմաց։
Բազմածնուդեան ապահոված մարդուժը իմաստալից էր գիւղացիին համար։ Քաղաքի պայմաններու մէջ այդ նոյն բազմածնութիւնը յաւելեալ հոգս է միայն։ Գործազուրկներու բանակին նոր անդամ մը աւելցնելը ի՞նչ նշանակութիւն պիտի ունենայ։ Ընկերութիւններ սկսած են մարդուժի փոխարէն ճարտարագիտական գործիքներով շարունակել իրենց արտադրութիւնը։ Ռոպոթի մը խնամքին համար պահանջուած ծախսը շատ աւելի նուազ է, քան աշխատողի մը վաստակը։
Առաջին հերթին արդիականացում խոստացող զարգացումները իրենց հետ կը բերեն հետեւանքներ, որոնց գոյութենէն ետք է, որ կ՚անդրադառնանք մեր կեանքի վրայ գործած ազդեցութեան։ Այդ ազդեցութիւնը շատ անգամ կը սպառնայ մարդու ցարդ գոյացուցած բոլոր արժանիքներուն։ Ձեւով մը մարդու եւ շահի ակնկալութիւնները իրարու կը բախին եւ մինչեւ օրս պատահածներու փորձով գիտենք թէ այդ բախումը կը նպաստէ շահին, աւելի յստակ բացատրութիւնով դրամատիրոջ։
Հաստատենք անգամ մը եւս, ժամանակի կերպարները Թրամփը, Էրտողանը, Փութինը եւ նմաններն են։ Ուրեմն մարդկայինի դրամականը յաղթահարելու համար տարբեր կերպարներու կարիքը ունինք։

