Այս օրերուն, Էփսթինի դատի առնչուած հրապարակումներուն հետեւող իւրաքանչիւր կին պէտք է դիտէ Էփսթինի վիտէոները՝ նամանաւանդ դատապարտութենէն ետք նկարահանուածները։ Իւրաքանչիւր կին պէտք է տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս բազմած է հայրիշխանութիւնը այր մարդու դէմքին վրայ, թէ ինչպէ՛ս մեղադրանքներուն դիմաց ան կը խօսի ոչ թէ իբրեւ մարդ արարած, այլ իբրեւ հաստատութիւն՝ ցուցադրելով հայրիշխանութեան գերակայութիւնը. եւ ճիշդ այդ հետեւանքով, Էփսթին իր զուարթագին ժպիտով ծաղրի կ՚ենթարկէ բոլորս, աշխարհը՝ կարծես յաւակնելով, որ ըրածը յանցանք չէ, այլ իր իրաւունքն է։ Ուստի, ո՞վ ձեւած-կարած է այս զգեստը, որ ան այնքան լաւ կը հագնի եւ որ գերազանցօրէն կը յարմարի իր չափին՝ փարելով մարմնին եւ նոյնիսկ հոգիին։
Իր արարքներուն նկատմամբ Էփսթինի դէմքին ուրուագծուած հպարտութիւնը եւ իրեն վայելածը ըրած ըլլալուն ինքնավստահութիւնը բնաւ անծանօթ չէին ինծի։ 1980-ականներուն Թուրքիա մեծցած իւրաքանչիւր կին ենթարկուած է բացայայտ ոտնձգութեան, որովհետեւ իւրաքանչիւր կնոջ ընտանիքին մէջ պոռնակագրական նկարներով լեցուն թերթեր կարդացող այրեր ունենալը բնաւ արտառոց չէր սեպուեր։ Այս թերթերը տան մէջ թէ փողոցը, կիներու աչքը մտցնելով կարդալը եւ առօրեային մէջ բնականոնացնելը բոլորիս համար բացայայտ ու հրապարակային ոտնձգութիւններ էին։ Ծնողներ, որոնք «չգիտցան» որ յատկապէս աղջիկ զաւակները պէտք է պաշտպանել չափահաս այրերէ եւ անչափահաս տղոցմէ, գործնապէս նպաստեցին «ամէն բան ընելը այրերու իրաւունքը» նկատուող դաստիարակութեան: Ընտանիքներ, նոյնիսկ թաղամասեր, ընտրեցին խստօրէն գաղտնի պահել եւ սովորական նկատել իրենց բռնարար տղայ զաւակներուն, քենեկալներուն, հայրերուն, եղբայրներուն արարքները, մինչ այդ պատժեցին ու յանդիմանեցին զոհերը՝ իբրեւ անբնականոն։ Պատգամը շատ յստակ էր՝ ոտնձգութիւնն ու բռնաբարումը այրերու սեռականութեան բնական մասնիկներն են, եւ այս կանոնը կ՚ամրապնդուի կանանց լռութեամբ, այլ խօսքով՝ արու ծնած չըլլալու, թերի, ամօթալի սեռով ծնած ըլլալու «արդարացուած» ամօթով։
Էփսթինի յանցագործութիւնները, որոնք ռումբի պէս տեղացին սպիտակ աշխարհին գլխուն, սայթաքումներ չեն,— անոնք հիմնական գործօններ են գաղութատիրական կարգին համար։ Ի դէպ, դատին ճամբով բացայայտուածները, հրապարակուածները, չեն տարբերիր ամէնօրեայ դրութեամբ տնկաստաններու (plantation) մէջ Ամերիկա որպէս ստրուկ բերուած աշխատաւորներուն դէմ կատարուածներէն։ Այսպիսի ոճիրներու դիմաց զարմանքէն ցնցուիլը կը պահանջէ արհամարհել սպիտակներու կողմէ դարեր շարունակ կուրօրէն գործադրուած գաղութատիրական բռնութիւնը։ Մինչ 20-րդ եւ 21-րդ դարերու գաղութատիրական գիտութիւնը մեր աչքերէն քօղարկուեցաւ ազգայնական տեսութիւններով, կայսրութիւններ ազգ-պետութիւն դարձան եւ այդ գիտութիւնը վերածուեցաւ սպիտակութեան գերակայութեան հիմնաքարի։ Էփսթինի երեսին ուրուագծուած ժպիտը, անոր յենարանը, այս կուտակցուած գիտութիւնն է։
Էփսթինի զոհերը իրենք զիրենք «վերապրողներ» կոչեցին։ Ըսուեցաւ, որ անոնք հազար կը հաշուեն։ Եթէ նկատի առնենք անոնց ընտանիքները, ապա անոնք հազարներով, գուցէ տասնեակ հազար զոհեր կը հաշուեն։ Մեր ապրած ժամանակը այն ժամանակն է, երբ իրաւունքը արդարութեան հետ գրեթէ առնչուած չէ։ Իրաւական գործընթացները, եթէ բնաւ կը բանին, արուեստական միջնորդութենէն անդին չեն անցնիր։ Այս ընելով, յանցապարտներէն կը պահանջուի դէմ յանդինամ գտնուիլ զոհերուն հետ, իսկ զոհերը բազմիցս կը ստիպուին «լեզու գտնել» եւ «պատահածը պատմել»։ Սակայն, ինչպէս այս օրինակին մէջ կը տեսնենք,— երբ ամէն բան դրուած է սեղանին վրայ, երբ ոճիրը ամբողջովին տապալած է բնականոնը, երբ ոճիրը կը մատուցուի որպէս ամէնօրեայ նախաճաշի արարողակարգ, ժամանց, հաճոյք, երբ այս աշխարհին մէջ նոյն ժամանակը կը բաժնենք ոճիրին մաս կազմելու համար պոչ բռնած հազարաւորներու հետ, որքա՞ն իմաստալից է «արդարութիւնը կը հաստատուի օրէնքի միջոցով» ըսելը։
Նկատի առնելով մեր տրամադրութեան տակ գտնուող իրաւական միջոցներուն սահմանափակումները, բացայայտումը՝ հրապարակումը, կարեւոր գործիք է։ Սակայն կարեւորը այս գործիքը առաւելագոյնս օգտագործելն է՝ պաշտպանելով զոհերը, վերապրողները։ Պէտք է խորհինք, թէ ինչպէ՞ս ապահովենք զոհերուն առանձին չմնալը, իսկ յանցագործներուն՝ տասնամեակներով հանրային խիղճին մէջ դատապարտուած մնալը։
Քանի մը տարի առաջ, Աքշեհիրի մէջ 1856 թուականին հայոց վարչութեան մէջ տեղի ունեցած ազգապղծութեան, վիժումի եւ ամուսնալուծման հարցի մը մասին կատարած ուսումնասիրութիւնս հիմնովին փոխակերպեց բացայայտման մասին հասկացողութիւնս։ Հայ եկեղեցական իրաւունքները կարդալով, ուսումնասիրած էի ազգապղծութեան բաժինը ու Ներսէս Մելիք-Թանգեանի աշխատութենէն օգտուելով՝ գրած էի, որ ըստ հայ եկեղեցական իրաւունքին ազգապղծութիւնը սպանութեան համազօր էր։ Որքա՛ն ճիշդ սահմանում մըն էր այդ։ Հաւանաբար անգիտութեանս հետեւանք ըլլար, բայց մինչեւ այդ օր ոչ մէկ իրաւական շրջանակի մէջ հանդիպած էի ազգապղծութիւնը իբրեւ սպանութիւն սահմանումին։ Եւ իրօք, եթէ կնոջ հոգին սպաննող, զայն անհասկնալի բռնութիւններով բնորոշող, հոգեբուժարաններու մէջ բանտարկող, խենթութեան տանող, կնոջ կեանքը խլող ընթացքը սպանութիւն չէ, հապա ի՞նչ է։
Այսպիսով, հայ եկեղեցական իրաւունքը ազգապիղծը մարդասպանի համազօր դատած է՝ 20 տարի իր համայնքին առջեւ ապաշխարելու պարտաւորեցնելով։ 20 տարի շարունակ մարդու մը իր համայնքին առջեւ ամէն կիրակի օր ապաշխարելը ի՞նչ կը նշանակէ, մտածե՛նք. անոր շրջապատը բոլոր պիտի գիտնայ, որ այս մարդը տուեալ յանցագործութիւնը գործած է, այս տեղեկութիւնը սերունդէ սերունդ պիտի փոխանցուի, եւ անոր զոհ դարձածը պիտի ապրի նոյն վայրը, ուր յանցագործը կը կրէ իր դէմ կատարուած յանցանքին պատիժը եւ ոչ թէ ժխտումը։ Չեմ գիտեր, եթէ գործնականը գրուածին նման է։ Աւելին, կրնաք հարց տալ, թէ «արդի» հասարակութեան մէջ ասիկա ինչպէ՞ս կը կիրարկուի։ Այնուամենայնիւ, այս կը ներկայացնէ հզօր վկայութիւն մը՝ որպէս դարաւոր իրաւական փորձէ քաղուած գիտելիք մը, որ կը փոխանցէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուիլ նման ոճիրներու նկատմամբ։
Աւելին, յոյժ կարեւոր կը գտնեմ, որ վերոնշեալ ուսումնասիրութեանս մէջ կինը իր վկայութենէն չհրաժարեցաւ, հօրեղբօրմէն յղիացած ըլլալու վկայութիւնը ետ չքաշեց ։ Պոլիսէն այլ փաստաթուղթ մը ցոյց կու տայ, որ նման պարագայի մէջ գտնուող ընտանիք մը իրենց աղջկան գլխուն եկածին համար շատ լուրջ հատուցում պահանջած է։ Տակաւի՛ն, կը տեսնենք, որ կնոջ ընտանիքը դատը չէ լքած։ Այսինքն, եղած է ժամանակ մը, երբ բազուկները կտրուած եւ թեւերուն մէջ չեն պահուած։ Թող մեզի ինկած պարտականութիւնը ըլլայ այդ ժամանակի փորձառութիւնը մեր ապրած ժամանակներուն յարմարցնելը եւ հաւաքական ինչպիսի՜ գործիքներ կառուցելու մասին խորհիլը։
Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան



