- Ի՞նչ գանգատով եկած էք…
Այս հարցումները, յարգելի ընթերցող, եթէ բժիշկդ հարցնէ, գիտեմ, այնքան շատ են պատասխաններդ։ Միտքդ, այնպէս չէ՞, կը լարուի երբ միջազգային լուրերը լսես, մկաններդ կը պրկուին, որովհետեւ հարսդ անհնազանդ է, առաւելաբար կը գանգատիս, որ կռնակդ ալ քիչ մը սկսած է ցաւիլ տնտեսական ծանր բեռով։ Մեր հին ու նոր գրիչներն ալ,- վանական, թէ աշուղ-, ունեցեր են գանգատելու բազմաթիւ պատճառներ, մէկը պանդխտութիւն, միւսը՝ ծերութիւն, մէկը անարդարութիւն, միւսը սիրոյ ցաւ։ Իսկ մենք, յարգելի ընթերցող, գիշերային այս լուռ ժամերուն, երբ խաղաղ է տունը, փոխանակ գանգատներ ներկայացնելու, կ’առաջարկեմ, որ լուսամփոփի լոյսի տակ նստինք ու ընթերցենք հայկական գրականութեան քնարական գանգատները, հաւատալով, թէ գրականութիւնը մոգական, բուժիչ ոյժ մը ունի եւ կը մեղմացնէ բոլոր գանգատները։
Ո՞ւմ գանգատ անեմ
1600-ի սկիզբներն են։ Վարագավանքի հոգեւոր հայր, գրիչ, յիշատակագիր եւ երաժիշտ Բարսեղ վարդապետը նստած է իր խուցի մէջ։ Վանայ համայնապատկերը այլեւս հաճոյք չի տար իրեն։ Հայր Բարսեղը ծերացեր է, աղուոր աչքերը թոյլ են։ Վարդապետը ինքն իրեն կը խոստովանի, թէ աչքերը շատ մեղքեր են գործած։ Այդ պահուն, Վարագեցին դողդոջ ձեռքերով տողիկ մը գրի կ’առնէ. «Ականջ դրէք գերոյս, ձեզ գանգատ ունի, / Ափսոս զաղուոր աչերս լուսոյ կու պակսի»։ 1300 թուականին, եօթանասնամեայ Ֆրիկը, որ նախապէս մեծահարուստ վաճառական մարդ էր, սլացող արծիւ մը ժիր՝ այժմ դարձեր է սնանկացած բանաստեղծ։ Իր ափսոսալի վիճակին համար Ֆրիկը չգիտցաւ, թէ ուրո՚ւն գանգատէր. «Նմանեցար արծուին / Ու ի յօդն ելար, շփացար, / Ֆրի՚կ, զայդ ո՞ւմ գանգատիս, / Քո գիշուդ՝ պատճառ դու եղար»։ Իսկ Սիւնեաց սարերու զաւակ, Պաքու քաղաքի «Խորհրդային գրող» ամսագիրի աշխատող, Կասպեան նաւատորմի նաւաստի, Համաշխարհային պատերազմի մասնակից, փորձուած մարդ Համօ Սահեանը նոյնպէս չէր գիտեր, թէ իր բազում գանգատները որուն ներկայացնէր. «Այնքան փորձեցի, այնքան փորձուեցի…, / Ասա, ո՞ւր գնամ, ո՞ւմ գանգատ անեմ»։
Մէկուն ոսկի, միւսին պղինձ
Հայկական միջնադարեան գրականութեան մէջ կայ մէկ հատ մեծ գանգատ, տաղասաց Ֆրիկի աշխարհահռչակ «ԳԱՆԳԱՏ» բանաստեղծութիւնը։ Աշխարհահռչակ կոչումը տեղին է, քանզի այդ բանաստեղծութիւնը թարգմանուած է օտար լեզուներու, եւ արձանագրուած է, որպէս ընկերային անարդարութեան նուիրուած աշխարհի հնագոյն բանաստեղծութիւնը։ Եւ, ինչո՞ւ չգանգատէր Ֆրիկը, երբ Հայաստանի մէջ մոնղոլներու իշխանութեան վերջին տասնամեակներուն հայ ժողովուրդը կը տառապէր հարստահարող հարկահաւաքներու անարդարութեան տակ եւ երկիրը վերածուեր էր աղաղակող աւերակի մը։ Ֆրիկը այդ անօրէնութիւններէն անմասն չմնաց. Նախ անիրաւօրէն սնանկացաւ, ապա իր միակ զաւակը պարտքերու դիմաց պատանդ տուաւ (պատքի դիմաց ընտանիքի անդամ տալը միջնադարու ընդունուած օրէնք էր), անապատներու մէջ որդեկորոյս մոլորեցաւ, ապա զայրոյթով եւ պոռթկումով աչքերը դէպի երկինք յառած՝ հանդէս եկաւ «արդար, ողորմած եւ իրաւի» Աստուծոյ առջեւ եւ երկու խօսք խօսեցաւ Ամենազօրի հետ, որ մէկուն կու տար հազար ձի, իսկ միւսին ո՚չ մի մաքի, մէկուն կու տար հազար ոսկի, իսկ միւսին ո՚չ ալ փող պղինձի։ Այդ գանգատը, յարգելի ընթերցող, մինչեւ այսօր կը մնայ հայոց պատմութեան դառն օրերու ամենէն քնարական արձանագրութիւնը. «Աստուած արդար եւ յիրաւի, / Եւ ողորմած յամենայնի. / Հանդէս ունիմ բան մի վիճի, / Թէ դու լսես քո ծառայի… / Մէկին հազար ձի ու ջորի, / Մէկին ո՛չ ուլ մի, ո՛չ մաքի։ / Մէկին հազար կապիճ ոսկի, / Մէկին ո՛չ փող մի պղնձի. / Մէկին հազար հատ մարգարտի, / Մէկին ո՛չ հո՛ւլնիկ ապիկի… / Մէկին հարամն յաջողի / Մէկին հալալն կորնչի»։
Գանգատ կայ իմ սրտիս
քեզ ասելոյ
Ինչո՞ւ չգանգատէր հայ կտրիճը, երբ հեռանալով հայրենի հողէն, ընտանիքէն եւ սիրածէն՝ դատապարտուած կը մնար օտարութեան մէջ ապրելու։ Պանդուխտ հայը իր գանգատը երգեց։ Երգ չէր ան աղաղակ էր, աղօթք եւ տրտունջք։ Հայկական միջնադարեան երգադարանը հարուստ է այդ տեսակ տաղերով։ Ահա առաջինը, «Տաղ Կռունկի», ուր պանդուխտը, աշնան օր մըն էր, դէպի հայրենիք վերադարձող կռունկը տեսաւ, տխրեցաւ, «Աչքերդ համբուրեմ» ըսաւ, ապա խնդրեց, որ գէթ իր տան բարեւ մը տանի. «Գանգատ առնեմ քեզ, թռչուն գովելի, / Ղարիպութիւն անկայ ողորմ ու լալի, / Ո՚չ ազգական աստ կայ եւ ո՚չ սիրելի, / Սրտիկս է դառնացեր, աչերս է լալի»։ Մէկ այլ երգի մէջ «ղարիպ» տղուն աչքերը գետի նման կը թափէին, «Այ, հոգի, շատ գանգատ կայ իմ սրտիս քեզ ասելոյ»։ Իսկ Վան քաղաքէն տաղասաց Սահակը, օտար երկիր ինկած մարդ, սրտաբեկ, երերուն եւ անճար, ղարիպութեան «դառն» եւ «խիստ դժուար» մրուրը քամեց, ապա իր գանգատը խօսեցաւ հոգեւոր հայրերուն եւ եղբայրներուն. «Հարք եւ եղբարք, գանգատ ունիմ ձեզ համար, / Ղարիպի հացն խառնած է լեղի եւ քար, / Նստեալ եմ յաւերակ որպէս բուի, / Եկեալ անցաւ ումրիկ (կեանքս) որպէս հովանի»։
Լուսին, գանգատ ունիմ
Երբ փողոցի անկիւնը անուշ նուշ ծախող երիտասարդ տեսնէք, ըսեմ ձեզի, այդ նուշը քաղցր չէ, եթէ պանդուխտ է տղան։ Կարօտալի սիրածի արցունքով լուացուած նուշը դառն է եւ անհամ։ Այս խօսքերը, յարգելի ընթերցող, չեն պատկանիր ինծի։ Անոր հեղինակն է տասնվեցամեայ աղջիկ մը, որ տխուր, տարտամ նստեր, գանգատի տողիկ մը երգեր է։ 1500 թուականներու երգ է սա, որ ունի բազմաթիւ տարբերակներ։ Երգի մէջ երիտասարդուհին կը խօսի լուսինի հետ. «Լուսի՚կ, դուն լուսով կենաս, / Երկու խօսք գանգատ ունիմ, / — Գնա՚ ղարիպիս ըսէ՝ / Չկենայ, ու ելլայ գայ»։ Լուսինը կը հարցնէ, թէ ո՞ւր է, ո՞րն է տղան։ Աղջիկը կը պատասխանէ. «Բարձրը պատ ու ծառն ի վրան, / Նստեր է ծառին շուքը, / Նուշ դրեր, շաքար կու ծախէ, / Ամենուն աժան-աժան, / Իս մոռցեր, նուշ կու ծախէ»։ Նոյն երգի մէկ այլ տարբերակի մէջ աղջիկը խնդրանք մը ունի. «Լուսին…, / Երկու խօսք գանգատ ունիմ, / Գնա՚ ղարիպիս ըսէ՝ / Չկենայ ու ելլէ ու գայ»։
Գանգատը ի զուր է
Գանգատ բառը յարմար եկաւ նաեւ իմաստասիրելու։ 18րդ դարու հայ դասական բանաստեղծութեան ներկայացուցիչ, բանաստեղծ, երգահան, Էջմիածնի միաբան, Փոքր Ասիոյ մէջ Նիկոմեդիոյ թեմի առաջնորդ Պետրոս Ղափանցին «Գանգատ զպատրանաց աշխարհիս» բանաստեղծութեան մէջ մեզի բացատրեց, թէ մարդը եթէ արդար եւ իրաւատէր է, գանգատելու հարց ալ պիտի չունենայ. «Այլ թէ լինիցիմք յոյժ իրաւասէր եւ արդարադատ, / Ո՛չ պարտիմք բնաւին բողոքել զքէն եւ առնել գանգատ»։ Բայց, շարունակեց Ղափանցին, եթէ մարդու որովայնը միշտ անյագ է եւ ան բարիքներու մէջ աղքատ է, այն ժամանակ յաւերժ պիտի գանգատի յուսահատութեամբ։ Իսկ 1887 թուականին մեր առաջին մանկագիր հեղինակ Աղէքսանդր Փանոսեանը եռամեայ մանկան մը մահուան առիթով գրեց մխիթարական տողիկ մը եւ ըսաւ. «Ողբք եւ գանգատք են ի զուր / Խորհուրդն է խոր, անթափանց»։
Բազմահատոր գանգատներ
Հայ միտքը սիրեց «գանգատ» գոյականը։ Անոր հետ մենք շինեցինք բազմաթիւ այլ բառեր, ինչպէս՝ գանգատաբեր, գանգատաբերան, գանգատաթուղթ եւ գանգատագիրք։ Վերջինը, ըստ երեւոյթին, չբաւեց ժողովուրդի բոլոր գանգատները ընդունելու, մեր լեզուն ստեղծեց աւելի մեծը՝ «գանգատամատեան», այսինքն հաստատութիւններու, խանութներու, կամ սպասարկման վայրերու մէջ պահուող յատուկ տետրակ, ուր յաճախորդը իր բողոքը, առաջարկը կամ դիտողութիւնը կը գրէ, այդ վայրի աշխատանքի կամ անձնակազմի վերաբերեալ։ Բայց, յարգելի ընթերցող, կան նաեւ նախանձելի գանգատներ, ինչպէս Սայաթ Նովայի եւ Քուչակի սիրային գանգատները, ինչպէս օր մը Քուչակը քաղաքի շուկայի մէջ տեսեր է իր եարը, բայց աղջիկը, -խռովա՞ծ էր արդեօք, չենք գիտեր,- անտեսած է Քուչակին՝ աչքերը վեր-վեր անցեր գացեր է քովէն։ Երանի մենք ալ ունենայինք այդպիսի գանգատներ…։ Գանգատները չեն վերջանար։ Ուստի, կը ծրագրեմ յօդուած մը եւս գրի առնել եւ զրուցել մեր սիրային, հին ու անուշիկ գանգատներու մասին։ Անխռով մնացէք մինչեւ յաջորդ շաբաթ։




