Ցնցիչ էր լուրը։ Սերիալներու երիտասարդ դերասանուհին յանկարծամահ եղած էր իր մօրը հետ բնակած տան մէջ։ Մանրամասնութիւնները հետզհետէ յստակացան եւ իմացանք թէ այդ օր ընկերներով տօնած էին իր ծննդեան օրը, ապա գիշերուայ որոշ ժամուն մօրը հետ վերադարձած տուն։
Առաջին տպաւորութիւն որպէս խօսուեցաւ սրտի կաթուածի մասին։ Այս լսելով յիշեցինք նման դէպքեր, երբ ոչ թէ 35, այլ շատ աւելի կանուխ տարիքով բազում կեանքեր խլած է սրտի կաթուածի այս յանկարծակի դէպքերը։
Հիմա շատեր կրկին օրակարգի պիտի բերեն մեր ժամանկներու մանաւանդ ալ փաթեթաւորուած սննդեղէններու հաւանական անպատեհութիւնները։ Իսկապէս ալ սպառման ինչպիսի ընդարձակ շուկայ մը գոյացած է այդ տեսակի սննդեղէնի համար, որոնք գովազդներու միջոցաւ կը տարածուին թիրախաւորելով նախ եւ առաջ անչափահասները։
Զարմանալի է, որ բոլոր հիւանդութիւններու իբրեւ դրդապատճառ ծխախոտը մեղադրող բժշկագիտութիւնը որքան սակաւ կ՚անդրադառնայ դրամապաշտ համակարգի համար խիստ պիտանի այս թունաւոր նիւթերու մասին։ Աւելին, որոշ ընկերութիւններ հատուցում կը պահանջեն այս վտանգը մատնանշող գիտնականներու դէմ։ Այդ տեսակի վառ օրինակ մը կը հանդիսանայ «Ակօս»ի յօդուածագիր Պիւլենտ Շըք։ Ան իր յայտնաբերութիւններով ահազանգ կը հնչեցնէ սննուդներու միջոցաւ հասարակութեան, յատկապէս ալ անչափահասներու առողջութեան սպառնացող նիւթերու հանդէպ։
Իրականութեան մէջ Պիւլենտ Շըքի ըրածը գիտնականի պատասխանատւութեան պահանջն է։ Իբրեւ սննդեղէնի ճարտարագէտ բոլորէն աւելի իրեն կը վիճակի այս մասին հասարակութիւնը իրազեկելու պատասխանատւութիւնը։ Միւս կողմէ ընկերութիւններ՝ իրենց շահի նուազումը պատրուակելով է, որ կը հալածեն գիտնականը։
Յօդուածին սկսանք յանկարծական մահով մը։ Թերեւս շատերու համար երանելի մահ մըն է այս, բայց ոչ այդքան երիտասարդ հասակին։ Քանի մը տարիներ առաջ կնոջս հետ համաձայնեցանք օրուայ ընթացքին միայն մէկ միջոցառումով գոհանալու համար։ Ուրախութեամբ նշեմ թէ չենք յաջողած այդ համաձայնութիւնը գործադրելու խնդրին մէջ։ Օր կ՚ըլլայ մէկէ, շատ անգամ երկուքէ աւելի միջոցառումի ներկայ գտնուելու համար դուրս կ՚ելլենք տունէն եւ օրուայ աւարտին ուժասպառ կը վերադառնանք։ Ամէն անգամուն կը յիշենք մեր խոստումը, բայց միւս կողմէ ուրախ կ՚ըլլանք այդ նոյն խոստումը ոտնակոխած ըլլալու երեւոյթէն։
Ո՞վ գիտէ, թերեւս մահաբեր հրեշտակի հետ մեր ճամբան պիտի խաչաձեւուի ճիշդ ալ միջոցառումէ միջոցառում վազվզած մէկ պահուն։
Զանազան առիթներով ըսած եմ, մեռնելու նպատակ չունիմ, ոչ ալ ցանկութիւն, բայց այդ վարկածը վախի վերածելու ալ նպատակ չունիմ։ Կարծեմ տարիքս ալ օգնական է մահուան դէմ այսպէս համարձակ խօսելու համար։
Կը խոստանամ մահաբեր հրեշտակին, եթէ իմ դուռը թակէ դժկամող մէկը պիտի չգտնէ իր դիմաց։


