Մեր մանկութեան տարիներուն երկրի օրացոյցի վրայ ոչ աշխատանքային տօնական օր ըլլալով նշուած թուականներէն մէկն ալ Մայիս ամսուն 27-րդ օրն էր։ 1960 թուականին Թուրքիոյ բանակի զօրավարներու մէկ մասը կէսգիշերային գործողութիւնով մը նախ գրաւեցին երկրի պետական ձայնասփիւռը եւ այդ հաստատութեան բարձրախօսներէն յայտարարեցին իշխանափոխութիւնը։
Լուծարկուեցաւ Խորհրդարանը եւ բազմաթիւ կառավարական գործիչներ, ներառեալ երկրի նախագահը, վարչապետը եւ նախարարներ ուղարկուեցան Պոլսոյ մերձակայ Եասսը Ատա անուն անմարդաբնակ կղզին։ Աւելի վերջ այդ կղզիի վրայ կայացաւ դատավարութիւն եւ մահապատիժ վճռուեցաւ վարչապետի եւ երկու նախարարներու համար։
Բանակայիններու նշանակած քաղաքական գործիչներ, նախ պատրաստեցին սահմանադրութիւն մը, ապա հետեւելով որոշ գործընթացի երկիրը տարին ընտրութեան։
Տարիներու հոլովոյթով վրայ հասան եւս երկու զինուորական միջամտութիւն, առաջինը 1971-ի, 12 Մարտին, իսկ երկրորդը 1980-ի, 12 Սեպտեմբերին։ Յատկապէս այս երկրորդը եւս ցնցիչ եղաւ թէ՛ իր մարդասպանութիւններով եւ թէ պատրաստած նոր սահմանադրութիւնով։
Այս երեք զինեալ միջամտութիւններու հեղինակները հոգ չէ թէ բռնութեամբ որոշ ժամանակ վայելեցին իշխանութիւնը նուաճելու խայտառակ հպարտութիւնը։
Խայտառակ է՝ որովհետեւ ժողովուրդը յայտնուած առաջին առիթով իսկ ոչինչի հաւասարեցուց անոնց գոռոզ ինքնապաշտութիւնը։ Եւս անցան տասնամեակներ եւ 2016-ի, Յուլիսի 15-ին երկիրը անգամ մը եւս առերեսուեցաւ զինուորներու իշխանափոխութեան փորձին հետ։
Ի տարբերութիւն նախորդներէ, այս անգամ բանակը ամբողջականութիւն մը չէր կազմեր։ Իշխանափոխութեան ձգտողները աղանդաւոր սպաներ էին, որոնք տարիներու ընթացքին Ֆեթուլլահ Կիւլենի աղանդին հովանիին ներքեւ բարձրացած էին սպայի աստիճանները եւ տեղ տեղ հասած էին զօրավարի դիրքին։ Նման կազմակերպութիւն տեղի ունեցած էր նաեւ ոստիկան ուժերու մէջ, ուր դարձեալ բազմաթիւ բարձրաստիճան ոստիկանապետներ կը կատարէին աղանդի թելադրանքները։
Նման երեւոյթ կարելի է վերագրել համարեա բոլոր նախարարութիւններուն, պետական պաշտօնէութեան, ակադէմիայի, դատական համակարգի եւ մամուլի ոլորտներուն մէջ։
Կիւլենի աղանդի հասարակութեան մէջ այսքան խոր արմատներ արձակելը կարելի եղած էր իշխող քաղաքական ուժի աջակցութիւնով։ Սակայն այդ օր ոմանց համաձայն անպատրաստի գործադրուած իշխանափոխութիւնը ձախողեցաւ երկրի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով բախելով ժողովրդական դիմադրութեան։
Այս տարի կը յիշատակուի 2016-ին կատարուած այդ անյաջող փորձի 10-ամեայ տարելիցը։ Կը յիշատակուին այդ օր փողոցներու վրայ սպանուած զինուորները, ոստիկանները եւ մանաւանդ հասարակ քաղաքացիները։
Յեղափոխութիւնը կասեցնելով իշխանութիւնը ամրապնդեց իր ուժը։ Անդին անպատասխան մնացին բազում հարցումներ, որոնք զգուշօրէն լռութեան դատապարտուեցան նոյն ինքն կառավարութեան ձեռքով։
Կ՚երեւի տակաւին պիտի սպասենք ապագայի հետազօտողներուն, որպէսզի իմանանք թէ իրողութեան մէջ ի՞նչ պատահեցաւ այդ օր, իշխանութիւնները, որքան տեղեակ էին կատարուածէն, մինչեւ որ ժամը ընթացք տուին եւ ո՞ր ժամէն ետք ալ կանխեցին հաւանական վտանգը։


