Ծանր, բաւականին ծանր բեռ մը ըլլալու է դաւանիլ կրօնքի մը, միշտ շրջապատուած ըլլալով այլադաւան հասարակութիւններու հետ:
Մարդկային յարաբերութիւններու մէջ կրօնային ու մշակութային տարբերութիւնները խտրականութեան մեծագոյն գործօններն են:
Այդ խտրականութիւնը դարեր շարունակ իրենց մաշկին վրայ զգացած երկու ցեղեր են գնչուները եւ հրեաները: Հայրենակորուս այս ցեղերը տարածուած են աշխարհով մէկ, ամենուրէք այլ, օտար, ուրիշ համարուելով:
Բազմաբնոյթ յանցագործութիւններ իրենց վերագրուած են, որոնց հետեւանքով ամբողջ պատմութեան ընթացքին դարձած են քաւութեան նոխազի:
Այս հանգամանքի բերմամբ բացի տարբեր ժողովուրդներու կողմէ արհամարհուելէ, բազում իշխանութիւններու կողմէ ենթարկուած են անարդար պատժամիջոցներու, հալածանքներու, նոյնիսկ զանգուածային սպանդներու եւ աքսորի:
Հրեաներ եւ գնչուներ տուեալ պայմաններու տակ չունեցան զարգանալու կամ հարստանալու, բարգաւաճելու առիթ: Միայն իրենց խիստ տաղանդաւոր զաւակները երաժշտութեան, գեղարուեստի, գրականութեան, գիտութեան եւ փիլիսոփայութեան նման նիւթերով մէջ մեծ ներդրում ունեցան համաշխարհային ճաշակի ու մշակոյթի զարգացման մէջ:
Իսկ հրեայ եւ գնչու հասարակութիւններու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը դարեր շարունակ հարկադրուեցաւ չքաւորութեան պարտադրած զրկանքները յաղթահարելու:
Համաշխարհային անարդարութեան զոհերն էին հրեաները եւ գնչուները: Երբ բազում ժողովուրդներ միջնադարեան խաւարէն դուրս գալով ձեւաւորեցին ազգային միասնութիւն, հրեաներ եւ գնչուներ շարունակեցին ցեղախումբի մը նեղ սահմաններու ձեւաչափով ներկայանալ միջազգային հանրութեան, առաջնորդ ունենալով իրենց ռաբիները եւ ցեղապետերը:
Հրէից համար ազգի ձեւաւորման հիմքը եղաւ Իսրայէլի պետութեան հիմնադրումը 1948-ին: Այդ միասնութեան տանիքի շնորհիւ եբրայերէնը կրկին ծաղկեցաւ ու դարձաւ ազգային հասարակական լեզու: Եւրոպայի զանազան երկիրներէն, Ռուսաստանէն, Հիւսիսային կամ Հարաւային Ամերիկայէն, Հիւսիսային Ափրիկայէն եւ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէ ներգաղթած հրեաներ այստեղ շնորհիւ պետականութեան, ձեւաւորեցին բազմամշակութային յատկութիւններով օժտուած ազգի մը դիմագիծը:
Ինչպէս երկրագունդի բոլոր երկիրները, Իսրայէլի հասարակութիւնն ալ կը բաղկանայ տարբեր շերտերէ: Գործատիրոջ մը, հողագործի մը կամ բանուորի մը, ուսուցիչի մը եւ սպայի, ոստիկանի աշխարհընկալումը, ակնկալութիւնը եւ երկրի ապագայի մասին պատկերացումը բնականաբար պիտի տարբերին իրարմէ: Բայց այդ զանազանութեան կողքին կայ այլ ազդակ մը, որ կը կազմէ հասրակաց յայտարարը: «Անգամ մըն ալ երբեք» հասկացողութիւնն է ան, որուն մասին կը շարունակենք յաջորդ յօդուածով:


