Հրէից համար «Անգամ մըն ալ երբեք» կարգախօսը կ՚ակնարկէ մարդկային պատմութեան մեծագոյն ոճիրին՝ Հոլոքոստին։
Հիթլերեան ֆաշիզմը այդ ոճիրը գործելու պահուն շահագործեց թէ՛ գերմանացի եւ թէ համաշխարհային հասարակութեան կողմէ իւրացուած հրեատեացութիւնը։ Նախորդ յօդուածին մէջ ալ նշած էինք թէ ատելութեան այդ եղանակը պատմական ինչպիսի արմատներ ունի։ Այդ նողկալի քարոզչութիւնը կը միտէր ժողովուրդները համոզել թէ տիրող համատարած աղքատութեան պատճառը ագահ հրեայ վաճառականներու անյագ կեղեքումին հետեւանքն է։
Հայ ընթերցողը այս տողերը կարդալով իսկոյն զուգահեռներ պիտի գուշակէ Օսմանեան պետութեան քաղաքացի հայոց եւ յունաց դէմ տարածուած նոյն խօսոյթին, որ հիմնական դրդապատճառը դարձաւ երկրի բնիկ ժողովուրդներու դէմ ծաւալող ատելութեան։
Ազգայնական կամ ցեղապաշտ գաղափարախօսութեան համար օդի կամ ջուրի համազօր անհրաժեշտութիւն է գոյացնել հակառակորդ մը եւ ատելութեան սլաքները ուղղել այդ հակադրուածին։
Ճիշդ ալ այս պահուն կը յայտնուի Իսրայէլի պետութեան դէմ ըլլալու եւ հրեատեացութեան խիստ կարեւոր տարբերութիւնը։
Հրեատեացութիւնը հայատեացութեան կամ թրքատեացութեան նման մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւն է։ Միւս կողմէ Իսրայէլի պետութեան գործադրած ցեղասպան ռազմավարութեան դէմ դիմադրելն ալ համամարդկային պատասխանատուութիւն։
Ստիպուած ենք ուշիմ ըլլալու եւ այս երկուքը իրարմէ զանազանելու։ Գլխաւորութեամբ ԱՄՆ-ի, ամբողջ արեւմուտը դիտումնաւոր կերպով իրարու կը հաւասարէ Իսրայէլի պետութեան քննադատութիւնը եւ հրեատեացութիւնը։ Պետութեան մը անմարդկային քաղաքականութիւնը քննադատողները իսկոյն կը մեղադրուին հրեատեացութեամբ։ Ծանր պատժամիջոցներով կ՚արգիլուի անոնց բողոքելու իրաւունքը։
Միւս կողմէ Թուրքիոյ մէջ ալ կը գործադրուի ընդհակառակը եւ իբրեւ թէ Իսրայէլի քաղաքականութիւնը քննադատելու երեւոյթի ետին կը բեմադրուի կրօնական դրդումներով գործադրուած ատելութեան խօսոյթը։
Անոնք Կազզայի մէջ պատահածներու նկատմամբ իբրեւ թէ գերզգայուն են, միայն այն պատճառով որ կազզացիներու մեծամասնութիւնը մահմէտական են։
Այլ օրինակներու մէջ մահմէտականներու սպանդը հեռուից դիտողները, երբ մեղադրուողը այլակրօն մըն է, իսկոյն կը փութան ձայն բարձրացնելու։
Նիւթը իսկապէս ալ զգօնութիւն կը պահանջէ։ Պարտինք խուսափիլ ամէն տեսակի հաւաքական ատելութեան թունաւոր միջավայրէն։ Փոխարէնը համաշխարհային զօրակցութեամբ դիմադրենք մոլեռանդութեան դէմ։ Իսրայէլը ստանձներով ԱՄՆ-ի գաղութատիրական սկզբունքներու պահապանի դերը արդէն իսկ ճշտած եղաւ համաշխարհային մարդկութեան դիմաց իր դիրքը։ Այդ դիրքը պատուաբեր չէ ոչ մէկ ժողովուրդի համար։
Հետեւաբար անկախ երկրի հողային տարածքի կամ ուժի սահմաններէն բոլորիս կը վիճակի դիրք բռնել արդարութեան կողմը։ Գործնականօրէն կրնանք հաստատ համոզուիլ թէ երկրի մը համար բաց ճակատով գոյատեւելու միակ միջոցը այս է, այլ ոչ թէ պահի թելադրած հրամայականին ենթարկուիլ։


