Միայն թէ դուն չտխրիս
Միայն թէ չտխրի «միայն» բառը, այսօր, յարգելի ընթերցող, որոշեցի մեր լեզուի ամենէն միայնակ բառի ներաշխարհի մէջ պտոյտ մը կատարել եւ յայտնաբերել անոր լուռ յուզումները։ «Միայն» բառն է ան. Մարդակերպ կերպար մը իսկական։ Օր մը միայնակ աղօթող հաւատացեալ է ան, մէկ այլ օր՝ «Միայն քեզ կը սիրեմ» փսփսացող սիրահար, մէկ օր «Միայն Սուրբ» երգող դպիր է ան, մէկ այլ օր՝ «Տատրակի պէս միայնացած» պանդուխտ մը լալկան։ Դուք, յարգելի ընթերցող, քանի որ հաւատարիմ էք «Ոչ միայն հացիւ» սկզբունքին, այսօր, գիշերային այս խաղաղ ժամերուն, լուսամփոփի մը լոյսին տակ նստած, պիտի կարդաք պատմութիւն մը որ իր աւարտին հոգեկան գոհացում մը պիտի տայ միայն։
Մանանան է միայն իմ աչքս
«Միայն» բառը մեր գրական լեզուի մէջ հոգեւոր սկիզբ ունեցաւ։ Ոչ միայն Աստուածաշունչ Մատեանի, այլ այդ դարաշրջանի բոլոր այլ գիրքերու մէջ ան աղօթող կամ խոստովանող մարդու խօսքի մէջ տեղ գտաւ։ «Միայն» բառը 346 անգամ գործածուեր է Սուրբ Գիրքի մէջ։ Առաջին հայ ընթերցողն ալ լսեր է այս խօսքերը. «Մի՚ երկնչիր, միայն հաւատա», «Ո՞վ կար» թողուլ զմեղս բայց միայն Աստուած», «Կանգնեցայ… միայն օդ եւ սօսաւիւն լսէի», «Բայց միայն ի մանանան են աչք մեր»։ Ս. Գիրքը մեզի տուաւ նաեւ բոլորիս ծանօթ սկզբունք մը. «Ոչ հացիւ միայն կեցցէ մարդ»։ Դուք կը փափաքիք լսել նաեւ, թէ 10րդ, 13-րդ, 15-րդ դարերու մատենագիր այրերը ի՚նչ կը գրէին երբ միայնակ կը ճգնէին լուռ խուցի մէջ։ Շարունակենք մեր պատմութիւնը…
Անունս միայն ունիմ
Իր մատեանի աւարտին հայ գրիչը յիշատակարան մը գրի առաւ եւ մեզի տուաւ իր զօրաւոր իշխանի, եռապատիւ վանահօր, ազնուափայլ պատուիրատուի կամ շնորհազարդ նկարազարդողի անունը։ Իսկ իր անունը՝ անարժան էր յիշել։ Խուսափեցաւ ածականներէ։ Հին սովորութիւն։ Այդպէս ալ ըրաւ Սանահինի մէջ 1485 թուականին Աւետարան մը գրի առած Խաչատուրը։ Ո՞վ էր Խաչատուրը, ի՞նչ արժանիքներ ունէր։ Չենք գիտեր… «Եւ արդ, … աղաչեմ … յիշեցէք յաղօթս ձեր զիս՝ զԽաչատուր անարժան աբեղաս, որ զանունս միայն ունիմ»։ 1497 թուականին Վանայ ծովէն ո՚չ շատ հեռու, Բերկրի գեղեցկագոյն աւանի Արգելան վանքի մէջ Աղթամարէն եկած Յովսէփ անունով կրօնաւոր մը կը գործէր։ Արգելան գեղատեսիլ վանքը կը գտնուէր Ծաղկանց լեռներու հարաւային լանջին, բարձր քարաժայռի մը վրայ։ Առաջնորդանիստ էր ան, ունէր բազմանդամ միաբանութիւն եւ գրչութեան կեդրոն։ Յովսէփը հոն «Շարակնոց» մը գրի առաւ. աւարտին, Յիշատակարանի մէջ յիշեց սոսկ իր անունը, տալով հետեւեալ բացատրութիւնը. «Արդ, ես՝ յետինս եւ անպիտանս յամենայնի Յովսէփ սոսկանուն կրօնաւոր՝ անուամբ միայն եւ ոչ գործով, վասն զի յոյժ հեռացեալ եմ յամենայն բարեգործութեանց, ծոյլ եւ պղերգ»։
Միայն սուրբ
1278 թուականն է։ Արարատեան գաւառի Մողնոյ Սուրբ Գէորգ վանքի մէջ Սիմէոն անուն վանականը «Տօնական» մը գրի առաւ։ Այդ օր, ո՚չ միայն ազգս հարստացաւ մէկ այլ թանկագին մատեանով, այլ նաեւ մեր մայրենին ճոխացաւ Հայր Աստուծոյ ուղղուած ընտիր արտայայտութիւններով։ Ահա կը մէջբերեմ 750 տարի առաջ գրուած այդ աղօթող խօսքերը. «Փառք, փառք ամենակալ մեծանուն Տէր…, միայն սուրբ, միայն ողորմած, միայն բարերար, միայն գթած, միայն մարդասէր, միայն իշխան, միայն թագաւոր, միայն հզօր, միայն առատ, միայն բաշխող բարեաց, միայն տուող ողորմութեան, միայն բժիշկ հիւանդաց, օրհնութիւն եւ գովութիւն եւ փառք քեզ, ի Սիմեոնէ»։ Նոյն օրերուն Գրիգոր Օշականցի վանականը ողբաց, թէ երկրի վրայ չունէր մխիթարող մը. սկսաւ միայնակ աղօթել. «Միայն տէր իմ արարող, յոյսն անմահ, վերնական, վերնական»։ Թաթոս Թոխաթեցին ձայնակցեցաւ իր հոգեւոր եղբայրներուն եւ ըսաւ.« Աստուած.., Դու զօրաւոր ես եւ միայն»։
Միայնափայտ սեղանը
Զի ցուրտ էր միայնութիւնը, «միայն» բառը փափաքեցաւ ընկերներ ունենալ։ «Միայն»-ի շուրջ հաւաքուեցան 41 այլ բառեր։ Ինչպէս ընտանիքի զաւակները, նոյնպէս ալ այդ բառերը ունէին իւրայատուկ նկարագիր։ Ան, որ մէկուսացած կեանք կը վարէր կոչուեցաւ «միայնակեաց»։ Ընթրիքի ժամուն անոնցմէ մէկը սեղանատուն չեկաւ, փափաքեցաւ մնալ առանց ընկերներու։ Զայն կոչեցին «միայնակեր»։ Մէկը, որ աշխատասէր էր, կը նախընտրէր իր գործը առանց օգնականի կատարել՝ «Միայնագործ» անուանուեցաւ։ Մէկ հատը ճկուն չէր իր կարծիքներու եւ որոշումներու մէջ, անունը դրին «Միայնակողմ»։ Անոնք ունէին քոյր մը։ Օրիորդիկը վճռած էր մնալ կոյս։ «Միայնուհի» կոչեցին այդ աղջկան։ 737 թուականին նոյն կոչումին արժանացաւ Սահակադուխտը՝ Դուինի կաթողիկոսարանի աւագերեց Սահակի դուստրը, նշանաւոր գիտնական, շարականագիր Ստեփանոս Սիւնեցիի քոյրը, որ մանուկ հասակէն ստացեր էր «զվարս կուսութեան»՝ առանձնացաւ Գառնիի ձորի քարայրներէն մէկուն մէջ, ապրեցաւ ճգնակեցութեամբ։ Իսկ ի՞նչ անուն տալ մենակեացի փոքր բնակատեղիին, խրճիթին կամ սենեակին։ Մեր մայրենին առատաձեռն է. ունինք երեք գոյական. միայնանոց, միայնաստան եւ միայնարան։ Իսկ դուք կը յիշէ՞ք այն սեղանատունը, ուր բոլոր վանականները միասնաբար կ’ուտէին իրենց հացը։ Այդ մեծածաւալ սրահը ունէր ընդհանուրի համար շինուած գեղաքանդակ սեղան։ Վարպետ ատաղձագործ մը, բարեպաշտ իշխանի մը պատուէրով, հսկայ ծառ մը կտրած, անոր միակտոր փայտը տաշած, յղկած, եւ փորագրած էր զայն շինելու համար։ Այդ սեղանը օրհնեցին եւ կոչեցին «միայնափայտ»։
Միայն 100 բառ
Նարեկացիի հետ
Չենք գիտեր, թէ արդեօք Գրիգոր Նարեկացին իր վանքի սեղանատան մէջ մաս կը կազմէր հաւաքական ընթրիքներուն։ Սակայն, ճշմարիտ գիտենք, թէ ի՚նքն էր որ իր մտքի մէջ, նոյնիսկ հացի ժամուն, կը զրուցէր Աստուծոյ հետ, յաճախ գործածելով «միայն»-ը։ Խաղաղ գիշեր մըն էր, ես միայնացայ Մատեանի հետ եւ պատրաստեցի այս ընտրանին. «Միայն քո է քաւել, բժշկել», «Դու միայն Աստուած երկնաւոր», «Միայն դու պաշտպան», «Եւ դու միայն իսկապէս գթած, օրհնեալ, մարդասէր», «Միայն թագաւոր», «Միայն բարեգործ», «Միայն խնամակալ», «Միայն հրաշագործ», «Միայն արարիչ», «Միայն բազմագութ», «Միայն միշտ սուրբ», «Օրհնեալդ միայն ի շրթունս անբիծս լեզուաց երջանկաց։ Գոհանամ զքէն, բարեգութ, միայն մարդասէր, արարիչ երկնի եւ երկրի, Որդի Աստուծոյ»։
Ոչինչ միայն գրեցի
Օրեր եղան հայ մարդը հեռացաւ իր տունէն։ Պանդուխտ էր ան։ Բարեգութ տաղասացներ եկան սազով, երգեցին անոնց վիշտը։ Բայց, ի՚նչ դառն վիճակ, օր մը տաղասացը ի՚նքը եղաւ օտարանդի։ Անոնցմէ մէկը ականաւոր իմաստասէր, քերական, մանկավարժ, տաղասաց ու հասարակական գործիչ Սիմէոն Ջուղայեցին էր։ 1605 թուականին, «Մեծ բռնագաղթի» օրերուն, պատանի Սիմէոնը իր ընտանիքի հետ տեղահանեցին եւ Նոր Ջուղա տարին։ Տարիներ անցան, Ջուղայեցին համբաւի տիրացաւ, բայց հայրենազրկութեան վիշտը մնաց իր սրտի մէջ։ Օր մը իր տան առանձնութեան մէջ նստեցաւ, տխրեցաւ ու գրեց. «Տքնեցայ միայն ի տանիս, / Յիշեցի զծնօղքս եւ զսիրելիս. / Լացի կարօտով, կարօտով»։ Մելքիսեդեք Եպիսկոպոսը լալկան, ափը իր երեսին դրած՝ բուի մը նման նստեցաւ եւ սրտակից եղաւ հայ պանդուխտներուն. «Բաժանեալ սիրելեացս, եղբարցս զատական, / Իբրեւ զբու միայն անկեալ կայ ի տան»։ Վանայ ափին Արծկէ քաղաքի մէջ Անդրէաս տաղասացը մեզի բացատրեց, թէ ղարիպը «փայտ չորացեալ» է։ Ան գործածեց նաեւ «տատրակ» նմանութիւնը. «Է՜, ղարիպիկս բեհալ է, / Քան զտատրակ միայնացեալ է՜»։ Դարեր անցան, բայց հայու պանդուխտութիւնը չանցաւ։ 1910-1915 թուականներուն Մեքլոն Կիւրճեանը եղաւ ղարիպներու խիղճը։ Գրեց Կիւրճեանը, գրեց, օր մը ափսոսաց եւ խոստովանեցաւ. «…Եւ սակայն չմոռնամ ըսել որ տակաւին ոչինչը միայն գրած եմ այդ սարսափելի կեանքէն»։
Խրատ մը միայն
Խաղաղ օրեր էին։ Պոլսոյ մէջ տիկին Էլպիս Կեսարացեանը որոշեց իր կեանքը դեռատի հայուհիներու ազգանուէր դաստիարակութեան նուիրել։ 1879 թուականին այդ նպատակով գրքոյկ մըն ալ գրի առաւ՝ «Նամականի առ ընթերցասէր հայուհիս»։ Այդ գիրքի մէջ, յարգելի ընթերցող, կար մի միայն բարի խրատ։ Ձեզի համար կազմեցի եռածաղիկ փունջ մը. «Մի՚ լքանիք վատ թմրութեան մէջ, այլ յուսով միայն ապրեցէք», «Մի՚ լինիք նախանձորդ պատիր փառասիրութեան, այլ նախանձորդ միայն առաքինական փառաց»։ Տիկին Կեսարացեանը ձայնը եղաւ նաեւ ողբացող Հայաստանին. «Այգիներս ոտնակոխ եղած, ժառանգութիւնքս յափշտակուած, զաւակունքս գերի վարուած. ես միայն մնացած եմ մերկ եւ թափուր»։
Հայրենասէր մըն էր միայն
1915 թուականին երկու հայրենասէր ընկերներ որոշեցին ազգին ցաւը երգել միայն։ Մէկը Ակնցի էր միւսը Սեբաստացի՝ Սիամանթօն եւ Վարուժանը։ Ակնցին զարհուրանքով դիտեց հայկական աւաններ դալանի եկած խուժան մը անասնադէմ. «…Ու իրենցմէ մին գոչեց, արիւնախում խուժանն այսպէս իր շուրջն հաւաքելով. / Անհաւատին եւ օրերը եւ ոսկիները եւ կիները եւ արեւը մերն են միայն»։ Դանիէլը, դեռ երկինքը չէր շառագունած, իր պատուհանէն դիտեց հազալով գործարան գացող սեւամազ, սեւաբախտ, կուրծքը տանջուած բանուորուհի մը, որուն ետեւէն շուայտ սրիկայ մը մը սուլէր եւ շուն մը կը հաչէր։ Տղան ցանկացաւ գրկել, ամփոփել եւ պաշտպանել այդ աղջկան։ Նպատակը՞ Դանիէլին… «Միայն թէ դուն չըլլաս տժգոյն ու քաղցած, / Արեւուն տակ չհազաս, / Մօրդ վերեւ չմարի ճրագն, ու, ո՚վ քոյր, / Դուն գործատուն ա՚լ չերթաս»։
Ծիծաղ մը միայն
«Միայն» բառը, մտածեցի, արդեօ՞ք մի միայն տրտմութեան բառն է։ Ո՚չ, յարգելի ընթերցող, կասկած չկայ, թէ ան ծառայած պիտի ըլլայ նաեւ ծիծաղի եւ սիրոյ։ Այդ խօսքերուն եւ երգերուն հասնելու համար միայն պէտք էր բառի պատմութեան աւելի խորերը իջնել։ Յաջորդ յօդուածիս մէջ կը խոստանամ ձեզի բերել միայն կենսուրախ երգեր եւ քերթուածներ, միայն թէ դուք շարունակէք հաւատարիմ մնալ «Ոչ միայն հացիւ…» սկզբունքին։




