Նեղ շապիկը
Շաբաթ մը առաջ, յարգելի ընթերցող, «նեղ» բառի գրական եւ քաղաքական ընթարձակ դաշտի մէջ ճեմեցինք բաժակ մը գինի բռնած։ Տեսանք, թէ Հորմուզի հեղ մը բաց, հեղ մը փակ նեղուցը տնտեսական նեղութիւն կը պատճառէր ամբողջ աշխարհին, միեւնոյն ժամանակ Հայաստանը՝ իր աշխարհագրական դիրքէն նեղուած երկիր, կը փորձէր քիչ մը դուրս ելլել այդ շապիկէն առանց նեղացնելու իր հին բարեկամները։ Իսկ մեր թանկագին մատեանները… Անոնք, յիշատակարաններն են վկայ, գրի առնուած էին խիստ նեղութեան մէջ։ Ապա, կարդացինք խրատներ. Գրիգոր Նարեկացին բացատրեց, թէ հաւատքի թերութիւնն է մեր բոլոր նեղութիւններու աղբիւրը, Սուրբ Գիրքը ըսաւ, թէ օր մը երկու դուռեր պիտի բացուին մեր առջեւ, եւ մենք անպայման ընտրենք Նեղը։ Իսկ բանաստեղծ-վանահայր Խաչատուր Կեչառեցին 1330 թուականին իր վանքի նեղ լուսամուտէն դիտեց Սեւանի գեղատեսիլ համայնապատկերը եւ անխուսափելի ճշմարտութեան մը առջեւ ափսոսաց, թէ մարմինը նեղ գերեզման մտնելու է։ Բայց, յարգելի ուղեկից, լայն բացէք ձեր սրտերը. «նեղ» բառի պատմութիւնը, հակառակ ընդհանրացած կարծիքին, ունի հէքիաթային, զուարճալի, նոյնիսկ սիրային երես մըն ալ։ Ուստի, առէք նեղբերան փարչ մը գինի, եւ վայելեցէք այս ճանապարհորդութիւնը։
Հայը նեղուցի առջեւ
Այս պատմութիւնը ո՞ւր կը փափաքիք վայելել։ Հայոց բնաշխարհը ունի քանի մը «նեղ», բայց խիստ գեղատեսիլ առաջարկ։ Ահա «Նեղուցք Ասորուոց» կոչուած տեղը. Կիլիկիոյ մէջ Ամանոսի լեռներու վրայ հովանուտ լեռնանցք մըն է ան։ Խաղաղօրէն նստեցէք մայրիի մը շուքին տակ եւ ականջ դրէք մեր զրոյցին, կամ եթէ կը նախընտրէք Սեւանայ լիճը դիտել, աթոռ մը առէք եւ գացէք «Նեղպողազ»։ Մարտունի քաղաքի Երանոս գիւղի մօտ ժայռոտ բարձունքի վրայ շինուած նախադարեան ամրոց է ան, որ ունեցեր է ինը աշտարակ։ Իսկ եթէ կ’ուզէք Պոսֆորի մեղմ ջուրերուն յանձնուիլ, ծովահայեաց թէյարան մը պատրաստ է ձեզ միշտ հիւրասիրելու։ Յուսամ, որ նեղ չէ ձեր ժամանակը։ Յարգելի ընթերցող, ես կ’առաջարկեմ, որ դուք քիչ մը երկար մնաք այդ ընտիր վայրերու մէջ եւ գիրք մը թերթէք։ Ահա երկու անուն. գեղարուեստական գրականութիւն սիրողներու համար «Նեղոսի զոհը», նորավէպ, Գահիրէ, 1931, քաղաքական գրականութիւն սիրողներու համար՝ «Նեղուցները ։ Վոսփոր եւ Դարդանել Թրքական ջրուղիները եւ հայ դատը», Գահիրէ, 1947։ Պոլսոյ տեղագրութիւնը եթէ անծանօթ է ձեզի, կարելի է 1791 թուականին Վենետիկի մէջ Մխիթարեան հայրերու կողմէ հրատարակուած ընտիր եւ խիստ գեղեցիկ քարտէզ մը դիտել՝ «Նեղուց Կոստանդնուպոլսոյ»։
Ասեղի նեղլիկ ծակը
«Նեղ» միավանկը, իր չափերով բաւականին սահմանափակ, միշտ կը փափաքէր դագաղի սահմաններէն դուրս ելլել եւ լուրջ գաղափարներու մէջ ալ յիշուիլ, օրինակ հայրենասիրական խոշոր գրականութեան մէջ տեղ գտնել։ Այդ պաղատանքը առաջին անգամ կատարեց Արփիար Արփիարեանը։ Օր մը Արփիարեան նկատեց, թէ հայերը իրենց երկիրէն նեղուած թռչուններ են. «Քիչ մը այս թռչունին չե՞նք նմանիր մենք Հայերս ալ։ Մտքերնիս ո՜րքան նեղ կը գտնէ ազգային—կրօնական աւանդութիւններու նաւը. ու կ՚ուզէ թռիչք առնել, անհունութեան մէջ սաւառնիլ։ Փորձերը կ՚ընենք եւ սակայն ետ կը դառնանք նորէն նաւը»։ Հայրենիքէն հեռացող թռչունները ակնարկելով, Յովհաննէս Շիրազ գրեց ազդարարիչ մէկ բանաստեղծութիւն. «Միակ ճամբան փրկութեան՝ / Հայեր, դէպի Հայաստան… / Ո՞ւր էք շտապում, ով խաբուած ջրեր…, / Մի՞թէ մօր գիրկը նեղ է ձեզ համար»։ Կը յիշէ՞ք նաեւ, թէ ինչ ըսեր էր Թումանեանը. «Մարդը մեծ է, բայց կեանքն է յաճախ նեղ»։ Իսկ Պարոյր Սեւակը «նեղ» բառին շնորհեց համատարած ճանաչում, երբ խոհական լուրջ նախադասութեան մէջ դրաւ զայն. «Գովերգում եմ եւ այն լուսէ գաղափարը, / Որ չի դառնում նեղ կաղապար»։ Մահուան ո՞ր տեսակը վայել էր Սեւակին։ Առանց նեղուելու պատասխանեց բանաստեղծը՝ անակնկալ տեսակը. «Եթէ մեռնել… / Թող որ մեռնեմ / հուր-կայծակից / Միանգամից, / մի վայրկեանում, / յանկարծակի, / Այնքան արդար, / խղճիս ձայնին միշտ ունկընդիր, / Որ համաձայն բիբլիական հին լեգենդին / Հանգիստ անցնեմ եւ ասեղի նեղլիկ ծակից»։
Նեղժապաւէն հէքիաթ մը
«Նեղ» ածականը, առատաձեռն միավանկ, մեզի բազմաթիւ բարդ բառեր պարգեւեց։ Անոր շնորհիւ հայերէնի բառապաշառը ընթարձակուեցաւ։ Այդ ձեր բռնած փարչի համար ունեցանք «նեղբերան» ածականը։ Մենք նաեւ ունեցանք նեղահայեաց եւ նեղմիտ առաջնորդներ, նեղամիրուք իշխաններ, նեղանցք արահետներ, նեղաչք դրացիներ, նեղուղի ձորեր, նեղիմաստ վիճաբանութիւններ, ինչպէս նաեւ նեղշուրթ գեղեցկուհիներ եւ սիրողական նեղաժապավէն շարժանկարներ։ Այժմ, մեր առջեւէն ժապաւէնի պէս անցնին նեղիրան եւ նեղշուրթ սիրուններուն նուիրուած ընտիր տողիկներ։
Խնձորդ առ, եկուր
1530 թուականին դեռ քսան տարեկանին չթեւակոխած աշուղ Նահապետ Քուչակը օր մը քաղաքի մէջ տեսաւ իր հոգին։ Աղջիկը բաղնիքէն նոր ելած եւ զարդարուած էր։ Այդ օր ալ փողոցը ի՜նչ բազմութիւն՝ նեղ թուաց երկուքին։ Օրիորդիկը լաչակը քիչ մը ցած առաւ եւ յօնքով սէր խոստացաւ. «Տեսայ իմ հոգոյս հոգին զարդարած ու բաղնէլուայ. / Ես ալ ի դէմիկն ելայ, նեղ սոխախ ու խիստ ղալապայ. / Պէչան ալ ի վեր տարաւ, ուներովն արաւ, թէ՝ Գնա՛։ / Գնա՛ ու գիշերն արի, որ ամէն դժարս դուրանայ. / Քեզի գիրկ ու ծոց անեմ. պագ հազար՝ մինչ որ լուսանայ»։ Նոյն օրերուն մէկ այլ քաղաքի մէկ այլ սիրավառ աշուղ տեսաւ իր եարին։ Ալ-կարմիր հագած սիրունիկը կուժը շալակին դրած ջուրէն կու գար։ Անոր երեսը կարմիր էր վարդի նման, ակռաները մարգարիտ ըլլային, շրթունքն ալ՝ շաքար։ Բայց աղջիկը բարեւ իսկ չտուաւ։ Ան ձեւացուց, թէ նեղուած է տղայէն։ Տղան պաղատեցաւ. «Կօշկիկ ես հագեր, եար, ոտացդ նեղ է, / Երկու ծծիդ մէջն պագնելու տեղ է, / Երեսիդ պագերն ալ հիւնդին դեղ է»։ Ժողովրդական ուրիշ երգի մը մէջ տղան իբրեւ, թէ հիւանդ է։ Ի՞նչ է պէտք բժիշկը, եթէ եարը ունի նորահաս խնձոր. «Հիւանդ եմ ի քո սիրուդ, / Ա՚ռ խնձոր, արե՚կ զիս ի տես, / Արե՚կ, նիստ ի բարձիս վեր, / Ու ձեռքդ տար ու զիմ սիրտն տես, / Զիմ ցաւուն տեղն դու գիտես, / Ինձ օտար հէքիմ չի բերես, / Թէ նեղ է՝ նայ դեղ արա, / Թէ չէ՝ լից զնոր սէրդ ալ ի ներս»։
Նեղ ժամանակներ
Եթէ ժամանակները նեղ են ձեզի համար, եթէ իրիկնային քաղաքական լուրերը նեղութեան պատճառ են, դիտեցէք այլ տեսանիւթեր։ Համացանցը լի է տեսակաւոր նեղութիւններով, ինչպէս սա հաղորդումը, որ բոլորիս համար անհրաժեշտ գիտելիք կը պարունակէ. «Նեղ կօշիկները լայնացնելու լաւագոյն տարբերակները»։ Իսկ, աւելի սիրուն տեսք ստանալու համար կարելի է գործադրել գեղագիտական հետեւեալ խրատը (տիկիններու յատուկ). «Նեղ աչքեր դիմայարդարելիս հիմնական նպատակն է դրանց աւելի խորը, արտայայտիչ եւ մի փոքր աւելի մեծ տեսք հաղորդելն է»։ Այսօր, յարգելի ունկնդիր, մեր հրաժեշտի երգը Աշուղ Ճիւանիի գործն է։ Երգահանը միշտ ալ ապրած էր նեղ պայմաններու մէջ։ Ան ունէր տխուր սիրտ։ Այդ հանգամանքը, անխուսափելիօրէն, ներկայ մնաց իր արուեստի մէջ։ 1891 թուականին յօրինուած «Տխուր սրտի արտայայտութիւն» երգը այսօր կը նմայ որպէս հայկական երգարուեստի ամենէն քնարական «նեղացած» երգը.
Լոյսս նուազել է գիշերի նման,
Ցերեկ ժամանակս խաւար եմ դարձել.
Դադարել է սրտիս ձայնը անխափան,
Անլար, կուրծքը կոտրած քնար եմ դարձել։
Նեղեալ Ճիւանին եմ հեռու պաշտպանից,
Հեռու ընտանիքից եւ հարեւանից.
Հոգս ու ցաւը չեն հեռանում ինձանից,
Բքոտ, մշուշապատ մէկ սար եմ դարձել։


