Սփիւռքի պայմաններուն մէջ սովորական նիւթ մըն է հասարակական գիտակցութեան մէջ նկատուող նահանջը։ Ժամանակներ կը փոխուին, նոր հարցերը կը պահանջեն նոր մերձեցումներ, նոր լուծումներ, որոնք շատ անգամ կը բացակային կամ առնուազն կ՚ուշանան։ Այդ բացթողումը կամ ուշացումը կ՚ունենայ բացասական հետեւանքներ։ Այս բոլորը իրար վրայ գումարելով կը պարզուի նահանջի պատկեր մը։
Սոյն նահանջը յաղթահարելու համար բաւարար չեն անհատներու կարողութիւնը, պատրաստուածութիւնը կամ աշխատանքի կորովը։ Խնդիրը կը թելադրէ աւելին։ Կարիքը ունինք հաւաքական ուժի։
Երբ կը խօսինք հաւաքական ուժի մասին, ինքնաբերաբար կը մտաբերենք պետականութիւնը։ Սակայն քաջ գիտենք թէ պետականութիւնը եւ հասարակականութիւնը տարբեր բնոյթի կազմուածութիւններ են։ Եւ նաեւ գիտենք թէ հայ ժողովուրդի օրինակին մէջ պետական կարողութիւնները սահմանափակ են համաշխարհային հայութեան կարիքներուն դիմաց։ Այս հաստատումը ունի դարերու անցեալ։ Դարեր՝ երբ գոյութիւն չունէր պետականութիւն, կը շարունակէր գոյութիւն ունենալ համայնքապատկան բազմաթիւ կառոյցներ։ Անմիջապէս կրնանք յիշել եկեղեցին, դպրոցը կամ մարդասիրական զանազան կազմակերպութիւն։
Այնպէս թէ այսպէս այդ հսկայ աւանդութիւնը հասած է մեր օրերուն։ Բայց ինչպէս ըսինք գրութեան սկզբին, նոր ժամանակները կը պարտադրեն նոր հրամայականներ։
Վերջին տասնամեակներուն նկատելի նահանջը ճիշդ ալ այդ պարտադրանքին համապատասխան լուծումներու բացակայութիւնով կը յայտնուի։
Անցեալին մեծ յոյսերով կեանքի կոչուած բազում կառոյց այսօր կը դժուարանան իրենց ուխտած առաքելութիւնը կատարելու խնդրին մէջ։
«Ինչո՞ւ» հարցումը շատ անգամ չունի գոհացուցիչ պատասխան, բայց ունի բազում ու բազմերանգ պատրուակ։
Այդ պատրուակները օդին մէջ կը ցնդին, երբ կը հանդիպինք այնպիսի օրինակներու, որոնք կարող են բոլոր պատճառաբանութիւնները ջրելու։
Այդպէս եղաւ երբ վերահասու եղանք Եսայեան Մշակոյթի եւ Գրականութեան Միութեան «Հանդիպում» ծրագրի բովանդակութեան։
Ինչպէս եղաւ որ նորակազմ այս միութիւնը գերազանցեց տասնամեակներու անցեալ ունեցող սանուց միութիւններու մատնուած անապատացումը յաղթահարելով։ Չէ որ մինչեւ մօտ անցեալ այս համայնքի մշակութային կեանքը վստահած էինք սանուց միութիւններուն։
Պատասխանը դարձեալ պարզ է՝ «Սնանկացումը սկսաւ այն պահուն, երբ միութիւնները կորսնցուցին իրենց նիւթական ինքնաբաւութիւնը եւ դարձան թաղականութիւններու կամ խնամակալութիւններու օժանդակ մարմին»։
Պարզ է որ համայնքը ունի դժուարութիւնները յաղթահարելու ներուժ, բայց չունի այդ ներուժը կեանքի կոչելու կամք։


