Բոյր Բ.
Հայկական քնարի եօթը բոյրերը
Շաբաթ մը առաջ, յարգելի ընթերցող, ճեմեցինք հայկական քնարերգութեան բազմաբուրեան պարտէզներու մէջ։ Վայելեցինք եօթը բանաստեղծի եօթը բոյրը. Չարենցը՝ հայրենաբոյր էր, Վարուժանը՝ ծօթրինաբոյր, Դուրեանը՝ մահաբոյր, Տէրեանը՝ մերթ տխրաբոյր, մերթ ալ քնքշաբոյր։ Ապա տէրտէրներ եկան խաչերով, մատեաններով… Անոնք խնկաբոյր էին, եւ նարեկաբոյր։ Մայրամուտին, վարդաբոյր պարտէզի մէջ տեսանք որբուկ մը բոպիկ։ Ան իր մազերուն մէջ ունէր Շիրակի բոյրը։ Անո՞ւնն անոր. Յովհաննէս, որ ապագային պիտի կոչուէր Շիրազ։ Աւարտին, երգահան մը եկաւ. Մի մոռնաք, ըսաւ, բալենիի անոյշ բոյրը… Մենք լսեցինք Խաչատուր Աւետիսեանի «Ծաղկած բալենի» երգը. «…Դու ինձ հիմա շատ ես նման քո բոյր ու նազով»։ Գարնան ծաղկաբոյր առաւօտ է։ Ես կ’առաջարկեմ, որ մենք զամբիւղ մը առնենք մեր թեւի մէջ, մէջը դնենք շիշ մը գինի անուշաբոյր, նաեւ տաղարան մը հնաբոյր, ապա բանանք հայկական գրական մրգաստանի դռնակը, ներս մտնենք հիացիկ եւ վայելենք քանի մը քաղցրաբոյր տողիկ։
Լոռիի բոյրը
Գարուն եկաւ Ջաւախքի, Բազումի, Փամբակի եւ Գուգարաց լեռներուն։ Յովհաննէս Թումանեանը, իր ցուպը ձեռքին, ծաղկաբոյր դաշտերն էին պատճառը անկասկած՝ բանաստեղծ դարձաւ եւ գրեց բուրումնալից քերթուածներ. «Մոռցուած վարդեր. Չեն մոռանալ աղջիկ ու սէր, / Չեն մոռանալ վարդ ու բոյր»։ Ապա բանաստեղծը սիրաբոյր երգ մը հիւսեց. «Բոյր ու զեփիւռ ես կ’ուզէի / Եւ արշալոյս ոսկեվառ, / Որ մի պայծառ երգ հիւսէի / Ու երգէի քեզ համար»։ Ապա համբարձումը եկաւ. «Երգ ու բոյր խառնած, / Թեւ-թեւի բռնած / Զուգում են լեռներ, / Ծաղիկ են քաղում»։
Գեղեցկուհիի բոյրը
Ի՞նչ փոյթ, թէ գեղեցկուհին տասնամեակներ հեռու է ձեզմէ, կամ հազարաւոր մղոններ… Ձեր երակները դեռ անոր քաղցրաբոյր շունչով չե՞ն լեցուած։ Անոր ծոթրինաբոյր մազերը, անոր գեղաբոյր վիզը դեռ չի՞ զգլխեր եւ չի՞ օրրեր ձեզ։ Պոլսոյ մէջ Մառի Աթմաճեանը արտասուեց սիրոյ բոյրի կարօտով. «Թէ մազերովդ ծաղկաբոյր, ոսկեջրվէժ, / Երբ յուսահատ սպասումով ես կ՚արտասուեմ, / Դառն արցունքն իմ աչքերուս պիտի սրբես»։ Իսկ դուք կուզէ՞ք շնչել շիկահեր հարճի մը ծոցի բոյրը, կամ շուշան կուրծքը վարդերով զարդարուած եարը… Ձեզ կը հրաւիրեմ եասամանի շուքի տակ նստիլ, ձեր բաժակը լեցնել կարմիր գինիով եւ ընթերցել քանի մը բանաստեղծ տղաներու սիրավառ տողիկները։ Նախ դիտենք հարճը, որ մոլեգնօրէն կը պարէ ու կը պարէ, Բագրատունի իշխան Տրդատի աչքերը օծելով. «Եւ լանջքը մերկ՝ որուն վրայ թափուած գինին խրախին / Տակաւին միշտ կը սփռէր իր զուարթ բոյրը չորս դին»։ Երաժիշտ եւ թառահար Արամ Մերանգուլեանը զմայլիկ դիտեց իր եարը, որ վարդերով կու գար. «Յոյս վարդերով / Շուշան կուրծքդ զարդարուած / Քեզ նայողներն / Քո բոյր գեղով շիկնեցան»։ Աւետիք Իսահակեանը նկարագրեց գարնան ծաղկաբոյր սէրը. «Համբոյր ծաղկաբոյր եւ սէր հրաշագեղ / Գարնան հովի հետ եկան, գնացին»։ Դուք, յարգելի ընթերցող, կը սարսռաք երբ սիրուհիի բոյրը հասնի ձեզի, չէ՞… Նոր չէ այդ զգացումը։ Տիգրան Չէօկիւրեանի «Վանքը» վէպի հերոսը այդ սարսուռը զգաց, երբ տեսաւ Շուշանը. «Կը նայէի Շուշանի խարտեաշ մազերուն, սպիտակ դէմքին, աչքերուն… Անոր մարմինէն ելլող այդ շնորհին հետ՝ ինծի կը հասնէր նաեւ լեվանտի բոյր մը, որ կը սարսռացնէր բոլոր անդամներս, ջիղերս խտղտացնելով»։
Մայիսի բոյրը
Ահա եկաւ Մայիս ամիսը։ 1910 թուականն է։ Թրթռաց բանաստեղծի հոգին։ Առանց խմելու գինովցաւ Ռուբէն Զարդարեանը ու շշնջաց. «Մայիսի վարդաբոյր գինովութիւն»։ Նոյն քաղաքի մէջ, կը յիշէ՞ք, Եղիա Տէրմիրճիպաշեանը, ջերմացնող արեւը, Պոսֆորը եւ մայրաքաղաքի կենսուրախ եռուզեռը դիտելով ուրախացած էր մանուկի մը նման. «Մայիս. թռչունք կը վազեն երգելով, երգելով կը վազեն մանկունք... եւ միասին կ՚ընթանան թոյր եւ բոյր եւ կուսանք եւ երիտասարդք կ՚ընթանան միասին»։ Նոյն օրերուն, Մայիսը շնչելով՝ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէն Երուխանն ալ գինովցած էր. «Բոյր մը, անուշ եւ գինովցուցիչ»։ Իսկ Միսաք Մեծարենցը զգաց լճակի բոյրը եւ ուրախացաւ. «Ճառագայթներ խուսափուկ / Լիճերուն մէջ կը խաղան, / Եւ յանկարծ բոյր մը դեղձան / Կը ներկէ ջուրը փափուկ»։ Ապա եկան այլ գրիչներ եւ հեշտալուր տողերու մէջ ամփոփեցին կոյսի մը բոյրը։
Կոյսի բոյրը ըստ Սեւակի
Լոզանի բժշկական համալսարանի 27-ամեայ ուսանող Ռուբէն Սեւակը օր մը քաղաքի օրիորդաց վարժարանի առջեւ կը հանդիպի վարժարանի սանուհի, կապուտաչեայ գեղեցկուհիի մը։ Մեր տղան այդ գերմանուհիի գեղեցկութենէն հրապուրուած՝ կը գրէ «Բոյրը» քերթուածը։ Յիշեցնեմ, թէ այդ աղջիկը արդէն պիտի դառնար Սեւակի կինը. «Կը բարձրանայ բո՜յր մը աղուոր, / Գաղջ բոյրը կո՜յս մարմինիդ. / Բո՜յրը խունկի պէս միամիտ / Ու մեղքի պէս՝ մեղաւոր… Ուսկէ՞ կու գայ բոյրը մարմնիդ / Բի՜ւր տենչերով բեղմնաւոր… Կը բարձրանայ բո՜յր մը աղուոր / Գինովցնող ու բարի… Գիտե՜մ, կը զգա՚մ, բոյրդ գինով՝ / Ծա՜լ֊ծա՜լ ցրուած ծամերէն, / Մատիդ ծիրա՜ն, ծի՜ւր ծայրերէն / Կը ծորի բո՜յրդ գինով… Ուսկէ՞ կու գայ բոյրդ բարի… Ուսկէ՞ց է բոյրդ ալ մեղաւոր, / Լա՜յն վարդի պէս կուրծքէ՞դ բաց, / Ուր կը կարմրի հետքը դեռ թա՜ց / Համբոյրի մը բեղմնաւոր…»։
Կոյսի բոյրը ըստ Մեծարենցի
Մուշկ։ Բոյրերուն ամենէն հազուագիւտը։ Ահա, թէ ի՚նչ բոյր ունէր Մեծարենցի խորհրդաւոր պերճուհին, որ յաճախ կ’անցնէր թոքախտաւորի պատուհանի տակէն. «Թոյլ շրշիւն մը, յետոյ բոյր մը մշկենի. / Եւ յամրագին գիրքը ձեռքէս կ'իյնայ վար. / Երազներու պերճուհին է որ կ'անցնի»։ Իրիկնամուտին քաղաքը կը բուրէր թմբիր, իսկ Միսաքի հոգին կը պատէր տխրութիւն. «Վերջալոյսի աղջիկն է իր կուսութեան մէջ քրքում…. / Թմբիներու բոյրին տակ, նուռիներու ծաղիկին՝ / Ա՜հ, ինչո՞ւ ես մնացի գիրկն երազին այս տրտում։ / Մութը կ'իջնէ հոգւոյս՝ ուր վաղո՜ւց գիշեր է արդէն»։ Միսաքը այնքան բարի էր, այդ գիշեր անհուն գթութեամբ ցանկացաւ վարդաբոյր թեթեւ վարագոյր մը դառնալ եւ սփոփել բոլոր վշտահար սիրտերը. «Սա իրիկո՜ւնն ըլլայի ես, / թոյլ, նազենի, շղարշային, վարդաբոյր, / ու ծփայի զերթ ոսկեսար վարագոյր / վրան ամէն հոգիի»։
Կոյսի բոյրը ըստ Դուրեանի
Դուրեանի կոյսը սիրաբոյր է։ Դուրեանի կոյսը գաղտնի բոյր մը ունի. «…Արդեօք արեւն այսօր ո՚րքան սիրաբոյր / Կուսից լոյս դէմքն այրեց»։ Մեծարենցի սիրած կոյսը գիտէ շոյել երազներ. «Հոգի՚ մ՚որուն գաղտնիքն է բոյր, / Գիտէ շոյել երազներ բիւր»։ Այդ կոյսը, բայց լքեալ էր, տրտում։ Ան ունէր արցունքոտուած աչքեր. «Ո՚, կոյս, ինչո՞ւ այսպէս տրտում… / Դէմքդ սիրուն ծածկէն վերցո՚ւր / Ճակատդ, շնչէ սէր, լոյս ու բոյր»։
Կոյսի բոյրը ըստ Կուրղինեանի
Ըմբոստ էր Շուշանիկը, ծնունդով Փոպոլճեան։ Հայրը, Յարութիւն Փոպոլճեանը որպէսզի սանձէ իր աղջկան, անոր տարաւ կոյսերու մենաստան։ Աղջիկը չհամակերպեցաւ միանձնուհիներու խիստ օրէնքներուն։ Դարձաւ բանաստեղծ՝ ճնշուածներու ձայն։ Օր մըն ալ կոյսը հանդիպեցաւ վաճառականի մը։ Արշակ Կուրղինեանն էր այդ ներկայանալի պարոնը։ Այդ առիթով Շուշանիկը, որուն գրիչը նուիրուած էր բանուորներուն՝ գրի առաւ իր սէրը. «Ես՝ ծաղիկ եմ սիրաբոյր, / Դու՝ հաստ նոճի խստաբոյր»։ Իսկ, յետո՞յ… Շուշանիկը եւ Արշակը ամուսնացան եւ իրենց սէրէն ծնունդ առաւ երեք զաւակ՝ Անոյշը, Շաւարշը եւ Արշամը։
Մայր կաթնաբոյր
Մօր բոյրը. բոյրերու ամենէն սրբազանը… Յօդուածիս աւարտին, յարգելի ընթերցող, եկէք փառաբանենք մայրացած կամ մայրութեան պատրաստուող կինը եւ անոր խաղաղեցնող բոյրը։ Սուրէն Այվազեանը դիտեց մօր ձեռքերը՝ շնչեց ջերմ բոյր. «Քո ձեռքերը, մայր, այն առաջին ձեռքերն էին, որ ստեղծեցին կրակը, որոնց մէջ կալսուեց առաջին ցորենը, առաջին ցորենը հաց դարձաւ։ Դրա համար միշտ տաք էին քո ձեռքերը, եւ կրակի բոյր ունէին»։ Իսկ Բագրատ Աւագանը Հալէպի մէջ 1934 թուականին լոյս տեսած «Նժդեհի քնար» ժողովածուի մէջ գրի առաւ այլ մեծարանքներ. «Ծաղկունքով խնկաբոյր», «Փարթամ կուրծքդ կաթնաբոյր», «Աչեր սիրաթոյր, այտեր վարդաբոյր», «Գլուխ խոնարհել կաթի պէս ճերմակ, նրա կաթնաբոյր կուրծքի լանջերին»։ Արդ, յարգելի ընթերցող, կէս գիշերային այս ժամերուն, ուր սրբաբոյր մօր ծոցի մէջ քնացող նորածինի խաղաղութիւնը կը բուրէ, հայկական գրականութեան ընտիր բոյրերը վայելած ըլլալու գոհունակութեամբ խմենք բաժակ մը կարմիր գինի եւ աւարտենք մեր ճանապարհորդութիւնը՝ յաջորդ յօդուածին Բալուցի Սարգիս տաղասացի գինեբոյր երգերը ըմպելու սպասումով։

