Զանազան առիթներ եղած են, որ նշենք թէ հայ ժողովուրդի մայրենի լեզուներէն մէկն ալ թրքերէնն է։
Մեծ Եղեռնի յաջորդող տարիներուն ծանօթ ու համատարած թրքատեաց մթնոլորին մէջ գիտեմ թէ բաւականին դժուար մարսելի պնդում մըն է այս, բայց միւս կողմէ պատմական իրողութիւն նաեւ։ Բնաւ քիչ չեն եղած պատմական Հայաստանի տարածքէն դէպի Արեւմուտք բնակութիւն հաստատածներու մօտ թրքախօսութեան սովորութիւնը։ Պատկերը նման էր նաեւ Կիլիկեան շրջանին գաւառներուն մէջ, ուր բարբառներու կողքին բաւականին տարածուած էր թրքախօսութիւնը, հետզհետէ փոխարինելով մայրենիին։
Թրքախօսութեան երեւոյթներէն մէկն ալ կը յայտնուի երաժշտութեան միջոցաւ։ Նախորդ դարու առաջին տասնամեակներուն, երբ հայեր ցեղասպանուելով եւ այդ զանգուածային սպանդէն վերապրելով, իսկ յոյներ դարձեալ նախ սպանդներով, տարագրութեամբ եւ ի վերջոյ բնակչութեան փոխանակման ծրագիրով հեռացան իրենց հարազատ երկրամասէն, իրենց հետ տարին նաեւ երգն ու երաժշտութիւնը։
Այսպէս գոյացան ԱՄՆ-ի մէջ «Քեֆ-քեֆ»ի միջոցառումներու յատուկ երգացանկը կամ ալ Յունաստանի մէջ Ռեպեթիքօ կոչեալ երաժշտական ոճը։
Այդ ոճը կարելի չէր դասական անուանել։ Ոչ ալ ազգային կամ ժողովրդական։ Ան ազդուած էր յատուկ տարածքի մը ներկայացուցած մշակութային փոխազդեցութենէ եւ դարձած էր յատուկ երանգ մը, ամբողջին մէջ։
Ռեպեթիքոյի հանդէպ Յունաստանի ընտրանի դասակարգի մերժողական մերձեցման ազդակներէն մէկն ալ այդ երաժշտական սեռի յօրինողներու կամ կատարողներու եկուոր գաղթականներ եւ բազմազգի ծագում ունեցողներ ըլլալն էր։
Անոնց մէջ յատկանշական կերպար մըն է Մարիքա Նինու բեմանունով ծանօթ Էվանկելիա Աթամեանը։ Ան երկար տարիներ յիշուեցաւ Ռեպեթիքոյի թագուհի կոչումով։
Կը յիշուի նաեւ հրեայ ծագումով Ռոզա Էսքենազի կամ Կաթողիկէ Վանվաքարիս անունները, որոնք բաւականին խորթ կը թուէին Յունաստանի ազգայնական շրջանակներուն։
Համարեա նման պատկեր մը կ՚ապրուէր Ատլանտեան մեծ ծովու հանդիպակաց ափին հաստատուած հայ գաղթականներու շրջանակին մէջ։
Իրենց բազկի ուժով, ճակտի քրտինքով եւ արդար վաստակով նոր աշխարհի մէջ, նոր կեանք մը կերտելու մղուած մարդիկ խիստ կարիքը ունէին որոշ ժամանակներ մէկտեղուելու եւ հայրենի երկրի կարօտով միասնաբար երգելու։ Այդ միջոցառումները անուանեցին «Քեֆ-քեֆ»ի երեկոյթներ, ուր կեանքի ծանր բեռը պիտի թօթափէին աւանդական ճաշատեսակներով, խմիչքով, երգ ու երաժշտութիւնով։
Այդ օրերէն մեզի հասած կենդանի վկայութիւն մըն է հանրածանօթ երգիչ Օննիկ Տինքճեանը։
Այս բոլորը մտաբերելու խթանը եղաւ Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կայացող երաժշտական միջոցառումը, որ ձօնուած էր Ռեպեթիքոյի։
Լիտեա Տուրմազկիւլէր ինք եւս այս երաժշտական ժանրի վարպետ կատարող, նախ ծանօթացուց ռեպեթիքոյի ութը մենակատարներ իրենց առանձնայատկութիւններով։ Ապա բանախօսութիւնը վերածուեցաւ համերգի եւ ներկաներ թէ բաւականին գիտելիք ամբարեցին եւ թէ կուշտ ու կուռ յագեցան խիստ զգացական երաժշտութեան ելեւէջներով։



