Մազերս լուացի ռեհանով
Երիտասարդուհին եռացող ջուրի մէջ դրաւ եօթը տերեւ ռեհան։ Կրակը մարեց։ Ջուրը խառնեց փայտէ շերեփով մը։ Տան լոգարանը լեցուեցաւ ծաղիկի քաղցր բոյրով։ Երիտասարդուհիի հեռաձայնի վրայ գրաւոր պատգամ մը յայտնուեցաւ. «Պատրա՞ստ ես»։ Ծիծաղեցաւ։ Արագ մատներով պատասխանեց. «Տասը վայրկեանէն…»։ Աղջիկը իր շապիկը հանեց, մազերը արձակեց եւ սկսաւ այդ ջուրով կամաց-կամաց լուալ։ Սեւ վարսերը ծծեցին դաշտերու, սարերու, կամ գարնան մարգերու մէջ աճած «արքայական» ռեհանի զգլխիչ հոտը։
Ռեհանի երգը
Բուրումնաւէտ է հայոց լեզուն։ Փա՞ստն այս համոզումիս. Հայկական Բնաշխարհի ծաղիկներու նուիրուած մեր քնարական տաղերը, աշուղական երգերը, հարուստ բառապաշարը, աւելին՝ այն երեւոյթը, որ հայերս սիրած ենք ծաղկանունները որպէս անձնանուն ընդունիլ. Մեխակ, Շուշան, Վարդուհի, Վարդերես, ինչպէս նաեւ Ռեհան… Բայց, մենք քիչ վերջ պիտի համոզուինք, թէ հայկական բազմանդամ ծաղկանոցի՝ գրական հարուստ ծաղկեփունջի իսկական «արքան» ռեհանն է։ Յարգելի ընթերցող, նախորդ երկու յօդուածներու մէջ, կը յիշէ՞ք, իջեր էինք «անդունդ» բառի խորութիւնները եւ խարխափեր էինք «նեղ» բառի մութ արահետները։ Իսկ այսօր, ամրան այս ջերմ եւ լուսաւոր օրերուն, փափաքեցայ զոյգ մը պատանի սիրահարի հիւրը ըլլալ, դաշտեր ելլել, աւազանի մը ափին նստիլ եւ ներշնչել «ռեհան» բառի քնարական բոյրերը։ Իսկ, յարգելի տիկնայք, եթէ դո՚ւք ալ դուրս ելլելէ առաջ կը փափաքիք ձեր մազը ռեհանով լուալ՝ մենք սիրով տասը վայրկեան մը կրնանք ձեզ սպասել։
Վարսիդ գրաւիչ բոյրը
Աղջիկը տունէն դուրս ելաւ։ Սիրուն, գեղեցիկ պատկեր։ Տասնըութ ամեակը բոլորած։ Երեսը փայլուն։ Քաղցրատես։ Ծոցն ու սիրտը սիրով վառած։ Մազե՞րը. թուխ, քիչ մը ցրուած։ Ան ժպտադէմ վազեց սպասող տղուն։ Երիտասարդը իր լայն թեւերը սիրունիկին վիզին փաթթեց, անոր մանր իրանը տեղմեց իր կուրծքին։ Այդ պահուն, տղան ցնցուեցաւ վարսի գրաւիչ բոյրով։ Ուրախացաւ։ Երթանք,- ըսին ու ձեռք ձեռքի հեռացան քաղաքային ճեմապարտէզ, ուր ամէն զրոյց աւելի սիրալիր է, ամէն նայուածք՝ աւելի քնարական… Այժմ, սիրավառ զոյգը թող երթայ պարտէզ, այնքան մօտիկ նստին ծածկոցի մը վրայ, երբ մէկը սկսի խօսիլ, միւսը իր նայուածքով աւարտէ զայն, ապա շիշ մը քաղցր գինի բանան, բզզան քաղցրօրէն, սիրաբանին քրքջալիր, իսկ մենք քիչ մը անդին քննենք «ռեհան» բառի արմատները։
Հոտդ Արաբիայէն կու գայ
Ռեհան ծաղիկի անունը կու գայ արաբերէն «ռայհան» (ريحان) բառէն։ Անոր քիւրտերէնն է «ռիհան», ուզպէքերէնը «ռայհոն»։ Յոյները զայն անուանած են «վասիլիգօս», այսինքն «արքայ», ուրկէ անոր անգլերէն անունը basil, գերմաներէնը Basilikum, ֆրանսերէնը basilic եւ թրքերէնը «ֆէսլէղէն»։ Բառիս առաջին անգամ 6-րդ դարուն հանդիպեցանք հոգեւոր գրականութեան մէջ. «Զսուրբ խաչն զարդարեն ռահանով եւ վարդեջրով»։ Այս խօսքը մեզ կը շարունակէ ներշնչել ռեհանով զարդարել խաչը։ Կովկասի մէջ յայտնի է «Ան որ ռեհան կ’ուտէ, երկար կ’ապրի» խօսքը։ Իբրեւ իգական անուն «ռեհան» բառը հայերուս մէջ գործածական է 1500 թուականներէն ի վեր։ Հայկական գաւառներու մէջ ունեցեր ենք Ռեհաններ, Ռեյհաններ, Ըռիհաններ եւ Ըռհաններ։ Գեղեցիկ է հաւատալ, թէ այս անունը կրող օրիորդիկը կամ տիկինը ռեհանի պէս հաճելի եւ անուշաբոյր է։
Այսօր քեզի հիւր եկայ
Քաղաքային պարտէզի գեղադալար ուղիներու վրայ, անոր գեղաքանդակ լճակի եզերքը կը ճեմեն վայելուչ զոյգեր։ Ամէն մէկը իր շրթունքի մէջ սիրոյ տաղ մը ունի։ Իսկ մեր զոյգը արդէն քիչ մը գինովցած է։ Գինի՞ն է պատճառը, թէ ռեհանի բոյրը։ Չենք գիտեր։ Աղջիկը իր փոքրիկ գլուխը կը դնէ տղու ծունկին վրայ։ «Սէրդ,- կը խոստովանի աղջիկը,- ներգործեց զիս, պաղատանքդ եղաւ կատարուած, այսօր մեր վառած սէրը բորբոքենք»։ Երբ իր սիրեցեալի մազերը կը շոյէ, տղան կը շշնջէ ռեհանաբոյր խօսքեր։ «Քու երկու ծոցին արան, / Բուսեր է փնջիկ մը ռահան, / Չգիտեմ՝ վարդէ՞դ առնեմ, / Թէ ռահնէդ, ուր հոտն է անուշ»։ Աղջիկը այտերը շիկացած կը շարունակէ. «Պագիկ մը աչերուդ առնեմ, / Քընծ նուշն ու շէքէրն է անուշ, / Քընծ նուշն անուշ, / Քընծ շէքէրն անուշ»։ Տղան հին քառեակ մը կ’արտաշնչէ. «Փնջիկ մը ռահան էի, / Իմ եարուս դուռը գնացի, / Շատցայ, ճղեր ձգեցի, / Իմ եարուս դուռը բռնեցի»։

Ո՞վ է աւելի գեղեցիկ
Հայկական ժողովրդական բանահիւսութեան սիրուն մէկ ստեղծագործութիւնն է «Տաղ Ծաղիկի»։ Այդ պատմութեան մէջ կտրիճը օձի բերանէն կը քաղէ ամենագեղեցիկ ծաղիկը՝ իր սիրած գեղեցկուհին։ Մինչեւ այդ օր, օձի վախէն ո՚չ մէկ որսորդ համարձակած էր այդ ծաղիկը քաղելու. «Շատ մարդ այն օձին ահէն, / Հէ՜, ի՚մ տուն, հէ՜, / Զայն ծաղկին հոտն չէ առեր»։ Երգի աւարտին տղան աղջիկը կ’առնէ, կ’երթայ սարեր։ Սարերուն ցոյց կու տայ իր գեղեցիկը եւ կը հարցնէ անոնց. «Ձեր մէջդ հանց (այսպէս) ծաղիկ, ո՞վ տեսեր, / Հէ՜, հէ՜, հէ՜»։ Սարերը միաբերան կը խոստովանին, թէ այդպիսի ծաղիկ չեն տեսած. «Շատ վարդ եւ ռեհան տեսեր, / Հէ՜, ի՚մ տուն, հէ՜, / Յէտոր գոյնն չէր նմաներ»։
Սայաթ Նովայի ռեհանները
Ինծի Սայաթ Նովա երգէ,- ըսաւ աղջիկը աչքերը փակ։ Տղան Արութինի գրական գոհարատուփէն փունջ մը ռեհան հանեց։ Այդ երգերը գայթակղեցուցիչ էին, քիչ մըն ալ չարաճճի. «Գարունքուան ծաղիկ, բաց իս էլի մարտի միջումն, / Մազիրըտ ռեհան, փաթըթուած է վարդի միջումն… / Քու հուտն ռեհան իս շինի… / Մազիրըտ ռեհան, կլապիտօն է, հուսիրըդ՝ շարբաբ,- այսինքն սիրելիս՝ մազերդ ռեհան շողշողուն թել ունին, հիւսքերդ մետաքս են»։ Երբ ճեմապարտէզի մէջ սիւքը յանկարծ կ’իջնէ եւ տերեւներ կ’օրօրէ՝ աղջկան մազերը կը խառնուին տղուն մազերուն։ Կտրիճը պագով մը կը դրոշմէ սիրունի երեսը։ Թող անոնք զրուցեն սիրասոյզ, մենք զամբիւղ մը բռնած շարունակենք գրական այլ ռեհաններ քաղել։
Զարդարուած է սեղանս
1600 թուականներու տաղասաց էր Դաւիթ Սալաձորցին։ Մանկութեան տարիներէն ան հիացեր եւ շնչեր է Կարնոյ դաշտերու ծաղիկները։ Իսկ երբ եկեր է սիրելու տարիքը իր ծննդավայր Սալաձորի մէջ որոշեր է այդ ծաղիկներուն քերթուած մը ձօնել եւ գովերգել բնութեան զարթօնքը։ Բանաստեղծութեան ձեւը պարզ է. հարիւր տող, հարիւր ծաղիկ, անունը՝ «Գովասանք Ծաղկանց»։ Ահա այն երկտողը ուր նաեւ կը յիշուի ռեհանը. «Ծափն ու ծափծալն ու ծափկոտրուկն կու բուսանին կարգն խակուկուն, / Նաֆն ու չինարն ու ռեհանն, հոտերն անուշ քանց ամենուն»։ Գարնան վայելքը եւ բերկրանքը նկարագրած մէկ այլ տաղերգու էր Սալաձորցիի ժամանակակից Անդրէաս Արծկեցին։ Սեղանի նուիրուած իր երգի մէջ բոլորը նստած են մեծ կարասի առջեւ՝ ունին ճոխ սեղան։ Սեղանը զարդարած են Վանայ դաշտերէն, Արծկէի ծովափներէն քաղուած ծաղիկներով. «Ծաղիկ բերեալ ի սեղան, / Վարդ, մանուշակ եւ ռեհան, / Բարեխօսեա մեծ կարասին, / Որ զանազան է իւր գինին»։
Ռեհանը գինովցաւ
Կ’ուզեմ կայթել, սիրելիս,- կ’ըսէ աղջիկը անակնկալօրէն։ Կոյսը կը պարէ խօլաբար։ Անծանօթ զոյգեր բարեւ մը տալով, իրենց գլուխները խոնարհեցնելով կ’անցնին թեթեւ ժպիտով մը։ Խուսափուկ ճառագայթներ լճակի մէջ կը խայտան։ Սիրալիր այս պատկերը, երազ մըն էր, որ 1906 թուականին Միսաք Մեծարենցը քերթուածի վերածեց. «Կը կայթէ կոյսն այգուն», «Ճառագայթներ խուսափուկ լիճերուն մէջ կը խաղան», «Լոյսի ոսկի պատարագ»։ Մեծարենցը գրական այս պատկերը, կը յիշէ՞ք, ամբողջացուցած էր ռեհանով. «Տունկեր ռեհան ծաթրինի / Կը ծխեն խունկ մը վայրի, / Եւ հովիկին առտըւան / Գինովութիւնն հաշիշէ»։ Բոյն մը կազմել… սա չէ՞ սիրոյ նպատակը։ Օրհնուած է այն բոյնը, ուր ռեհանը բնակութիւն գտած է,- աշուղները, տէրտէրները, մազը հայելիին առջեւ հիւսող հարսնցուն են վկաները։ Ահա 1500-ներուն ապրած տաղերգու Մարտիրոս Խարասարցիի «Տաղ հարսանեաց եւ ուրախութեան» ընտիր եւ գեղեցիկ ստեղծագործութիւնը։ Դուք, յարգելի ունկնդիր, այդ երգի մէջ կը տեսնէք հայկական հարսնիքը, ուր կայ գինի, խնճոյք, երգ եւ ուրախութիւն։ Ի՞նչ է պակաս. ռեհանը, որպէսզի մեր փեսան՝ «թագաւորը» կենդանութիւն բաշխէ։ Ահա այդ այբբենական կարգով գրուած քերթուածի «ռ», «ս» եւ «վ» տառերը. «Ռահան, նոճի եւ մրտենին, / Սուսամ, նարկիզ եւ նռնենին, / Վարդ ու զխնձորն ընծայ բերին. / Աստուած օգնէ թագաւորին»։ Օրհնուած ըլլայ ձեր բոյնն ալ։
Ռեհանը քնացաւ
Արեւը սկսաւ ձախէն աջ սահիլ։ Ծառերու շուքերը երկարեցան։ Աղջիկը անուշ քուն մտաւ։ Տղան դիտեց զայն։ Անոր «ռեհան մազերը» շոյեց քնքշօրէն եւ երգ մը սկսաւ մրմնջել որպէս օրօր, մինչեւ որ սիրուհին համբոյրով մը արթննայ շաբաթ մը վերջ։ Այդ պատկերը մենք կը դիտենք յաջորդ յօդուածին։ Այժմ արտօնենք, որ տղան իր եարի համար երգէ Գանձակի դաշտերու վրայ ռեհանաբոյր մեղեդիներ հիւսած, գիւղերու մէջ տիկնիկներ խաղացուցած, սիրուած աշուղ Միսկին-Բուրջիի «Ախչի արի» երգը, իսկ մենք մէկ այլ անկիւն քաշուած՝ տպագիր բուրաստան մը մեր ձեռքը՝ գինովնանք հայկական քնարական ծաղկանոցի ծաղիկներով.
Ախչի, արի մի պաչ տուր, ջանիդ մատաղ,
Ես մեռնում եմ, քեզ ու քու նանիդ մատաղ,
Կարմիր սուրաթ, սպիտակ գիւլ ջանիդ մատաղ։
Թէ մարալ ես, եկ ման արի սարումս,
Հարսանիքդ կու նստի էս տարումս,
Ծծիդ վրայ կախած նշանիդ մատաղ։
Անոյշ խօսա, ճարտար բերանիդ մատաղ։
Նարգիզ, սուսան, սմբուլ ես քաղուածի պէս,
Բեր հոտ առնեմ վարդ ու ռեհանիդ մատաղ։


