Ռեհանի անոյշ բոյրը մեր գրական քիմքը օծեց շաբաթ մը առաջ, երբ երիտասարդ հայուհի մը, հասակով տասնութը, սիրուն պատկեր, շաքար շրթունք, մեղր լեզու՝ իր մազերը ռեհանով լուաց, ապա իր սիրածի հետ դուրս ելաւ քաղաքային պարտէզի մէջ սիրաշունչ օր մը անցնելու համար։ Անոնք լճակի ափին, ծառի մը շուքին նստած իրարու շշնջացին երգեր եւ քերթուածներ, որոնց մէջ ռեհանն էր սիրոյ միջնորդը, «Քու երկու ծոցին արան, բուսեր է փնջիկ մը ռահան», «Փնջիկ մը ռահան էի, / Իմ եարուս դուռը բռնեցի», «Քու հուտն ռեհան իս շինի», «Մազիրըտ ռեհան», «Տունկեր ռեհան ծաթրինի / Գինովութիւնն հաշիշէ»… Իրիկնամուտին, արդեօք քաղցր զրո՞յցն էր պատճառը, թէ ումպ մը կարմիր գինին, չենք գիտեր, աղջիկը մրափեց տղու ծունկերու վրայ։ Անոնք մնան երազի մէջ, իսկ մենք, քիչ մը անդին, գրական ժողոուածու մը մեր ձեռքը շարունակենք ռեհանի գրական թերթերը վայելել։
Հեթանոս ռեհանը
Դուք, յարգելի ընթերցող, կը յիշէ՞ք այն օրերը, երբ ազգս զրադաշտ էր եւ մեր լեռնաշխարհի վրայ դեռ կենդանի էին Որմիզդ բարի աստուծոյ եօթը հրեշտակները՝ անոր մերձաւոր պաշտօնեաները։ Ռեհան ծաղիկն ալ այդ հեթանոս հաւատքի մէջ ունէր իր պաշտօնը։ Ըստ Ղեւոնդ Ալիշանի «Հին հաւատք կամ հեթանոսական կրօնք հայոց» ուսումնասիրութեան, հրեշտակներէն երրորդիւ՝ Շահրիվարին նուիրուած էր տարուայ տասներորդ ամիսը, իսկ անոր սրբազան ծաղիկն էր ռեհանը, այլ անունով արքայիկը, պարսիկներու շահասպրամը։ Ռեհանը հին հաւատքի մէջ կը խորհրդանշէր երկնայինի հեղինակութիւնը, աստուածային բուրմունքը, մարմնական բուժումը եւ երկնայինի գերիշխանութիւնը։ Իսկ մէկ այլ օր Հայր Ալիշանը հայոց քրիստոնէական հաւատքի նուիրուած քերթուած մը գրի առաւ։ «Ընծայեաց Աստուածածին» կոչուած այդ երկի մէջ վարդապետը նկարագրեց Վասպուրականի մէջ Աստուածածնայ գեղեցիկ եւ չքնաղ տօնակատարութիւնը. ահա կու գան բիւր ուխտաւորներ։ Բոլորը զուարթադէմ են։ Բոլորը հագած են նոր հագուստներ։ Իւրաքանչիւրը իր հետ ունի նուէրներ։ Իւրաքանչիւրը ունի միրգ, կաթ եւ փունջ մը ռեհան. «Եւ իւրաքանչիւր զիւր նուէր… / Որ միրգ եւ որ կաթն անուշիկ, / Որ վարդ, կամ ռեհան ու այլ ծաղիկ»։
Ձեռքերդ դալար տիկին Ըռեհէն
Գեղեցիկ է տեսնել, թէ արդիական գիտութիւնն ալ համաձայն է մեր հեթանոս հայոց համոզումներու հետ, քանզի ռեհանը ո՚չ թէ միայն խիստ բուրումնաւէտ խոտաբոյս է եւ լայնօրէն կ’օգտագործուի խոհարարութեան մէջ, ան ունի նաեւ հզօր հակաբորբոքային յատկութիւն, հականեխիչ է, կը պարունակէ A, C եւ K վիտամիններ, ինչպէս նաեւ երկաթ եւ եթերային իւղեր։ Իսկ եթէ դուք կը փափաքիք ռեհանը հայկական սեղանի վրայ տեսնել, երանի ես կարենայի ձեզի առաջարկել Եւդոկիա երթալ, հայրենակիցի մը տան դուռը զարնել, ողջունել տնեցիներուն, ապա բացատրել, թէ աստուծոյ հիւրն էք՝ օտար ճանապարհորդ մը խոնջած եւ խնդրել տանտիկինէն, որ ձեզի համար պաթ եփէ։ Պաթը ռեհանով պատրաստուած ճաշ է։ Երբ թասը սեղան գայ, մէջը թաթխեցէք հացի պատառներ, ապա տոլիի արթատերեւներուն փաթթելով ճաշակեցէք։ Անոյշ ըլլայ։ Իսկ եթէ դուք, յարգելի ընթերցող, լսէք, թէ այդ տաղանդաւոր տանտիկնոջ անունն է Ըռեհէն, մի զարմանաք, քանզի Եւդոկիոյ բարբառին մէջ ռ ով սկսող բառերը առանց սկզբնահունչ ձայնաւորի չեն սկսիր, ուստի ռեհանը կը դառնայ «Ըռեհէն»։

Սեղանս զարդարեցի ռեհանով
Յուլիս ամիսն էր։ Թուականն 1583։ Ազարիա Շահկերտցի վարդապետը, որ հմուտ քերական եւ աստուածաբան էր, ներշնչուած իր ծննդավայրի զուարթ բնութենէն, գրի առաւ գինիի եւ ուրախութեան նուիրուած տաղ մը։ Այդ օր դաշտի մէջ նստեցուցին սեղանը։ Եկան հայրապետներ։ Եկան րաբունապետներ։ Աստուծոյ տուին օրհնութիւն։ Օրհեցին սեղանը։ Օրհնեցին գինին։ Տասը տակառ գինին անոյշ էր՝ փառք տուին։ Երգեցին մեղեդիներ, երգեցին շարականներ։ Ապա եկան իշխաններ։ Ապա եկան պարոններ։ Անուշահամ էր գինին։ Բարձրաճաշակ էր գինին։ Անոնք երգեցին քաղցրիկ տաղեր։ Բաժակները ոսկի էին, թասերը արծաթ։ Ազարիա վարդապետը հիացաւ սեղանին եւ ըսաւ. «Քաղցր երգէք եւ ասացէք… / Քաղցրասցի ձեզ Տէր, գթասցի մեզ Տէր»։ Իսկ սեղանը ինչո՞վ էր զարդարուած։ Շահկերտի բուրումնաւէտ դաշտերու ընտիր ծաղիկներով։ Ազարիս վարդապետը դարձեալ ըսաւ. «Մանուշակ, փթթեալ ծաղիկ, ռէհան եւ վարդ, / Անուշահամ է, քաղցրաճաշակ է»։
Ռեհանը արթնցաւ
Քաղաքային ճեմապարտէզի մէջ վայելուջ զոյգեր կը ճեմեն։ Մայրամուտի շողերը աւազանի վրայ կը փալփլին։ Սիրավառ տղան աղջկան ռեհանաբոյր վարսերը շոյելէն դեռ չէ յոգնած։ Իրիկնաժամի սիւքը պատճառ կ’ըլլայ, որ գեղեցկուհին արթննայ իր անոյշ քունէն։ Ժպտադէմ է։ Նոյն սիւքը պատճառ կ’ելլայ, որ անոնց մազերը իրարու խառնուին։ Տղան անոր աչքերուն նայելով կ’արտասանէ ընտիր տողիկ մը. «Փնճիկ մ’ըռեհան ես դու, / Զքեզ ամեն նազով սնուցած, / Եկիր, ի դիմացս ելար, / Կա՚մ սիրէ, կա՚մ թող զիս ի բաց»։ Աղջիկը կ’ամբողջացնէ խօսքը. «Սրտիկս այլ զքեզ ուզեց, / Այլ ինձի խօշ եար չէ պիտած»։ Անոնք ներշնչուած կը զուգերգեն մէկ հին մեղեդի. «Սիմ սրմալի ալ փուշի, / Աղջիկ սիրտս կը մաշի. / Մէկ տեսիդի չեմ իտայ / Հարիր հազար ղուրուշի։ / Աղջի՚կ, մազիդ հիւսէիր, / Թունչիդ ռէհան քսէիր»։ Իսկ երբ հարսնիք ըլլար, մէկը թագաւոր դառնար միւսը թագուհի, անոնք երգէին մէկ այլ գեղջուկ երգ. «Թագւոր‚ ի՞նչ բերեմ քեզ նման, / Քո կանանչ արեւ քեզ նման։ / Անուշ ռէհան‚ որ կը հոտէր, / Անուշ հոտէր քո թագուհին»։ Գեղեցիկ է վերյիշել, թէ Եւդոկիոյ սարերու մէջ, Շահկերտի դաշտերու վրայ քանի քանի սիրավառ զոյգեր այս երգերով իրարու սէր խոստովաներ են։ Իսկ Պոլսոյ մէջ վիպապաշտ բանաստեղծ Յովհաննէս Սէթեան Պոսֆորի ջուրերը դիտելով՝ ազնիւ խօսքեր հիւսեց. «Կ’ուզեմ ըլլալ այն շղարշն որ կը ծածկէ ռեհան մազերդ»։
Ցանեցի ռեհան
Յարգելի ընթերցող, թողունք որ սիրավառ զոյգը աւարտէ իր բաժակի վերջին պուտը, իսկ մենք երգով մը հրաժեշտ տանք ռեհան բառի գրական թերթերուն. Իսկ եթէ օր մը որպէս Աստուծոյ հիւր եւ օտար ճանապարհորդ հասնիք Երեւան՝ նկատի առէք Կասկադի հարեւան Իսահակեան պողոտայի վրայ գործող Ռեհան ճաշարանը, յուսալով, թէ Լիբանանեան եւ միջին արեւելեան խոհանոցի վարպետները ձեզի համար եփեն թաս մը պաթ։
Բոստանում ցանիլ իմ
անուշ հոտով ռեհան
Խորոտ է քու ծոցի
էն երկու շամամ։
Գարունը բացուել է
կանաչ ու սիրուն
Շամամդ ծաղկել է
քու անոյշ ծոցին։


