Ծնած եմ 1498-ին, օրը չեմ յիշեր
Ասպիսնակ գիւղի մէջ Բարսեղ քահանայի կիսամութ խուցի մէջ ծնայ։ 1498 թուականն էր։ Գարնանամուտ։ Օ՞րը… Չարձանագրեց։ Մորթիս վրայ միայն գրեց ՋԽԷ։ Մեր գիւղը Արճեշ բերդաքաղաքէն վեց ժամ հեռու է։ Մեծոփա վանքի մօտ ենք, բարձրադիր վայրի վրայ, ուրկէ գեղեցիկ է դիտել ծովը։ Մեծ չէ Ասպիսնակը. հազիւ ութսուն տուն։ Մեր բնակիչները... երկրագործ են անոնք, անասնապահ, ոմանք ալ այգեգործ։ Մեր եկեղեցին, Ս. Ստեփանոսը, ուր ես ծնած եմ, կը պատմեն, թէ եօթանասուն տարի առաջ կառուցեր են Բարսեղ քահանայի մեծ հայրերը, գիւղը տէրերը։ Քահանան զիս բուրդէ խանձարուրի մը մէջ փաթթեց։ Ապա, մոմը մառեց եւ դուրս ելանք։ Մարտի ցուրտ օը մըն էր։ Դռնակը մեծ զնկիւնով մը կղպեց։ Հոգեւոր եղբայր մը հեւալով եկաւ, ողջունեց քահանային, ապա շտապեց դէպի գոլուտ ախոռը, հանեց քահանայի հաւատարիմ անթամբ աւանակը, եւ անոր վրայ դրաւ խուրջին մը։ Քահանան զիս իր քով նստեցուց։ Արահետները ձիւնով ծածկուած էին։ Պզնունեաց ծովը սառած էր։ Սիփան լեռը կը նմանէր սպիտակափայլ հարսի։ Վեց ժամ տեւեց մեր ճանապարհորդութիւնը։ Կանգ առինք առափնեայ բերդակի մը առջեւ, որուն արեւելեան քարերը շիկացած էին ծնող արեւու հետ։ Պահակները տէր հօր եւ իր աւանակը հեռուէն ճանչցան։ Արքունի դարպասի մէկ թեւը ճռնչալով բացուեցաւ։ Ներս մտանք։ Աշտանակներով լուսաւորուած գեղաքանդակ դահլիճի պատերը ջերմացած էին ոսկեսիմ վարագոյրներով, իսկ յատակը՝ նրբահիւս գորգերով։ Սեւազգեստ նաժիշտ մը զիս յանձն առաւ եւ տուաւ քաղցրահայեաց տիկնոջ մը։ Այդ օր, որպէս հոգեւոր մայր, առաջին անգամ զիս իր թաւշեայ ձեռքերուն մէջ շոյեց Թուրֆանտա իշխանուհին, Արճէշի իր ապարանքին մէջ։ Բարսեղ քահանան հրաժեշտի համբոյր մը տուաւ ինծի, խոնարհեցաւ իշխանուհիի առջեւ, ապա նստեցաւ իր աւանակին վրայ եւ վերադարձաւ Ասպիսնակ։
Ես, Թուրֆանտա իշխանուհիի պատուէրով եւ Բարսեղ քահանայի գրիչով ծնունդ առած Սուրբ Բարսեղի Աւետարանն եմ։
Ամիս մը ցուցաբեղկի մէջ
Մարտ, 2026։ Մէկ այլ գարնանամուտ է։ Երեւանեան թերթերու, Մաշտոցի պողոտայի վրայ տեղադրուած ցուցանակներու վրայ է անունս.
«ՇՈՒՐԻՇԿԱՆԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ
ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆՈՒՄ
ՄԱՐՏԻ 10 - ԱՊՐԻԼԻ 10»
Հեռատեսիլի վրայ է դէմքս։ Արծաթով եւ թանկագին քարերով եմ զարդարուած։ Հաղորդավար տիկնայք եւ պարոնայք կը պատմեն արկածաւոր ոդիսականս։ Անոնք կը գովաբանեն շինուածքիս բարձր արուեստը, նուրբ եւ բոլոր գիրերս, մագաղաթեայ թերթերս, արծաթէ կազմս, ականակուռ եւ գունաւոր գոհարներով զարդարուած դէմքս, մետաքսէ աստառս, նրբավրձին լուսանցազարդերս, կիսախորան անուանաթերթս, ինչպէս նաեւ զարդարանքիս գլուխ գործոցները՝ Մատթէոսի, Մարկոսի, եւ Յովհաննէսի դիմապատկերները։ Ափսոս Ղուկասը կը բացակայի։ Դարեր առաջ անծանօթ, կասկածաւոր ստուեր մը հեռացուցեր էր զայն ինձմէ։
Բարի լոյս Երեւան
Ապակի ցուցափեղկի մէջ եմ հիմա. մեծ պատիւ ինծի համար։ Ես վարժ էի առանձնութեան։ Հինգ հարիւր տարուայ կեանքիս մէջ աւելի շատ մութն եմ տեսեր քան լոյսը։ Հողի տակ ալ ապրած եմ։ Կը յիշեմ, տէրս զիս ծառի մը տակ պահեր էր, մինչեւ որ լոռերը, ա՜խ այդ լեռնաոնակ, անհնազանդ լոռերը, անցնին երթան մեր գիւղէն։ Բայց ես չեղայ ապերախտ։ Հրաշքներ եւ բժշկութիւն շնորհելով վարձատրեցի բարեպաշտ տէրերուս հոգատարութիւնը։ Թէեւ, ըստ աւանդութեան ամէն տարի Զատիկին յաջորդող կիրակի օրը Մատենադարանի ձեռագրապահոցէն դուրս կը բերէին զիս եւ մեծ թափորով Մուղնի գիւղի Սուրբ Գեւորգ եկեղեցին կը տանէին, որպէսզի ես հոն մնայի մինչեւ ուշ երեկոյ, երեւէի ուխտաւորներուն, անոնք երկրպագելով մօտենային ինծի, համբուրէին զիս, իսկ ես անոնց պարգեւէի իմ հրաշագործ օրհնութիւնս։ Բայց, այս ցուցադրութիւնը տարբեր էր. «ՇՈՒՐԻՇԿԱՆԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ»։ Անո՞ւնս… Ինչպէ՞ս «Շուրիշկան» դարձաւ։ Ան մէկ այլ զրոյց է։ Ես նախ պատմեմ մկրտութիւնս։
Իշխանուհին եղաւ կնքամայրս
Թուրֆանտա իշխանուհին զիս դրաւ ընթերցարանի մը փափուկ փարձիկի վրայ։ Դիտեց, դիտեց եւ հիացաւ։ Պառաւող այդ այրի տիկնոջ համար, անոր կեանքի գորշ երկնքին համար, ես լոյսի աստղ մը եղայ, ապրելու իմաստ, մխիթարութիւն։ Իմ ծնունդի քառասուներորդ օրը իշխանուհին ունեցաւ մէկ այլ այցելու՝ Ասպիսնակ գիւղի Տէր Գրիգորը եւ իր ընտանիքը։ Իշխանուհին եւ Տէր Գրիգորը ի գնահատանք գրիչ քահանային զիս անուանեցին «Սուրբ Բարսեղի աւետարան»։ Սկսայ հիւանդներ բժշկել եւ կիներուն զաւակ պարգեւել։ Ուխտաւորներ եկան հեռաւոր երկիրներէ իմ երեսս տեսնելու համար։ Անոնք զիս անուանեցին «հրաշագործ», «խնդրակատար», «ուխտակատար»… Տասնմէկ սերունդ խաղաղօրէն մնացի գիւղիս մէջ, արժանանալով բոլորի երկիւղածութեան, մինչեւ այն չար առաւօտը, երբ արթնցանք ասպատակող ձիերու սարսափեցնող դոփիւնով։
Ես լսեցի ձիերու ահաւոր դոփիւնը
Ասպիսնակ գիւղի խաղաղ առաւօտը խանգարուեցաւ։ Աքլորը եօթը անգամ կանչեց։ Ժամի զանգը հնչեց եօթը անգամ։ Եօթը թամբած նժոյգներ վրնջացին անհանգիստ։ Եւ եօթը բանակ եկաւ մեր սարը պաշարեց։ Ցնցուեցաւ Արճեշ քաղաքը։ Բզնունեաց ծովը ալեկոծուեցաւ։ Սիփան լեռը թփրտաց։ Աղջամուղջի մէջ արծաթափայլ պայտեր եկան ու հեռացան։ Յանկարծ, խիտ փոշիի մէջ յայտնուեցաւ տէրս՝ Տէր Գրիգորի տասնմէկերորդ ժառանգորդը։ Ան զիս փաթթեց սպիտակ պատեանի մէջ, առաւ իր թեւի տակ եւ շտապեց եկեղեցի։ Եկեղեցի մտեր էին նաեւ ահաբեկուած կիներ, մանուկներ եւ ծերեր։ Մնացի աւանդատան մէջ։ Ամբողջ գիշեր եւ լսեցի լաց, կոծ եւ աղօթք։ Յաջորդ օր տէրս վերադարձաւ։ Զինուորներ կային իր հետ։ Կը խօսէին պարսկերէն։ Դարձաւ ժողովուրդին եւ բացատրեց, թէ Շահ Աբբասի հրամանն է՝ պէտք էր տեղափոխուիլ։ Տէրս մտաւ աւանդատուն, զիս համբուրեց, նախ փաթթեց թաւշեայ ծածկոցով, ապա հացի եւ պանիրի հետ այծի մորթէ շինուած անջրանցիկ տիկի մը մէջ դրաւ եւ իր մէջքին կապուած պահեց։ Տասնեակ հազարաւոր գաղթականներուն յորդորեց, որ վստահին իմ զօրութեանս, գօտեպնդուին, քաջալերուած մնան, ու, ձեռք ձեռքի բռնած, քաջաբար անցնին Արաքսը։ Երբ արեւը կը հասնէր իր կատարին անոնք քալելով, իսկ ես ձիու վրայ ճամբայ ելանք դէպի Արաքս՝ Պարսկաստան մտնելու համար։
(Շարունակելի)



