Ռուսիոյ Դաշնութեան Տումայի միջազգային գործերով յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ Ալեքսէյ Չիպա, 25 Օգոստոսին յայտարարած է թէ Ռուսաստան ետ կը վերցնէ բոլոր «նուէր»ները ու արտօնութիւնները, եթէ Երեւանը շարունակէ գործել Արեւմուտքի ի նպաստ։
Այս յայտարարութեան ուշագրաւ բառերն են «նուէր» եւ «ետ վերցնել» եզրերը։
Չիպայի ելոյթը կը թելադրէ խորհրդակցիլ հիմնական համոզումներու էութեան եւ անոնց ետին, թէեւ ստուերի մէջ մնացած, բայց էական նշանակութիւն ունեցող մտայնութիւններու մասին։
Ռուսիոյ Կայսրութիւնը, իր կոչումին համապատասխան կերպով որդեգրած էր ծաւալապաշտ քաղաքականութիւն։
Կործանիչ պատերազմներով կայսրութեան սահմանները ընդլայնած էր կեդրոնական Ասիոյ անծայրածիր լեռնադաշտերէն մինչեւ Հարաւային Կովկասի երկիրներ։ Կրօնական ազդակի բերմամբ Եւրոպայի Արեւմտեան տարածքներու երկիրներն ալ կայսրութեան ազդեցութեան շրջանակը կը կազմէին։
Հոկտեմբերեան մեծ յեղափոխութենէ ետք Ռուսիոյ Կայսրութիւնը կործանեցաւ, ծնունդ տալով ԽՍՀՄ-ին։ Կայսրութեան նախկին գաղութները վերածուեցան հանրապետութեան։
Որքան ալ խօսոյթը երթայ հաւասար իրաւունքներու տէր հանրապետութիւններու միութեան, իբրեւ կայսրութեան ժառանգ, գերակշռութիւնը մնաց Ռուսիոյ։ Մոսկուան դարձաւ միութեան մայրաքաղաք, ռուբլին հասարակական դրամանիշ եւ ռուսերէնը հասարակական պետական լեզու։ Իւրաքանչիւր հանրապետութիւն, նոյնիսկ ինքնավար պետութիւններ ունէին իրենց պետական լեզուն, բայց հասարակական հաղորդակցութիւնը հիմնուած էր ռուսերէնի վրայ։
Յայտնի է, որ Ալեքսէյ Չիպայի ենթագիտակցութեան մէջ վերացած է Խորհրդային Միութեան հասկացողութիւնը եւ խնդիրները կը դիտէ կայսերական մտայնութեամբ։
Իր պահանջին շատ յարմար պատասխան մը եղած է վարչապետ Փաշինեանի, «Եթէ Ռուսիա կ՚ուզէ ետ վերցնել Կիւմրիի 102-րդ ռազմական խարիսխը, Հայաստան դէմ չէ» ելոյթը։
Այդ զօրամասի գոյութիւնը մինչեւ քանի մը տարի առաջ Հայաստանի անվտանգութեան երաշխիքը կը համարուէր։ Իսկ այսօր այդ զօրամասը դարձած է սպառնալիք ոչ թէ հայոց, այլ ռուս քաղաքական գործիչներու որդեգրած ռազմավարութեան պատճառաւ։
Չիպան իր ելոյթի շարունակութեան մէջ կը զգուշացնէ Հայաստանը, ըսելով թէ կարելի չէ նոյն պահուն երկու աթոռի վրայ նստիլ։
Ճիշդ է այդ հաստատումը նաեւ իր երկրի համար։ Կարելի չէ Հայաստանի տնտեսութիւնը վնասել եւ նաեւ պահել այդ երկրի ելեկտրական ցանցի երկաթուղիներու կամ ուժանիւթի մատակարարման նման ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ենթակառոյցը հսկել։
102-րդ զօրամասին նման նուէրները թող ետ վերցնէ, պայմանաւ որ մենք ալ չսխալինք գոյացած բացը ՆԱԹՕ-ի ռազմախարիսխով մը փակելով։


